Յայտնի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք յօդուած մը հրատարակեց Սուրիոյ մէջ շարունակուող ներքին պատերազմի մասին եւ կանգ առաւ այն հայերուն վրայ, որոնք, 1915-ի ցեղասպանութենէն ճողոպրելով, Սուրիա ապաստանած հայերու թոռներն են եւ որոնք եւս այսօր զոհ կ՚երթան Սուրիոյ ներքին պատերազմին։ Այն հողերուն վրայ, ուր թաղուած էին 1915-ին սպաննուած հայերուն ոսկորները, դարձեալ պատերազմ մը կը շարունակուի, կը գրէ Ռապըրթ Ֆիսք, Հայերը դարձեալ կը սպաննուին, Հայկական եկեղեցիները յարձակման կ՚ենթարկուին։
Ռապըրթ Ֆիսք կը պատմէ, որ մօտաւորապէս երեսուն տարի առաջ Տէր Զօրի մէջ` Հապուր գետի բարձունքին վրայ, երեւան հանած էր 1915-ի ցեղասպանութեան զոհ գացած հայերու գանկերն ու ոսկորները, ասոնք զոհուած մէկուկէս միլիոնէն միայն քանի մը հոգիի ոսկորներն էին։ 1915-ին դիակները այնքան շատ էին, որ գետին ուղղութիւնն ալ փոխուած էր։
«Երեսուն տարի առաջ հայ ընկերներս որոնք կ՚ընկերանային ինծի, ոսկորները վերցուցած էին ու զանոնք տեղաւորած էին Տէր Զօրի մէջ կառուցուած յուշարձան եկեղեցիին գետնայարկին մէջ, – կը գրէ Ֆիսք։ – Թող ամչնար Թուրք պետութիւնը, որ այդ ցեղասպանութիւնը կ՚ուրանար։ Եւ հիմա դարձեալ այդ նոյն հողերուն վրայ է, որ ներքին պատերազմ կը շարունակուի, ու այդ պատերազմին զոհ կ՚երթան նաեւ հայեր։ Հայերը, որոնք 1915-էն վերջ ապաստան գտած էին Սուրիոյ հողերուն վրայ, հիմա դարձեալ սկսած են խոյս տալ դէպի Լիբանան, Եւրոպա կամ Ամերիկա։ Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի վերջ, Հայերը դարձեալ կը սպաննուին, անոնց եկեղեցիները կը քանդուին։ Այն եկեղեցին, որ իբրեւ թէ վերջին հանգստարանն էր ցեղասպանութեան զոհերուն, նմանապէս վնաս կրեց, բայց յայտնի չէ, թէ որո՞նք էին այդ յարձակումին հեղինակները»։
Ռապըրթ Ֆիսք կը պատմէ, որ այս մասին խօսած է Դամասկոսի հայոց առաջնորդ Արմաշ Նալպանտեան Սրբազանին հետ, Սրբազանը ըսած է, որ եկեղեցիին վնասուիլը այնքան կարեւոր չէ, որքան Ցեղասպանութեան յիշատակին վնասուիլը, ուստի բուն մտահոգութիւն պատճառող հարցը ցեղասպանութեան մոռացումն է։ Այնուհանդերձ Ռապըրթ Ֆիսք դիտել կուտայ, որ թէեւ շատ ալ գեղեցիկ շէնք մը չէ այդ եկեղեցին, բայց ան ցեղասպանութեան յիշատակն է եւ կը վկայէ կատարուած ցեղասպանութեան մասին, ինչպէս որ հրեաները Ողջակիզման զոհ գացած հրեաներուն ի յիշատակ կառուցած են Եատ Վաշէն յուշարձանը։ Թէեւ Հրեաներն ալ Թուրքերուն նման ամօթալի կերպով կը պնդեն, որ 1915-ը ցեղասպանութիւն չէր, բայց 1915-ի մասին խօսելու ընթացքին կը գործածեն Շօա բառը, որ իրենց լեզուին մէջ ողջակիզումի իմաստն ունի։ Հալէպի Հայոց եկեղեցին հրկիզուեցաւ ու վնասուեցաւ Սուրիոյ Անկախ բանակ կոչուած ուժերուն կողմէ, սա այն ուժերուն կողմէ, որոնք զօրակցութիւն գտան ամերիկացիներէ ու Սէուտի Արաբներէ ու անոնց կողմէ տրամադրուած գումարներով զինուեցան ու հիմա կը կռուին Էսատի ուժերուն դէմ։ Այս ուժերն էին, որ Րաքքայի մէջ հրկիզեցին հայ կաթողիկէներու եկեղեցին, եւ հարիւրաւոր թուրք ռազմիկներ, որոնք 1915-ին հայերը ոչնչացնողներուն թոռներն էին, տեղ գրաւեցին այդ ապստամբ զինուորներուն միջեւ։ Այսքան չէ։ Երբ հայերը կ՚ոգեկոչէին Ա շխարհամարտի զոհերուն յիշատակը, Դամասկոսի Թարգմանչաց վարժարանին վրայ ինկաւ ռումբ մը, երկու ռումբեր ալ ինկան դպրոցի երկու հանրաշարժերուն վրայ։ Աշակերտներէն Յովհաննէս Աթոքանեան ու Վանէսսա Պետրոս մահացան։ Մէկ օր վերջ Պէյրութէն դէպի Հալէպ գացող հանրաշարժ մը, որ Հայերով լեցուն էր, խափանուեցաւ ապստամբ ուժերու կողմէ, հայերը կողոպտուեցան։
Երկու օր վերջ Հալէպի մէջ Գէորգ Պօղոսեան մեռաւ թնդանօթի ռումբի մը տակ։ Թէեւ Սուրիոյ մէջ ցարդ սպաննուած հայերու թիւը 65 է, բայց մենք կրնանք մտածել, որ այս կերպով մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 1.500.065-ի, կը գրէ Ֆիսք։ Անշուշտ հայերն ալ, Սուրիոյ այլ քրիստոնեաներուն նման, նախագահ Էսատին կողքին կանգնած չեն, բայց անոնք տեղ ալ չեն գրաւեր Էսատի դէմ ապստամբող ուժերու կողքին։ Հայերը երկու տարի վերջ ձեռնարկներ պիտի իրականացնեն իրենց Ողջակիզման 100-րդ տարեդարձին առիթով, իսկ Սուրիոյ ապստամբներուն զօրակցող Թուրքիան ալ նոյն օրերուն պիտի նշէ Չանաքքալէի պատերազմին հարիւրամեակը։ Այդ պատերազմի ընթացքին հերոսաբար կռուող զինուորներուն միջեւ անշուշտ կային հայեր ալ, որոնք կը կրէին թուրք զինուորի համազգեստ։ «Բայց ձեր ուզած գումարով գրաւի կրնամ բռնուիլ որ Չանագգալէի Պատերազմի այդ ոգեկոչման ընթացքին ոչ մէկը պիտի յիշատակէ հայերու ալ անունը», – կը գրէ Ռապըրթ Ֆիսք
Leave a Reply