Երկու օրէ ի վեր երկրին մէջ ծագած է նոր բանավէճ մը, որ աննախընթաց բնոյթ ունի։ Թուրք ցեղ մը կա՞յ, թէ չկայ։ Այսքան սուր հարցումի մը օրակարգի բերուիլը շատ նշանակալից է, մանաւանդ որ այսպիսի բանավէճի մը ծնունդ տուողը Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամ մըն է` Եասին Աքթայ։ Եասին Աքթայ անցեալ օր ելոյթ մը ունեցաւ Պայպուրթի Համալսարանի Մտածումի Ակադեմիայի կողմէ կազմակերպուած համագումարի մը ընթացքին եւ հոն յայտնեց իւրօրինակ գաղափարներ։ Մայր գաղափարն այն էր, որ սխալ էր երկրին մէջ ամէն ինչ քալեցնել «Թուրք» անուան վրայով, եթէ այսպէս ընէք, ասոր հաշուեցուցակը շատ ծանր կ՚ըլլայ, ըսաւ ան։ Եւ աւելցուց.
«Եթէ այսպէս ընես, Թուրքիան պառակտումի ու բաժանումի սեմին կը հասցնես։ Այս կերպով դժգոհ կը թողուս Թուրքիոյ մէջ ապրող միւս մարդիկը։ Այդ միւս մարդիկը քեզի դէմ գրգռած կ՚ըլլաս։ Այս պատճառաւ է, որ շատ կարեւոր է հիմա ընդունիլ ազգի մասին նոր բացատրութիւն մը որ հիմնուած պիտի ըլլայ «Հայրենակից» բառին վրայ։ Ա՞զգ կ՚ըսես։ Առ քեզի ազգ։ Ի վերջոյ ազգ բառին ինչ ըլլալը քաղաքագէտներու առաջարկած պարունակով մը կը ճշդուի։ Այդ քաղաքագէտներուն կողմէ կը ճշդուի ազգ բառին պարունակը։ Քեզի ըսեր են, որ դուն թուրք ես։ Ի՞նչ կը նշանակէ թրքութիւնը։ Միջին Ասիայէն եկեր ենք։ Եթէ փնտռես, կը զարմանաս, որ մեզմէ քանիի՞ն մեծ հայրերը Միջին Ասիայէն եկեր են։ Հարցուցէք` տեսնենք անգամ մը, որ այսպիսի բան մը կա՞յ։ Օրինակ՝ թուրք ի՞նչ կը նշանակէ։ Իսմէթ Էօզէլը այս մասին շատ հետաքրքրական վերլուծումներ ունի։ Թուրք ըսուածը արդէն սէնթէզ մըն է։ Թուրք ցեղ մը գոյութիւն չունի»։
Ուսանողներու առջեւ արտասանուած այս խօսքերը անհանգստութիւն ստեղծեցին ուսանողներու մօտ, անոնք հարցումներ ուղղեցին, իսկ Աքթայ շարունակեց պնդել նոյնը ու ըսաւ որ եթէ 3, 4, 5, 6 սերունդ դէպի ետ երթաս, դուն քեզ կը սկսիս տեսնել հիմա տեսածէդ շատ տարբեր կերպ։ Աքթայի այս խօսքերէն վերջ կարգ մը ուսանողներ բարկացան ու սրահը լքեցին։
Ծանր հակազդեցութիւն. Պահչէլի կրակ ժայթքեց
Աքթայի վերի խօսքերը բնականաբար տեղի տուին բուռն հակազդեցութիւններու։ Մէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլի եղաւ առաջիններէն մէկը, որ խստիւ պախարակեց Աքթայի պնդումը ու ատկէ գլխաւոր պատասխանատու նկատեց վարչապետ Էրտողանը, որուն մասին խօսեցաւ որպէս այս երկիրը պառակտող ու ազգային գոյութիւնը վտանգի ենթարկող մարդ։ Վարչապետ Էրտողանի կառավարութեան մթնոլորտին մէջ է, որ հիմա մարդիկ այս ազգը 36 կտորի բաժնել կ՚աշխատին եւ կը սկսին պնդել, թէ իրականութեան մէջ Թուրք կոչուած ցեղ մը գոյութիւն չունի։ «Եօթը սերունդներ մեր գլխուն փորձանք եղած էին, բայց ոչ մէկը այսքան առաջ գացած էր։ ՓՔՔ-ի դաւաճաններն անգամ խելք չէին ըրած այսպիսի պնդում մը յառաջ քշել։ Թուրք ցեղ չկայ ըսելը շատ տխուր է եւ մեր ժողովուրդին հասցէին ծանր հայհոյութիւն է»,- ըսաւ Պահչէլի։
Պահչէլի ըսաւ, որ ոչ մէկը իրաւունք ունի «Թուրք ցեղ չկայ» ըսելու, եթէ ըսէ, ասոր պատիժը կը գտնէ եւ թուրք ազգն է, որ պիտի տայ անոր պատիժը։
Փրօֆ. Թաշքըրանն ալ հակազդեց
Եասին Աքթայի վերոյիշեալ խօսքերուն հակազդեցութիւն մըն ալ եկաւ Կազի համալսարանի դասախօսներէն փրօֆ. Ճէմալէտտին Թաշքըրանէն, որ անդրադառնալով «Թուրք ցեղ մը չկայ» պնդումին, յիշեցուց, որ Օսմանեան շրջանին թուրքը լաւ նշանակութիւն չունէր։ Օսմանեան շրջանին մարդիկ ցած մակարդակի վրայ կը դնէին թուրքերը, այդ շրջանին թուրքին «Էշ թուրք» կ՚ըսէին։ Եթէ հիմա մենք կը հպարտանանք «Թուրք ենք» ըսելով, ատիկա Աթաթիւրքին կը պարտինք։ Աթաթիւրքն ու ընկերներն էին, որ մեզի շահեցուցին ազգային պետութիւն մը դառնալու ու մեր թրքութեան մասին հպարտութեամբ խօսելու կարելիութիւնը, ըսաւ ան։ Թաշքըրան աւելցուց, որ հիմա փոքրիկ խմբակ մը կը ջանայ շնորհազուրկ ընել Աթաթիւրքը, բայց պիտի չյաջողի։
Leave a Reply