Սեբաստիոյ Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեբաստիոյ (Սվազ) քաղաքը գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք վերածուած էր զինանոցի, այժմ պիտի վերանորոգուի:

Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին կողմէ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3-ին հաղորդուած տեղեկութեան՝ այս նպատակով նահանգապետարան դիմած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ, որովհետեւ եկեղեցին կը գտնուէր բանակի հակակշիռին տակ եղող տարածքի մը մէջ: Եկեղեցին այդ տարածքէն դուրս բերուած է Սվազի հայերու բարեկամներու միութեան ջանքերով ու կ՛ակնկալուի, որ վերանորոգութեան աշխատանքները սկսին յառաջիկայ գարնան:
Սվազի հայերու բարեկամներու միութեան նախագահ Սեպուհ Քոճաք շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ իր ցուցաբերած աջակցութեան համար:

http://asbarez.com/arm/179119/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ