Թուրքերուն միայն 7.2 տոկոսը Հայաստանը սպառնալիք կը նկատէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Քատիր Հաս համալսարանին կողմէ այս տարուան Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն՝ թուրքերուն միայն 7.2 տոկոսը Հայաստանը նկատած է իբրեւ Թուրքիոյ համար սպառնալիք:

Հարցախոյզին մասնակցած են մօտաւորապէս 1000 քաղաքացիներ:

Յատկանշական է, որ 2011ին նման հարցախոյզի մը մասնակիցներուն 53 տոկոսը Հայաստանը Թուրքիոյ վտանգ սպառնացող երկիր մը համարած էր:

Թուրքերուն 41.7 տոկոսը Միացեալ Նահանգները կը նկատէ Թուրքիոյ վտանգ սպառնացող երկիր, իսկ 37.1 տոկոսը՝ Իսրայէլը: Անոնց յաջորդաբար 23.9 եւ 18.4 տոկոսը վտանգաւոր կը նկատէ Սուրիան եւ Իրանը:

Մասնակիցներուն 36 տոկոսը նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ վերջին 5 տարիներու քաղաքականութիւնը «ձախող» որակած է:

Թուրքիոյ բարեկամ կը համարուին Ատրպէյճանը (ըստ 28 տոկոսին), Ամերիկան (7.4 տոկոս) Կիպրոսի գրաւեալ թրքական հատուածը (3.8 տոկոս) եւ Փաքիստանը (2.9 տոկոս), մինչ 38.6 տոկոսին համաձայն՝ Թուրքիան բարեկամ չունի:

http://asbarez.com/arm/179370/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ