ՀՅԴ-ն կը մասնակցի քրտամէտ կուսակցութեան խորհրդաժողովին

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը Շաբաթ, Նոյեմբեր 30ին մասնակցեցաւ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդականի խորհրդաժողովին՝ Տիգրանակերտի մէջ: Պատուիրակութեան անդամներն էին Ռուբէն Ճանպազեան եւ Սարգիս Տէկիրմէնճեան՝ Հայաստանէն:

Խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւիրուած էին Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ կազմակերպութիւնները: Ներկայ էին նաեւ տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ:

Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան աւելի քան երեսուն հազար անդամներ եւ համակիրներ ներկայ էին Տիգրանակերտի «Սէյրանթափէ» մարզահամալիրին մէջ եւ անոր շրջակայքը, ուր տեղի ունեցաւ խորհրդաժողովը:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները իրենց կոչը ուղղեցին ներկաներուն՝ նախ հայերէնով, ապա՝ թրքերէնով: Ողջունելով Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդական խորհուրդի անդրանիկ խորհրդաժողովը՝ ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները կեդրոնացան հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու անցեալի յարաբերութիւններուն եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն վրայ՝ յատուկ կանգ առնելով հայ-քրտական նորօրեայ փոխադարձ յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան կարելիութեանց վրայ եւ նշելով, որ այդ համագործակցութիւնը պէտք է հիմնուի փոխադարձ յարգանքի վրայ, ի մտի ունենալով երկու ժողովուրդներուն շահերը:

Ելոյթի աւարտին ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդական խորհուրդի անդամներուն յուշանուէր մը յանձնեցին:

Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած միակ կուսակցութիւնն է, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անիկա հիմնադրուած է 2008-ին եւ դէտի կարգավիճակով կ՛անդամակցի Ընկերվար միջազգայնականին:

http://asbarez.com/arm/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ