Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը, 15 Սեպտեմբեր 2014-ին՝ հինգերորդ անգամ ըլլալով պիտի գտնէ իր տէրերը:
Մրցանակը պիտի բաշխուի՝ խտրականութենէ, ցեղապաշտութենէ, բռնութենէ զերծ, աւելի ազատ ու արդար աշխարհի մը ձգտող, այս իտէալին առումով անհատական վտանգներ ստանձնող, կանխակարծիքները խորտակող, խաղաղութեան լեզուով արտայայտուող եւ այս բոլորը իրագործելու միջոցին մարդկութիւնը այս պայքարը շարունակելու ուղիին մէջ ոգեւորող եւ յոյս տուող անհատ, հիմնարկ եւ կամ հաստատութիւններուն:
Հրանդ Տինք Հիմնարկին այս մրցանակը տալու նպատակն է յիշեցնել բոլոր անոնց որ այս ուղղութեամբ ջանք կը թափեն, թէ՝ ձայներնին լսելի է, թէ՝ ըրածները տեսանելի է, թէ՝ մինակ չեն ու անոնց բարոյապէս նեցուկ կանգնիլ եւ համայն մարդկութիւնը քաջալերել իրենց իտէալներուն համար մղած պայքարին մէջ: Այս տարուան մրցանակին համար թեկնածու առաջարկելու թուականը սահմանուած է մինչեւ 15 Ապրիլ 2014:
Ինչպէ՞ս կրնամ թեկնածու առաջարկել
Ձեր թեկնածուի առաջարկները կրնաք մեզի հասցնել www.hrantdinkaward.org կայքէջի հարցաթերթիկը լրացնելով, եւ կամ ուղարկելով award@hrantdink.org ՝ի մինչեւ 15 Ապրիլ 2014.
Հարցաթերթիկին կցելով ձեր առաջարկած թեկնածուի մասին լրացուցիչ տեղեկութիւնները, մեծապէս դիւրացուցած պիտի ըլլաք միջազգային դատակազմի որոշումը:
Leave a Reply