Սէլահատտին Տէմիրթաշ թէ կառավարութիւնը պաշտպանեց, թէ քրտական դատին մասին խօսեցաւ

«Ով որ այս հողերուն վրայ ոտք դրած է, այս հողերուն տէրն է»

Պէ-Տէ-Փէի Կուսակցապետ Սէլահատտին Տէմիրթաշ ՓՔՔ-ի հետ հաշտութեան գործընթացին մէջ պաշտպան կանգնեցաւ կառավարութեան։

Տէմիրթաշ ըսաւ, որ ոչ մէկը իրաւունք ունի կառավարութիւնը քննադատելու՝ Էօճալանի հետ հաստատուած երկխօսութեան առընչութեամբ։ Կառավարութիւնը քննադատելը անխղճութիւն է, որովհետեւ կառավարութիւնն ալ հասկցած է, որ հաշտութեան գոըծընթացը Էօճալանէն դուրս մնացած հարց չէ, առանց Էօճալանի չի լուծուիր։

Տէմիրթաշ այս խնդրին մէջ մէկ կողմէ պաշտպան կանգնեցաւ վարչապետ Էրտողանին, մէկ կողմէ ալ քննադատեց անոր սակաւախօսութիւնը։ «Վարչապետը ամենուրեք կը խօսի այն բարիքներուն մասին, զոր հաշտութիւնը պիտի բերէ։ Իրաւունք ունի այսպէս խօսելու, բայց ի՞նչ բանի վրայ հիմնուելով այսպէս կը խօսի», ըսաւ Տէմիրթաշ։ «Վարչապետն ալ գիտէ, թէ այս գործընթացը ինչպէս պէտք է ընթանայ, բայց ան այս մասին բնաւ չի խօսիր։ Բնաւ բացատրութիւն չի տար։ Ասիկա ճիշդ կեցուածք չէ։ Տիյարպաքըրի մէջ ալ չըսաւ այն, ինչ որ կը սպասէինք, որ ըսէր»,- ըսաւ Սէլահատտին Տէմիրթաշ։

Տէմիրթաշ ըսաւ, որ Վարչապետը ամենուրեք խօսելու ընթացքին այս գործընթացին համար զօրակցութիւն կը պահանջէ, պիտի ընենք, պիտի իրականացնենք կ՚ըսէ, բայց բնաւ չ՚ըսեր թէ ինչ պիտի ընէ։ Մինչդեռ այս բանակցութիւնը պէտք է ընթանայ բաց սեղանի վրայ, թափանցիկ մթնոլորտի մէջ։

Տէմիրթաշ կրկնեց, որ այս գործընթացին մէջ ամէնէն ազդու դերակատարը Ապտուլլահ Էօճալանն է, բայց Էօճալանը մարդոց հետ խօսելու կարելիութիւն չունի։ Իրեն հետ այս կերպ սահմանափակ խօսակցութիւնը բանակցիլ չի նշանակեր, դէմ դիմաց խօսիլ չի նշանակեր, պայման է, որ Էօճալան հանդիպումներ ունենայ նաեւ լրագրողներու, քաղաքագէտներու, գրողներու, իմաստուն մարդոց ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Տարբեր կերպ կարելի չէ շարունակել բանակցութիւնը։

Տէմիրթաշ ապա աւելի բաց խօսեցաւ ու ըսաւ, որ ով որ ոտք դրած է այս հողերուն վրայ, ան այս հողերուն տէրն է։ Ասիկա ի զօրու է քիւրտերու, Անատոլուի, արաբներու, պարսիկներու հողերուն համար ալ։ Այս հողերուն վրայ միասնաբար ու կողք կողքի պիտի ապրինք, տարբեր կերպը չկայ, ուրիշ երթալիք տեղ ալ չունինք։ Ահա թէ ինչու մենք ինքնավարութիւն կը պահանջենք, ըսաւ Տէմիրթաշ։

http://www.normarmara.com/marmara.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ