ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄԱՐՄԱՐԱ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԶԲԱՂՈՂ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

Բարձրագոյն ուսման խորհուրդի կողմէ համալսարաններէ պահանջուած տեղեկութիւնները դրուեցան խորհրդարանի օրակարգին վրայ

Շաբաթ օրուան մեր թիւով գրած էինք արդէն, որ Թուրք պատմութեան խորհուրդը (Թիւրք թարիհ քուրումու), Բարձրագոյն ուսման խորհուրդի (ԵԷՕՔ) միջնորդութեամբ համալսարաններէն ուզած էր, որ իրեն տրամադրւի ցանկը այն ուսանողներուն, որոնք Հայկական հարցով կը զբաղին կամ այս հարցի մասին թէզ կը պատրաստեն։ Այսպիսի տեղեկութիւններու ցանկագրութեան մը պահանջուած ըլլալը հարցեր կը ստեղծէր, հարց կը տրուէր, որ պետութիւնը քաղաքական նպատակներո՞վ է, որ կ՚ուզէ արձանագրութիւն բռնել Հայկական հարցով զբաղող ուսանողներու մասին։ Համալսարաններու նախկին վերատեսուչներ կը յայտնէին, որ հարցի մը քննութեամբ զբաղող կամ թէզ պատրաստող ուսանողներու ցանկեր կը հրատարակուին համալսարաններու կողմէ, որպէսզի անոնք օգնեն իրարու կամ չխաչաձեւեն իրարու, բայց ատիկա տարբեր գոյն կը ստանայ, եթէ պահանջուի պետութեան կողմէ։

Արդ երէկ «Թարաֆ» կը տեղեկացնէր, որ այս հարցը դրուեցաւ Ազգային խորհրդարանի օրակարգին վրայ։ Ճէ-Հէ-Փէի փոխկուսակցապետներէն Սէզկին Թանրըքուլու հարցագիր մը յղեց վարչապետ Էրտողանին եւ ուղղեց հետեւեալ հարցումները.

-Ասիկա Թուրք պատմութեան խորհո՞ւրդն է, որ ուզած է, թէ Բարձրագոյն ուսման խորհուրդը։

-Մինչ կը մօտենայ 1915-ի հարիւրամեակը, ուսանողներու վրայ ճնշում կը գոծադրուի՞, որպէսզի անոնք զօրացնեն պետութեան պաշտօնական տեսակէտները։

-Համալսարանները այս նիւթով զբաղող քանի՞ ուսանողներու մասին տեղեկութիւն բաժնած են իրարու միջեւ։

-Այս տեղեկութիւնները ի՞նչ նպատակով պահանջուած են։

-Բարձրագոյն ուսման խորհուրդը ասկէ առաջ ուրիշ նիւթերով զբաղող ուսանողներու մասին ալ նմանօրինակ տեղեկութիւններ պահանջա՞ծ է։

Միւս կողմէ` Բարձրագոյն ուսման խորհուրդի նախագահ փրօֆ. Կէօքհան Չէթինսայա իր կարգին պնդեց, որ ուսանողներու մասին այսպիսի տեղեկութիւններ ուզելու նպատակն է ապահովել, որ նոյն նիւթերու մասին գիտական աշխատանք տանողները իրարմէ լուր ունենան։ Ասոնք գաղտնի տեղեկութիւններ չեն։ Էնսթիթիւներն ու համալսարանները պարբերաբար տեղեկութիւններ կը հրատարակեն պատրաստութեան փուլի մէջ գտնուող թէզերու մասին։

(ՄԱՐՄԱՐԱ)- Մենք ալ մեր կողմէ աւելցնենք, որ տեսակէտէ մը նայելով `անշուշտ շատ բնական է, որ գիտական շրջանակները իրարմէ լուր ունենան, որպէսզի օգնեն իրարու կամ որպէսզի երկու կամ երեք տարբեր ուսումնասիրողներ պարապ տեղ նոյն նիւթի շուրջ տուեալներ չփնտռեն։ Ասիկա, որոշ տեսանկիւնէ մը եթէ նայուի, բնական կրնայ նկատուիլ գիտական ամէն նիւթի պարագային։ Բայց կ՚երեւի, թէ հարցը կը փոխուի, երբ կարգը կուգայ հայկական նիւթերու, մանաւանդ 1915-ի ուսումնասիրութեան։ Այս նիւթը կարծես յանկարծ դուրս կուգայ գիտութեան սահմաններէն ու կը մտնէ քաղաքականութեան սահմաններէն ներս։ Ասոր համար է, որ բնաւ պէտք չէ զարմանալ, որ Բարձրագոյն ուսման խորհուրդը կամ Պատմութեան խորհուրդը առած են նմանօրինակ քայլ մը։

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԽՕՍԵՑԱՒ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

«Քիւրտիստան» անուան գործածութիւնը, որ մինչեւ վերջերս Թուրքիոյ մէջ թապու մըն էր, որուն մասին ակնարկութիւն իսկ կարելի չէր ընել, հիմա դարձած է շատ խօսուած նիւթ մը, որքան ալ ան շարունակէ մնալ որպէս թապու բառ։ Պետութեան ղեկավարներուն բերնէն մինչեւ այսօր բնաւ չէր արտասանուած այս անունը, մինչեւ որ վարչապետ Էրտողան այս անունը առաջին անգամ ըլլալով գործածեց Տիյարպաքըրի մէջ։ Բայց այս անունը գործածեց անշուշտ Հիւսիսային Իրաքի մէջ հիմնուած ինքնավար քրտական կառավարութեան աշխարհագրութեան մասին, ոչ թէ Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մասին։

Երէկ մամուլը կը հաղորդէր, թէ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ (այսինքն Քիւրտիստան կոչուած աշխարհագրութեան մէջ) գործող «Րուտավ» քրտական հեռատեսիլի կայանին դէմ, որ օդերեւութաբանական տուեալներու հաղորդումներու ընթացքին Թուրքիոյ եօթը նահանգներն ալ ցոյց կուտայ Քիւրտիստանի սահմաններուն մէջ։

Պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ ըսաւ, որ ասիկա լուրջ արարք մը չէ։ Ան ըսաւ, որ ամէն մարդ իր ուզած ձեւով կրնայ խօսիլ, բայց իր խօսածին ետին պէտք է կարենայ կանգնիլ։ Ասկէ առաջ ալ Հաթայը ցոյց տուին Սուրիոյ սահմաններուն մէջ, Իսթանպուլը ցոյց տուին որպէս տարբեր անունով քաղաք, բայց կրնա՞ն այս պնդումին ետին կանգնիլ մինչեւ վերջ։

Նախարարը ըսաւ, որ Թուրքիա ուրիշին հողին վրայ աչք չունի ու այդ պատճառաւ ալ կը պաշտպանէ երկրին մէջ ու աշխարհի վրայ խաղաղութեան գաղափարը։ Այս պատճառաւ ալ Թուրքիա կը սպասէ, որ դրացիները բարեկամական ու եղբայրական կեցուածք ունենան։

ՄԷ ՀԷ ՓԷ-ՑԻ ՕՔԹԱՅ ՎՈՒՐԱԼ ՔՆՆԱԴԱՏԵՑ ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

ԱԳէՓէ կուսակցութիւնը կը պատրաստուի ճանչնալ «Հայոց ցեղասպանութիւնը», ըսաւ Վուրալ

Ինչպէս գրած ենք մեր միւս սիւնակներուն մէջ, արտաքին նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ Խորհրդարանին մէջ եւ բացատրութիւններ տուաւ Հայաստան կատարած այցելութեան մասին։ Այս ելոյթին փոխադարձելով` Մէ Հէ Փէ կուսակցութեան երեսփոխան Օքթայ Վուրալ ծանր քննադատութիւններ ուղղեց արտաքին նախարարին ու յայտարարեց թէ Ա Գէ Փէ կուսակցութիւնը կը նախապատրաստուի ճանչնալ «Հայոց ցեղասպանութիւնը»։ «Թուրքիա այլեւս թողած է պաշտպանութիւնը եւ ցեղասպանութեան պնդումներուն յանձնուելու համար պատճառ մը կը փնտռէ։ Ա Գէ Փէ-ցիներ, «արդար յիշողութիւն» տեսութեան ապաւինելով, կը փորձեն խեղաթիւրել Թուրքիոյ պատմութիւնը։ Մեր առջեւ ունինք կուսակցութիւն մը, որ փոխանակ տեղահանութեան պատճառները պաշտպանելու, կը պատրաստուի ճանչնալու ցեղասպանութիւնը։ Ա Գէ Փէ աշխատանքներ կը տանի 200 հազար հայեր Անատոլու բերելու եւ անոնց հողեր յանձնելու ուղղութեամբ»,- յայտարարեց Օքթայ Վուրալ։

Վուրալ, Տավուտօղլուի ուղղեալ իր քննադատութիւնները շարունակելով, դիտել տուաւ, որ ան պետական պաշտօնեայ է, որուն կը վիճակի պաշտպանել Թուրքիոյ ազգային շահերը։ Բայց ան Երեւանի մէջ յայտարարեց, թէ 1915-ին անմարդկային գործադրութիւններ կատարուեցան, փոխանակ հոն պատմելու, թէ թուրք հաւաքականութիւնը ի՞նչ կը խորհի այդ դէպքերու մասին, կը ձեւացնէ թէ յանցանք մը գործուած է, ու թուրք ժողովուրդի անցեալը ծախու կը հանէ։ «Տեղահանութիւնը երբեք էթնիք նպատակներով չկատարուեցաւ։ Տեղահանութիւնը միայն ու միայն անվտանգութեան համար առնուած որոշում մըն էր։ Բայց Ա Գէ Փէ սկսած է օրինականացնել այն տեսակէտը, թէ 1915-ի դէպքերը անմարդկային գործադրութիւններ էին»,- եզրակացուց Մէ Հէ Փէ -ցի երեսփոխանը։

ԱՀՄԷՏ ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ Խորհրդարանի մէջ ու երեսփոխաներուն բացատրութիւններ տուաւ Արտաքին նախարարութեան յառաջիկայ ռազմավարութեան, Հայաստան այցելութեան եւ կարեւոր այլ նիւթերու մասին։

Տրուած ըլլալով, որ Մէ Հէ Փէ-ցիներ խիստ քննադատութիւններ ուղղած էին Տավուտօղլուի Հայաստան այցելութեան դէմ, արտաքին նախարարը մանրամասնօրէն խօսեցաւ այս նիւթի մասին։

Անդրադառնալով Մէ Հէ Փէ-ի փոխկուսակցապետ Թուղրուլ Թիւրքէշի այն խօսքերուն, թէ «Դուք Երեւանի մէջ նոյնիսկ պանդոկի մայր դռնէն ներս չկրցաք մտնել, ստիպուեցաք ետնամուտքէն մուտք գործել», Ահմէտ Տավուտօղլու յիշեցուց Թիւրքէշի հետ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հանդիպումը ու ըսաւ.

«Այն տարիներուն, երբ մեր ազերի սրտակից եղբայրները կը պատերազմէին Ղարապաղի համար, ձեր հայրը Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի այդ օրերու Նախագահին հետ։ Եթէ ատիկա յանցանք մը չէ,- որ չէ,- ուրեմն իմ Հայաստան այցելութիւնն ալ յանցանք պէտք չէ ըլլայ»։ Տավուտօղլու նշեց, որ ինք գիտութեան մարդ է եւ որպէս գիտնական կը հաւատայ, որ միայն արդար յիշողութեան վրայ կարելի է կառուցանել պատմութիւնը։ Փակ դռներու ետին, մէկզմէկու քարոզչութիւն ընելով, անկարելի է լուծել պատմական հարցերը։ Անկարելի է նաեւ ամէն տեղ շարունակել անցեալէն յամեցող միեւնոյն յանկերգը, դիտել տուաւ Նախարար Տավուտօղլու։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ