Թուրքիոյ պատմութեան կաճառը Բարձրագոյն ուսման խորհուրդին միջոցաւ գրութիւն ուղղած է համալսարաններուն՝ գիտնալու համար Հայկական խնդիրին մասին աշխատող մագիստրոսի եւ դոկտորականի աշակերտներուն անունները ու անոնց աշխատած նիւթերուն խորագիրները: Թէեւ Թուրքիոյ պատմութեան կաճառի նախագահ փրոֆ. Մեհմետ Մեթին Հիւլակու հերքեց այս լրատուութիւնը, նոյն կաճառի իրաւասուներէն այլ պաշտօնակատար մը ըսաւ, թէ «Հայկական խնդիրը ուսումնասիրող աշակերտներու տուեալները պահանջեց պարոն նախագահը, բայց չենք գիտեր, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս պիտի օգտագործէ զանոնք»:
Նաեւ, յայտնի դարձաւ, թէ Թուրքիոյ պատմութեան կաճառը այս մասին համալսարաններուն դիմած է 27 հոկտեմբեր 2013 թուակիր եւ 91157493-730.10-3119 թուագրուած գրութեամբ:
Յիշեցնենք, թէ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ Նոյեմբեր ամսուն յայտնած էր, թէ «Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ շատ լուրջ աշխատութիւն կը տարուի, համայն աշխարհին ուղղեալ յատուկ ծրագիրներ կը մշակուին: Վարչապետարանին մէջ միայն այս նիւթով զբաղող միաւորում մը կազմուած է»: Չի բացառուիր նաեւ, որ Թուրքիոյ պատմութեան կաճառն ալ իր կարգին նմանաբնոյթ գաղտնի աշխատութիւններ տանի:
Պատմութեան կաճառի պատասխանատուն, հաստատելով աշակերտներու տուեալներուն պահանջուած ըլլալուն մասին պնդումը՝ յայտնեց, թէ Բարձրագոյն ուսման խորհուրդը արժանի կերպով չէ փոխադարձած իրենց պահանջին: «Կրնայ ըլլալ, որ այս հետաքրքրութիւնը առնչուած ըլլայ կրթաթոշակներու խնդիրին: Հայկական նիւթին շուրջ կատարուած աշխատութիւնները մէկտեղելու ցանկութիւն մըն ալ կրնայ ըլլալ», ըսաւ պատասխանատուն:
«Ակօս»ի թղթակիցի «Կրթաթոշակները ի՞նչ չափանիշներով կը տրուին, օրինակի համար՝ 1915ի պատահարները ցեղասպանութիւն համարող աշակերտներն ալ կրթաթոշակ կը ստանա՞ն» հարցումին՝ պաշտօնակատարը պատասխանեց հետեւեալ խօսքերով. «Մենք, որպէս կաճառ, պաշտօնապէս չենք ճանչնար Ցեղասպանութիւնը, այդ պատճառով ալ կրնանք կրթաթոշակ չտալ: Իրենք կը դիմեն, բայց դրական պատասխան կրնան չառնել»: Նոյն պաշտօնեան, «2015ի նախապատրաստման փուլին, Պատմութեան կաճառին պատրաստած մատենաշարին մէջ աշակերտական ներդրում ալ պիտի ըլլայէ՞» հարցումին ի պատասխան ըսաւ, որ այդ մատենաշարը յանձնախումբ մը ունի: Ի պահանջեալ հարկին, ուսանողներու աշխատութիւններէն ալ կրնան օգտուիլ:
Պատմութեան կաճառի նախագահ Մեհմետ Մեթին Հիւլակու, իր պաշտօնեային տուած լուսաբանութեան դիմաց, յամառեցաւ հերքել այս պնդումը ու աւելցուց. «Ըսենք, որ ուզեր ենք՝ ի՞նչ կը նշանակէ: Եթէ այս տեսակ տեղեկութիւն մը կը պահանջեմ, ա՛յդ ալ օրինական է: Գաղտնի նպատակ մը չունիմ: Աշակերտները գրանցելու նպատակ երբե՛ք չունիմ: Մենք 400 տարբեր նիւթերու շուրջ ուսումնասիրութիւններ կ՛ընենք եւ Հայկական խնդիրն ալ անոնցմէ միայն մէկն է: 2015ին պատրաստուելու ուղղուած նպատակ մը չունինք: Ամէն տարի կարեւոր է: 2015ը կրնայ ուրիշ տարիներէ աւելի գեղեցիկ տարի մը ըլլալ: Իմաստ մը չունի 2015ը կու գայ ըսելով՝ ցատքել-ցատկռտելը. 2020ն ալ կու գայ: Իսկ երբ 2015 կ՛ըսուի, ես Տարտանելը կը յիշեմ, մեր նահատակները կը յիշեմ»:
Leave a Reply