Պիւլէնտ Արընչի յայտարարութիւնը խորհրդարանի նիստի ընթացքին

ՄԱՐՄԱՐԱ

«1915-ին ցաւալի դէպքեր պատահեցան, բայց խնդրեմ անոնց ցեղասպանութիւն մը ըսէք»

Խորհրդարանի պիւտճէի վիճաբանութիւններու նիստի ընթացքին իր ունեցած ելոյթով 1915-ի մասին դարձեալ ուշագրաւ արտայայտութիւն մը ունեցաւ փոխարչապետ Պիւլէնտ Արընչ։ Արընչ մեղադրեց այն անձերը, որոնք 1915-ի պատահարներուն համար Ցեղասպանութիւն բառը կը գործածեն։ «Շատ ցաւալի դէպքեր պատահեցան այդ շրջանին, բայց խնդրեմ ատոր համար ցեղասպանութիւն բառը մի գործածէք, ասիկա պատմական ճշմարտութեան չի համապատասխաներ»,- ըսաւ Արընչ։

Արընչ ըսաւ, որ ներողութիւն խնդրելը առաքինութիւն է, եւ այդ ներողութիւնը խնդրուեցաւ արդէն։ Բայց ոչ մէկը պէտք ունի ծունկի գալու ու ներողութիւն խնդրելու։ Կը խորհիմ, որ ներողութիւն կը խնդրուի ու մաղթանք կը կատարուի, որպէսզի անգամ մըն ալ այսպիսի սխալ մը չգործուի, ասիկա մեր բոլորին պարտականութիւնն է, բայց կը մտածեմ նաեւ, որ սխալ է այսպիսի ցաւալի նիւթ մը հիմա քաղաքականութեան համար իբր նախանիւթ գործածել»,- ըսաւ Արընչ։

Արընչ ըսաւ, որ վերջին 11 տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ մէջ շատ բան փոխուեցաւ, ու հիմա կը խօսուի այնպիսի նիւթերու մասին, որոնց մասին բնաւ չէր խօսուեր նախապէս։ Արընչ աւելցուց, որ ճշմարտութիւնները երբեք պէտք չէ թաքնուին։ Ինք միջոց մը հարցուցեր է, թէ Անկախութեան դատարաններու կողմէ ատենօք առնուած որոշումներու արխիւը ինչո՞ւ տակաւին չէ բացուած, իրեն պատասխաներ են, որ դասաւորումը վերջանալու վրայ է, անկէ վերջ պիտի բացուի։ «Յուսամ, որ յառաջիկայ նստաշրջանին այդ գործը վերջացած կ՚ըլլայ»,- ըսաւ Արընչ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ