Վարչապետ Էրտողան Տիյարպաքըրի մէջ հրապարակաւ առաջին անգամ ըլլալով արտասանած էր «Քիւրտիստան» անունը, եւ քրտական շրջանակները այժմ կ՚ուզեն վարչապետին այդ շարժուձեւը օգտագործել եւ աւելի պաշտօնականացնել «Քիւրտիստան» անունը։ Բայց հարցն այն է, որ, որքան ալ վարչապետը Տիյարպաքըրի մէջ անգամ մը գործածած ըլլայ «Քիւրտիստան» անունը, կառավարութիւնը դեռ կողմնակից չէ այս անունը գործածելու։ Այս տրամադրութեան փաստը եկաւ ուժանիւթի նախարար Թանէր Եըլտըզէն, որ Հիւսիսային Իրաքի քիւրտերու Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ Հիւսիսային Իրաք անունը գործածեց փոխանակ Քիւրտիստան անունը գոծածելու, հակառակ որ քիւրտերը այլեւս պաշտօնապէս Քիւրտիստան կը կոչեն Հիւսիսային Իրաքը։
Թանէր Էրպիլ գացած էր` մասնակցելու համար քարիւղի մասին կազմակերպուած համագումարի մը ու հոն յաճախակի կերպով իր ելոյթներուն մէջ «Հիւսիսային Իրաք» անունը գործածեց` փոխանակ Քիւրտիստան ըսելու, այնքան որ լրագրողները հարցուցին, թէ ինչո՞ւ ան կը յամառի Քիւրտիստան անունը չտալու, մինչ վարչապետ Էրտողանն անգամ գործածած էր այս անունը։ Նախարար Եըլտըզ այս փափուկ հարցումին պատասխանեց` դիտել տալով, որ Թուրքիա նկատի կ՚առնէ Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան Սահմանադրութիւնն ու գերիշխանութիւնը, կը յարգէ Իրաքի հողային ամբողջականութիւնը, հաւասար յարգանք կը ցուցաբերէ Էրպիլին կամ Պաղտատին, եւայլն։ «Ես ալ երբեմն մէկ անունը, երբեմն ալ միւս անունը կը գործածեմ, այս անունը Իրաքի ժողովուրդը ընտրեց, ու մենք ալ յարգանք ունինք»,- ըսաւ Թանէր, որ յայտնի էր, որ ամէն ճիգ կը վատնէր, որպէսզի չստիպուի Քիւրտիստան անունը գործածել։
Leave a Reply