Կալիպ Էնսարիօղլուի մեկնաբանութիւնը. Քիւրտերուն ապրած վայրերը ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆ կը կոչուին

ՄԱՐՄԱՐԱԱ-Գէ-Փէ-ցի Կալիպ Էնսարիօղլու, Էն-Թի-Վի կայանի կողմէ հաղորդուած յայտագրի մը ընթացքին Քիւրտիստանի մասին ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով, ըսաւ, որ Քիւրտերուն ապրած վայրը Քիւրտիստան կը կոչուի։ Ան աւելցուց, որ պէտք չէ սխալ հասկնալ, եթէ ըսուի, որ Թուրքիոյ մէջ ալ Քիւրտերուն ապրած վայրերը Թուրքիոյ Քիւրտիստանը կը կոչուին։ Ասիկա կախեալ է այն հարցումէն, թէ ի՞նչ նպատակով կը գործածես այս Քիւրտիստան անունը։

Կալիպ Էնսարիօղլուի այս մեկնաբանութիւնը աւելի հասկնալի կը դառնայ, եթէ ըսենք, որ ան ներկայիս թեկնածու է Տիյարպաքըրի քաղաքապետի պաշտօնին։ Այս հետաքրքրական մեկնաբանութիւնը ան ըրաւ, երբ Ճիւնէյթ Էօզտէմիր իրեն յիշեցուց, որ Տիյարպաքըրի քաղաքապետ Օսման Պայտէմիր անցեալները գործածած էր «Թուրքիոյ Քիւրտիստան» անունը։ Էնսարիօղլու ի՞նչ կը մտածէր այս մասին, «Թուրքիոյ Քիւրտիստան» անունը տրամաբանակա՞ն կոչում մըն էր։

Էնսարիօղլու սապէս պատասխանեց այս նուրբ հարցումին.

«Կախեալ է, թէ ինչ նպատակով կը գործածէք այդ անունը։ Տարիներէ ի վեր «Հիւսիսային Իրաք» անունը գործածուեցաւ` հակառակ որ Իրաքի Սահմանադրութեան մէջ այսպիսի անուն մը չկայ։ Իսկ Թուրքիոյ Քիւրտիստանը բոլորովին տարբեր բան է։ Թուրքիոյ առաջին խորհրդարանը ընդունած է, որ Քիւրտերուն ապրած վայրին Քիւրտիստան կ՚ըսուի։ Ասիկա ընդունելու մէջ որեւէ անպատեհութիւն չկայ։ Իրանի մէջ ալ 5 միլիոն քիւրտերուն ապրած վայրը Քիւրտիստան կոչուած է։ Դարձեալ Թուրքիոյ առաջին խորհրդարանը ընդունած է, որ լազերուն ապրած վայրերն ալ Լազիստան կը կոչուին։ Աթաթիւրքն է, որ այս անունները գործածած է անձամբ։ Ես չեմ քաշուիր քիւրտերուն ապրած վայրերը Քիւրտիստան անուանելէ, ես ալ քիւրտ եմ եւ հոն կ՚ապրիմ»։

– Այսինքն` դուք հիմա Թուրքիոյ Քիւրտիստանի՞ն մէջ կ՚ապրիք, – հարցուց Էօզտէմիր։

Այս հարցումին ալ Էնսարիօղլու սապէս պատասխանեց.

– Ոմանք կրնան Թուրքիոյ Քիւրտիստան անուանումը տարբեր իմաստի տանիլ։ Կարգ մը շրջանակներ հիմա գրգռութիւններ կ՚ընեն` պնդելով, որ չորս անջատ բաժինները ապագային պիտի միանան ու ամբողջական Քիւրտիստան մը պիտի կազմեն։ Ասիկա տարբեր հարց է, բայց կրնանք ըսել, որ քիւրտերուն Թուրքիոյ մէջ ապրած աշխարհագրութիւնը Քիւրտիստան կը կոչուի»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ