Համագումարը զբաղեցաւ քիւրտերու հետ հաշտութեան նոր գործընթացով
Երէկ Պրիւքսէլի մէջ բացուեցաւ Քրտական 10-րդ համագումարը, որ պիտի տեւէ երկու օր եւ որ գլխաւորաբար պիտի զբաղի քիւրտերու հետ հաստատուած հաշտութեան նոր գործընթացի հարցով։ Հետաքրքրական է որ կազմակերպիչները այս համագումարին համար հրաւէր ղրկած են թէ վարչապետ Էրտողանին, թէ Ապտուլլահ Էօճալանին։ Էօճալանէն խնդրուած էր, որ գրաւոր կերպով հաղորդէր իր խօսքը։ Բայց Էօճալանէն որեւէ պատասխան չէր ստացուած։ Իսկ վարչապետ Էրտողանն ալ ցարդ որեւէ պատասխան չէ ղրկած համագումարին։
Երէկուան նիստին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ քիւրտ գործիչներ, որոնց կարգին Պէ-Տէ-Փէ-ի համանախագահ Կիւլթան Քըշանաք, Տիյարպաքըրի անկախ երեսփոխան Լէյլա Զանա։ Նիստին կառավարիչն էր փրօֆ. Գարին Վէսթրհայմ, որ նեցուկ կանգնած էր վարչապետ Էրտողանի կողմէ ձեռնարկուած հաշտութեան գործընթացին։ Ան ըսաւ, որ Իմրալըի տեսակցութիւնները պէտք է վերսկսին, Թուրքիա, եթէ լուծէ Քրտական հարցը, օրինակ պիտի հանդիսանայ տարածքաշրջանի միւս պետութիւններուն եւս։ Բայց կողմերը պէտք է գիտակցին իրենց կատարած գործին կարեւորութեան։ Այս խնդրին մէջ Եւրոմիութիւնն ալ պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ։
Կանանչերու խմբակի նախագահ Կապի Ցիմմէր, որ տանտէրի հանգամանք ունէր, ըսաւ, որ գործընթացը ներկայիս կ՚անցնի դժուար հանգրուանի մը մէջէն։ Քաջարի քայլեր առնուեցան, ու ասիկա մեզ յուսադրեց, ըսաւ ան, բայց գանգատեցաւ, որ օրացոյց մը չկայ տակաւին։ Ան ըսաւ, որ մասնաւորաբար նեցուկ կը կանգնի ընդհանուր ներման գաղափարի մը։
Կարեւոր ելոյթ ունեցաւ Լէյլա Զանա, որ յայտնեց, թէ թուրք պետութիւնը հարիւր տարիէ ի վեր պարտադրուած կաղապարները փշրած է այլեւս։ Անցեալի մէջ փոքրիկ փոքրամասնութիւն մը կը պնդէր, որ Հանրապետութեան տէրն է ու կը պահանջէր, որ մեծամասնութիւն մը հպատակի իրենց։ Զանա դիտել տուաւ, որ հիմա Էօճալանի հետ հաստատուած բանակցութիւնը յառաջ կը տարուի երկու շատ ուժեղ առաջնորդներու կողմէ. Էրտողան ու Էօճալան։ Ինչպէս որ Էրտողան շատ մեծ հեղինակութիւն ունի թուրք ժողովուրդին վրայ, այդպէս ալ քիւրտ ժողովուրդին վրայ մեծ հեղինակութիւն ունի Էօճալանը, ըսաւ Զանա, որ դիտել տուաւ, որ Ա-Գէ-Փէ շատ քաջարի կեցուածք որդեգրեց այս խնդրին մէջ։ Ան դիտել տուաւ, որ այս մետայլը երկու երես ունի. մէկը լուծում ուզողներու պատկերն է, միւսն ալ պատկերն է այն միւսներուն. որոնք լուծում չեն ցանկար։ Զանա ուզեց նաեւ որ ՓՔՔ այլեւս դուրս հանուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկէն։
Leave a Reply