ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒԻ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԷՏԻԱՅԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ վաղը կը գումարուի Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Նախարարաց Խորհուրդի նիստը եւ այս նպատակով միօրեայ այցելութեամբ Հայաստան կ՚երթայ նաեւ Թուրքիոյ Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու։
Հայաստանեան լրատու աղբիւրներ կը նշեն որ թուրք Նախարարի մասնակցութիւնը ստուեր թողած է ժողովի բուն նշանակութեան վրայ եւ լրատուամիջոցներու եւ հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է առկախեալ հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ հաւանական զարգացումներու վրայ։
Բնականաբար, թրքական, ատրպէյճանական եւ հայկական շրջանակներ այցելութեան նախօրեակին իրարմէ տարբեր կարծիքներ կը յայտնեն ու կանխատեսութիւններ կ՚ընեն։
Թրքական լրատուամիջոցներ ու փորձագէտներ աշխատանքային այցելութիւնը կը բարձրացնեն պաշտօնական մակարդակի, դիտել տալով որ Տավուտօղլու Երեւան կ՚երթայ ո_չ միայն Նախարարներու ժողովին մասնակցելու համար, այլ նաեւ ան ստանձնած է յատուկ առաքելութիւն մը. նախատեսուած է որ Տավուտօղլու ընդունուի Հայաստանի Նախագահի կողմէ եւ անոր փոխանցէ Ապտուլլահ Կիւլի ուղերձը։ Մամուլը արդէն գրած է որ Տավուտօղլու երկկողմանի անջատ հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ իր հայ պաշտօնակից՝ Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Չորս տարուայ դադարէն ետք ասիկա պիտի ըլլայ հայ եւ թուրք դիւանագէտներու միջեւ առաջին հանդիպումը։
Գալով հայկական կողմին, հայ վերլուծաբաններ եւ քաղաքական հանրութիւնը կը պնդէ որ Ահմէտ Տավուտօղլուի այցելութիւնը քաղաքական շով մըն է. քանի մը օր առաջ Տավուտօղլուի յայտարարութիւնը այն մասին թէ Հայաստանը մեկուսացումէն դուրս ելլելու համար պէտք է յարգէ Ատրպէյճանի տարածքաշրջանային ամբողջականութիւնը։ Փոխադարձելով, Հայաստանի Արտաքին Փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յանձնարարեց որ փոխանակ Տավուտօղլու այսպիսի յայտարարութիւններ ընելու, այցելէ Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցանէ 1915ի զոհերու յիշատակին։ Հայաստանցի քաղաքական մեկնաբաններ կը նշեն որ Տավուտօղլու անկեղծ չէ իր արտայայտութիւններու մէջ, անոնք դիտել կուտան թէ այսպիսի քայլեր ցոյց կուտան որ Անգարա կը փորձէ մերձեցման քաղաքականութիւն մը վարել հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին։ Կը պնդուի որ մինչ Ատրպէյճան ՍԾՏՀի ժողովին պիտի մասնակցի Արտաքին Նախարարութեան բաժնի պետի մակարդակով, Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Նախարար Տավուտօղլու եւ ըստ հայկական կողմին, նպատակն է “աշխարհին ցոյց տալ Թուրքիոյ բարի կամքի դրսեւորումն ու յարաբերութիւնները իբր թէ առանց նախապայմաններու բնականոնացնելու ձգտումը”։
ԵՐԵՒԱՆԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԱՄԲՈՂՋԱՑԱՒ ՔԱՐՏԷՍԱԳՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ՆԻՒԹԵՐՈՎ
Հայաստանի “Արմէնփրէս” լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հաւաքածոն ամբողջացած է քարտէսագրական նոր նիւթերով, որոնք հրապարակ հանուած են 1920ականներու առաջին կիսուն։ Ամերիկեան, գերմանական, բրիտանական քարտէսագրական այս նիւթերը “Արմէնփրէս”ի լրատուութեան համաձայն, մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն, քանի որ անոնց մէջ առկայ են նաեւ Թուրքիոյ սահմանները։ Ըստ քարտէսներուն, Թուրքիոյ արեւելեան սահմանը կ՚անցնի այն սահմանագիծէն, որ հաստատուած էր Ամերիկայի 28րդ նախագահ Վուտրօ Վիլսոնի (1858-1924) իրաւարար վճիռով։
“Արմէնփրէս” կը հաղորդէ որ այս քարտէսները ցոյց կուտան թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն յետոյ Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանագիծ կը նկատուէր 1920ի Նոյեմբերին Ամերիկայի Նախագահի կողմէ հաստատուած սահմանագիծը, որ միջազգային որեւէ համաձայնագրով փոփոխութեան չէ ենթարկուած կամ չէ ջնջուած։
ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՇՏՊԱՆ ԿԱՆԳՆԵՑԱՒ “ԹԱՐԱՖ” ԹԵՐԹԻ ԵՒ ԼՐԱԳՐՈՂ ՄԷՀՄԷՏ ՊԱՐԱՆՍՈՒԻ
Ինչպէս կը հաղորդուի, քանի մը օրէ ի վեր պետական շրջանակներ դատական հետապնդում պահանջեցին “Թարաֆ” թերթի, ինչպէս նաեւ այդ թերթի աշխատակից Մէհմէտ Պարանսուի դէմ։ Պատճառն այն է որ “Թարաֆ” թերթը օրեր շարունակ մերկացումներ ըրաւ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի համայնքին դէմ Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդի կողմէ ընդունուած որոշման առընչութեամբ։ Որքան որ ալ իշխանութիւնները պնդեցին թէ այդ հրապարակումները ապօրէն են եւ թէ արդէն Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդի կողմէ ընդունուած որոշումը չէր գործադրուած, “Թարաֆ” հանգամանօրէն կեցաւ այս նիւթին վրայ եւ մերկացումներ ըրաւ կառավարական շրջանակները նեղ կացութեան մատնելով։ Իշխանութիւնները դատական հետապնդում պահանջեցին, սակայն “Թարաֆ” թերթն ալ իր կարգին առարկեց այդ նախաձեռնութեան դէմ եւ ան ալ դատական հետապնդում պահանջեց Վարչապետ Էրտողանի եւ կառավարութեան դէմ։
Մինչ յայտնի չէ թէ Թուրքիոյ մէջ ի՞նչ ընթացք պիտի առնեն այս դատերը, Պրիւքսէլի մէջ Եւրոմիութիւնն ալ միջամտեց եւ պաշտպանեց “Թարաֆ” թերթը, պնդելով որ կառավարութիւնը իրաւունք չունի միջամտելու այսպիսի խնդրի մը որ ուղղակի կապ ունի մամլոյ ազատութեան հետ։ Ճիհան գործակալութիւնը Պրիւքսէլէն կը հաղորդէ որ Եւրոմիութիւնը յառաջ քշած է Մարդու Իրաւունքներու Համաձայնագիրը, որուն 10րդ յօդուածին համաձայն, մամուլը իրաւունք ունի հանրութիւնը հետաքրքրող հարցերու շուրջ հրապարակումներ ընելու։ Եթէ մամլոյ հրատարակութիւններուն մէջ կան կէտեր, որոնք վնաս կը պատճառեն երկրի մը ազգային ապահովութեան, այդ պարագային արգելք մը կրնայ դրուիլ միայն դատարանին կողմէ, այլ ո_չ թէ կառավարական շրջանակներու։
Տասներորդ յօդուածը կը պնդէ թէ ամէն մարդ կարծիքի արտայայտութեան ազատութիւն ունի եւ մամուլն ալ պարտականութիւնը ունի հրապարակումներ ընելու առանց մնալու իշխանութիւններու միջամտութեան ազդեցութեան տակ։ Թուրքիա, որ հիմնադիրն է Եւրոխորհուրդի, պէտք է նկատի առնէ այս խորհուրդի կողմէ ընդունուած մամլոյ չափանիշները։
Նմանօրինակ արտայայտութիւն մը ունեցած է Եւրոմիութեան Յանձնախումբի ընդլայնումէ եւ Եւրոպայի Դրացնութիւններու Քաղաքականութենէ պատասխանատու Նախարար Շթէֆան Ֆիւլէի մամլոյ բանբերը՝ Փէթէր Սթանօ, որ կը յիշեցնէ թէ Եւրոմիութեան կողմէ անցեալ ամիս հրատարակուած տեղեկագրին մէջ Թուրքիա ամբաստանուած է մամլոյ ազատութեան միջամտելու մեղադրանքով։ Եւրոմիութիւնը մօտէն հետեւած է Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան բռնաբարումներուն, այն օրէն սկսեալ երբ ձերբակալուեցան լրագրողներ Ահմէտ Շըք եւ Նէտիմ Շէնէր։ Անցեալ Հոկտեմբերին հրատարակուած այդ տեղեկագրի համաձայն, մամլոյ ազատութեան մարզէն ներս Թուրքիա շատ ցած նիշ մը ստացած է։ Հոն կ՚ըսուի որ պետական պաշտօնեաներու կողմէ մամլոյ վրայ գործադրուած ճնշումը ճամբայ բացած է, որպէսզի մամուլը ստիպուի ինքզինք գրաքննութեան ենթարկել։ Քանի մը քննադատող լրագրողներ կը վռնտուէին իրենց պաշտօնէն, արգելքներ կը դրուէին ինթէրնէթի լրատու կայաններու վրայ, գործնապէս ճնշումներ կը գործադրուէին մամլոյ վրայ։ Այժմ Եւրոմիութիւնը սխալ կը նկատէ Թուրքիոյ կառավարութեան վերջին միջամտութիւնը եւ կը կանգնի “Թարաֆ” թերթի եւ լրագրող Մէհմէտ Պարանսուի կողքին։
ՆՈՐ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԵՐ՝ ՀԱՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆՈՒԵԼՈՒ ՄՐՑԱՆԻՇԻ ՄԱՍԻՆ
Երէկ հաղորդած էինք որ Թիֆլիսի մէջ թուրք եւ հայ երկու արուեստագէտներ, Տէնիզ Պարըշ եւ Յովհաննէս Հաճընեան Թիֆլիսի մէջ 43 ժամ շարունակ իրարու ձեռքը սեղմելով պատգամ մը արձակեցին ամբողջ աշխարհի թէ, քաղաքական ինչ արգելքներ ալ ըլլան, թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները պէտք չէ ազդուին այդ քաղաքական ազդակներէն։
Նոր մանրամասնութիւններ հաղորդուեցաւ այս մրցանիշին մասին։ Ձեռնուելու մրցանիշը կոտրուեցաւ Թիֆլիսի Ռայք Փառք կոչուած Խաղաղութեան Կամուրջին վրայ։ Մերսինցի դերասան Տէնիզ Պարըշ եւ Երեւանի մնջկատակի թատրոն դերասան Յովհաննէս Հաճընեան 43 ժամ շարունակ իրարու ձեռքը սեղմեցին եւ միաժամանակ ակնարկութիւն մը ըրին Կարսի մէջ Վարչապետ Թայյիպ Էրտողանի հրահանգով փլցուած յուշարձանին։ Թուրք եւ Հայ բարեկամութեան որպէս խորհրդանշան կառուցուած այդ կամուրջը Վարչապետ Էրտողանին կողմէ “արտառոց” նկատուած էր եւ այդ պատճառաւ ալ արձանը մէջտեղէն վերցուած էր։ Այդ արձանը ցոյց կուտար ձեռնուող երկու մարդ, ինչ որ իր մասնաւոր նշանակութիւնն ունէր Կարսի սահմանային քաղաքի մը համար։
Մրցանիշ կոտրելու փորձէն առաջ դերասան Տէնիզ Պարըշ յայտարարութիւն մը ըրած էր մամուլին, ան ըսած էր որ իրենց նպատակն է թէ_ մրցանիշ կոտրել եւ թէ հանրային ուշադրութիւն հրաւիրել Կարսի մէջ փլցուած Մարդկութեան Յուշարձանին վրայ։ “Թերեւս տակաւին կրնանք յուսալ որ երկու երկիրները զիրար հասկնան եւ հաշտութեան համար բարեկամութիւն հաստատեն։ Ես եւ ընկերս պիտի ընենք այս գործը, հոս 43 ժամ պիտի կենանք։ Ցուրտ ըլլայ, գիշեր ըլլայ, կարեւոր չէ, մենք պիտի յաջողցնենք, եթէ Աստուած կամենայ”։ Այս ձեռնարկին կազմակերպիչներէն մէկն ալ Միքայէլ Էլակինն է, որ ձեռնարկէն առաջ նմանապէս յայտարարութիւն մը ըրաւ եւ ըսաւ որ անպայման պիտի կոտրեն նախկին մրցանիշը։ “2006 թուականին Կարսի մէջ կառուցուեցաւ յուշարձան մը, որու վրայ երկու հոգի իրարու ձեռքը կը սեղմէին։ Յուշարձանին նպատակն էր հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւնը երեւան հանել։ Հոս դրական պատգամ մը կար։ Բայց դժբախտաբար այս յուշարձանը քաղաքական որոշումով փլցուեցաւ հիմա մեր նպատակն է վերստին ձեռնուիլ։ Կարսի մէջ այս գործը կիսատ մնաց, բայց մեզմով պիտի շարունակուի”։
Էլակին աւելցուց որ իրենց նպատակը չէ անցեալը մոռնալ կամ ներողամտութիւն ցոյց տալ։ Պարզապէս իրենք քաղաքական նպատակ մը չեն հետապնդեր եւ կ՚ուզեն ցոյց տալ որ մարդիկ կրնան իրարու հետ խօսիլ առանց ընկրկելու որեւէ արգելքի առջեւ, կրնան իրարու հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնել։ Եթէ արգելքներ դրուին, հարցերը չեն լուծուիր” ըսաւ Էլակին։ “Թուրք մը եւ հայ մը, օրինակ, եթէ օդանաւի մը մէջ դէմ դիմաց գան, եւ ծանօթացուին, պէտք է սեղմեն իրարու ձեռքը”։
Միքայէլ Էլակին ըսաւ որ այս ձեռնարկը կազմակերպուած է Թուրք-Հայ Հասարակական Կազմակերպութիւններ” (Թանկօ) կազմակերպութեան եւ ԵԱՀԿ-ի անդամակցող երկիրներու մէջ աշխատող հայկական ծագումով Թուիկա կազմակերպութեան կողմէ, համատեղ կերպով։ “Այս գաղափարը ծնունդ առաւ վեց ամիս առաջ։ Կազմակերպիչները նոյն հասարակաց նպատակը ունին։ Ցոյց տալ որ հակառակ պատմական պատահարներու արգելքին, ժողովուրդներու միջեւ արգելքներ չկան։ Պարըշ եւ Հաճընեան այս գործին սկսելէ առաջ մասնաւոր մարզիչի մը կողմէ մարզուեցան եւ երկուքն ալ հաւատացին այս ձեռնարկին։ Էլակին ամէնէն վերջը ըսաւ որ այս ձեռնարկին դէմ զանազան շրջանակներէ հակազդեցութիւններ եկան, բայց այդ հակազդեցութիւններու տէրերը աւելի վերջ սկսան հաւատալ ձեռնարկի օգտակարութեան։



Leave a Reply