ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ Հայաստան այցելած «Ակօս» թերթի խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշը ներկայացուցած է նախարարին այցելութիւնն ու օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անոր փոխանցած «պատգամները»։
«Թերթ»ը ներկայացուցած է Քոփթաշի գրութիւնը՝ առանց կրճատումներու։
«Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի` Երեւան կատարած միօրեայ այցելութիւնը Կովկասի մէջ վերջին ամիսներուն աշխուժանալ փորձող քաղաքականութեան կարեւոր հանգրուանն էր: Մինչ Թուրքիան Կովկասի մէջ նոր լուծումներ առաջարկելու «պատգամներ» կը յղէ, Հայաստանը չափազանց զգուշաւոր կեցուածք որդեգրած է: Տաւութօղլուին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ ունեցած հանդիպումը 2009ին Հայ–թրքական արձանագրութիւններու ստորագրութենէն ի վեր առաջինն էր:
Մայրաքաղաք Երեւանը երէկ (12 Դեկտեմբերին) Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութան 29րդ նիստը կը հիւրընկալէր: 2013ի յունիս-դեկտեմբեր ամիսներուն Հայաստանը կը նախագահէր կառոյցը:
Բացի օրակարգային հանդիպումէն, որեւէ այլ նշանակութիւն չունեցող այս ժողովին միակ ուշագրաւ զարգացումը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումն էր:
«Սառած» խնդիրներու վերաբերեալ զրոյց.
Երեւան ուղեւորութեան ճամբուն վրայ Տաւութօղլուն լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հետաքրքրական «պատգամներ» յղեց: Ան նշեց, որ իրենց նպատակը ո՛չ թէ Հայաստանի հետ սահմանի բացումն է, այլ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան տեսլականի իրականացումը:
Այցելութենէն առաջ կարգ մը թրքական լրատուամիջոցներ լուր տարածած էին այն մասին, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Հայաստանին պիտի առաջարկէ դուրս ելլել Լեռնային Ղարաբաղի յարակից երկու շրջաններէ. Տաւութօղլուն հերքեց եւ ըսաւ, որ իրենց ձեռքը պատրաստ բանաձեւ չկայ, իրենք կը փորձեն տարածաշրջանի «սառած» խնդիրները դարձեալ բանակցութիւններու առարկայ դարձնել:
Ինչպէս յայտնի է՝ 2013ին թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Ատրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ տեղի ունեցան, եւ թէեւ անոնք առողջ ժողովրդավարական պայմաններու մէջ չկայացան, բայց եւ այնպէս թէ՛ Սերժ Սարգսեան, թէ՛ Իլհամ Ալիեւ վերընտրուեցան:
Ըստ երեւոյթին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը սպասէր հոկտեմբերին Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններու աւարտին, որմէ ետք դիւանագիտական ճամբով թէ՛ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու, եւ թէ 2009ի արձանագրութիւններու ժամանակահատուածին համար յաջող միջնորդութիւն կատարած Զուիցերիոյ հետ հանդիպելով՝ նոր հանգրուանի համար հիմքեր ստեղծելու աշխատանքներու սկսած է:
Երկու տարածաշրջանի խնդիր.
Այս միջավայրին մէջ նախ Ալիեւ-Սարգսեան հանդիպումը, ապա Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը ցոյց տուին, որ Ղարաբաղեան հարցին գծով զարգացումը մօտ է:
Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն ալ, որպէս այդ միջավայրի «ճարտարապետներէն մէկը», ՍԾՏՀԿ ժողովը իր հայ պաշտօնակից Նալբանդեանի հետ հանդիպելու կարելիութեան վերածելով՝ ցոյց տուաւ, որ Թուրքիան կ՛ուզէ տարածաշրջանային քաղաքականութեան մէջ նախաձեռնող ըլլալ:
Ուշագրաւ է, որ ՍԾՏՀԿ նիստին, որ արտաքին գործոց նախարարներու հաւաք էր, այդ մակարդակով միայն Թուրքիան եւ Պուլկարիան կը մասնակցէին: Ասիկա եւս տուեալն մըն է այն մասին, որ Տաւութօղլուն Երեւան կատարած այցելութեամբ կ՛ուզէր պատգամ յղել: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ ընդգծելով այդ այցելութեան կարեւորութիւնը տարածաշրջանին համար: Այցելութեան ընթացքին՝ որպէս Թուրքիա բնակող լրագրող, իմ հայաստանցի պաշտօնակիցներս ինծի ամէնէն աւելի կը հարցնէին, թէ Տաւութօղլուն Նալբանդեանին առաջարկ ներկայացուցա՞ծ է երկու շրջաններէ քաշուելու, կամ ինչո՞ւ այս այցելութիւնը հիմա տեղի կ՛ունենար։
Նկատի ունենալով, որ Տաւութօղլուն երկու շրջաններէ քաշուելու մասին խօսակցութիւնները անձամբ հերքած է, դժուար է գիտնալ, թէ ի վերջոյ իրականութեան մէջ ինչ առաջարկուած է։ Սակայն գաղնիք չէ, որ Թուրքիան ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջաններէն փոքր հողաշերտ մը իսկ վերադարձուի: Հայաստան այդ հարցին մէջ կը դիմադրէ: Ի վերջոյ, Ղարաբաղի հարցին մէջ փոքր փոխզիջման պատճառով իսկ տապալած իշխանութիւնը հեռաւոր անցեալին չի պատկանիր»։
Leave a Reply