Հոլանտ թէ Թուրքիա եւ թէ Հայաստան պիտի այցելէ 2014-ի առաջին ամիսներուն

ՄԱՐՄԱՐԱ

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ 2014-ի յունուարին պետական այցելութեամբ Թուրքիա պիտի ժամանէ։ Ասիկա քսան տարի վերջ Ֆրանսայի նախագահի մը կողմէ Թուրքիա տրուելիք առաջին պետական այցելութիւնն է։

«Հիւրրիյէթ», որ կը հաղորդէ վերի լուրը, կը նշէ, թէ Թուրքիա այցելութեան սեմին Ֆրանսուա Հոլանտ Էլիզէի պալատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող մարմնի վարիչներէն Մուրատ Փափազեանի, Ալէքսիս Կէօվճեանի ու Արա Թորանեանի հետ։ Հանդիպումը տեւեց մօտաւորապէս ժամ մը, եւ տեսակցութենէն ետք Փափազեան յայտարարութիւններ ըրաւ «Հիւրրիյէթ»-ի թղթակցին` յայտնելով, որ ինք 15 տարիէ ի վեր կը ճանչնայ Հոլանտը, որ բազմաթիւ անգամներ իր զօրակցութիւնը յայտնած է հայկական հարցի պաշտպանութեան։

«Իրեն հետ խօսեցանք 2015-ի հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ մեր աշխատանքներու մասին։ Քննարկեցինք այդ ծիրէն ներս Փարիզի մէջ Միջազգային յիշողութեան թանգարան մը բանալու հարցը։ Բացի ատկէ` խօսեցանք 2014-ի մայիսին Ֆրանսայի նախագահի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութիւն տրուելիք այցելութեան մասին»,- ըսաւ Փափազեան։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիա տրուելիք այցելութիւնը օրակարգի եկա՞ւ, Փափազեան ըսաւ որ հարկաւ թէ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը մեծ կարեւորութիւն ունի:

Ան նշեց, որ իրենց տեսանկիւնէն վիճելի որեւէ հարց չկայ այդ այցելութեան մէջ, քանի որ Ֆրանսուա Հոլանտ հայ հաւաքականութեան տուած բոլոր խոստումները կը կատարէ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ