Հաղորդագրութիւն

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը 17 դեկտեմբեր 2013-ի իր վճիռով հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը յանցագործութիւն չէ: Ըստ անոր` Լօզանի դատարանի 2007-ի վճիռը` Թուրքիոյ բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Տօղու Փերինչէքի դէմ, հարուած է ազատ խօսքի իրաւունքին: Փերինչէք իբրեւ ժխտողական դատապարտուած էր զուիցերիական դատարանին կողմէ:

Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը խստիւ կը դատապարտէ այս վճիռը, որ այնքան վտանգաւոր է եւ ուղղակի զօրակցութիւն է Եւրոպայի տարածքին Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ ղեկավարուող ժխտողականութեան հոսանքին եւ յաւելեալ ճամբայ կը բանայ անոր դիմաց: Անգամ մը եւս պահուըտելով ազատ խօսքի իրաւունքին ետեւ` օրինակ առնելով Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդի մօտեցումը, եւրոպական դատարանը իր տխրահռչակ այս որոշումով կ’ոտնահարէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ յաջորդական սերունդներուն արժանապատուութեան իրաւունքը:

Այսուհետեւ հայութիւնը, որուն այս իրաւունքը կը զլացուի, պիտի չկարենայ Եւրոպայի մէջ գտնել օրէնքով սահմանուած իր պաշտպանութիւնը: Առանց այս հիմնական իրաւունքին ոչ մէկը կրնայ ուրեմն հաստատել, թէ ի՛նչ կրնան ըլլալ հայութեան հետագայ քայլերը եւ միջոցները` իրաւական ինքնապաշտպանութեան փնտռտուքի այս հոլովոյթին մէջ: Իսկ միւս կողմէ` տխրահռչակ այս որոշումը անպայմանօրէն պիտի գօտեպնդէ եւ յաւելեալ ներուժ պիտի տայ թրքական ծայրայեղական շարժումներուն ու զուգահեռաբար պիտի հարուածէ Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ բարձրացող արդար ձայներուն:

Աւելի՛ն: Եւրոպական դատարանը յայտարարելով, որ «ցեղասպանութիւն եզրը միաձայնութիւն չի վայելեր», ուղղակիօրէն կը նոյնանայ Փերինչէքի ժխտողական այն յայտարարութեան հետ, ըստ որուն` «Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ մըն է»: Այս նոյնանման մօտեցումը անընդունելի է ու խստիւ դատապարտելի: Ու տակաւին նոյնքան դատապարտելի է եւրոպական դատարանի այն զգայացունց մօտեցումը, ըստ որուն` «պէտք է տարբերել այս հարցը հրեաներու Ողջակիզման դէմ ժխտողականութենէն»: Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ նման տարբերակում Եւրոպայի մարդկային իրաւանց բարձրագոյն դատարանին կողմէ:

Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը, Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակին հետ գործակցաբար, իր բոլոր կարողականութիւնը պիտի դնէ եւրոպական դատարանի անընդունելի այս որոշումին դէմ: Զուիցերիա երեք ամսուան ժամանակամիջոց ունի բողոքելու եւ վերատեսութեան պահանջ ներկայացնելու եւրոպական դատարանին: Այս առումով տեսակցութիւն պահանջուած է առաջին հերթին Փարիզի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանին հետ` ներկայացնելու համար մեր ակնկալութիւնները զուիցերիական իշխանութիւններէն: Համակարգուած այլ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ` Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով, ինչպէս նաեւ` պաշտօնական Երեւանի կողմէ` միացեալ ճակատ կազմելով այս արշաւին դէմ:

 18 դեկտեմբեր 2013Փարիզ  

ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակ

 ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ