Էօզկիւր Մումճու «Րատիքալ»-ի մէջ «Աճուրդի հանուած ոճիրը» խորագրին տակ հրատարակած է յօդուած մը, որ շատ խօսուն է։ Ակնարկուած ոճիրը բնականաբար Հրանդ Տինքի սպանութիւնն է։ Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, որ այս ոճիրին դատավարութիւնը վաղը պիտի շարունակուի Չաղլայանի դատարանին մէջ, եւ ան այս առիթով կ՚ուղղէ կարգ մը հարցումներ։
Ինչո՞ւ Տինքի դատավարութիւնը միւս դատերու թղթածրարին չի միանար, ինչո՞ւ այս երկրին մէջ ատրճանակի բլթակը քաշողէն զատ ոեւէ պատասխանատու չի ձերբակալուիր։ Դատարան մը վճռած էր, որ այս խնդրին ետին կազմակերպութիւն մը չկայ, ուրիշ դատարան մըն ալ չէր հաւատացած ու որոշումը բեկանած էր։ Ուստի ան կը հաւատար, որ ոճիրին ետին կազմակերպութիւն մը կայ։ Հիմա այդ կազմակերպութիւնը երեւան պիտի հանուի՞։ Թէ ոչ այս անգամ ալ պիտի ըսուի, որ ոճիրը գործուած է ասոնց կողմէ, եւ ուրիշ պատասխանատու պիտի չփնտռուի։ Հրանդին ընկերները անցեալ օր ըսին. «Դուք ամէն բան լաւ գիտէք, այս խնդրին պատասխանատուներն ալ գիտէք, յանցագործները պիտի յանձնէ՞ք դատարան»։ Բայց լաւատես ըլլալու համար պատճառներ չկան։
Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, որ Տրապիզոնի մէջ Ոստիկան Զօրաց Հրամանատար Գնդապետ Ալի Էօզի դէմ դատ մը բացուած է պաշտօնի մէջ թերացած ըլլալու ամբաստանութեամբ, Տրապիզոնի դատարանը ուզեց, որ այս դատը միանայ Տինքի սպանութեան դատավարութեան, բայց դատարանը մերժեց սա չքնաղ պատճառաբանութեամբ, որ երկուքին միջեւ դատական կապ չկայ։ Ահա ծիծաղելի տրամաբանութիւն մը։ Ի՞նչպէս կարելի է պնդել որ այս երկուքին միջեւ կապ չկայ։
Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, թէ ինչեր ու ինչեր պատահեցան, որոնք ցոյց կուտան թէ այս ոճիրը գործուած էր հակառակ բաձրաղաղակ ազդարարութիւններու։ Օրինակները շատ են։ «Ակօս» եկած է մարդ մը, որ պատմած է, որ ուզած են ոճիրը յանձնել ԻՊՏԱ կազմակերպութեան անդամներուն, բայց անոնք չեն ընդունած։ Այս անձը պնդած է, որ Տինքի մասին լրաքաղութեան թղթածրար մը պատրաստուած էր։ Ինք տեսած էր այդ թեղթածրարը, եւ հոն կային բոլորովին անծանօթ տեղեկութիւններ։
«Ակօս»-ի խմբագիրները համոզեցին, որ ան վկայութիւն բերէ, ան ալ վկայութիւն բերեր է, բայց ամէն ինչ մնացեր է դատախազին քով։ Ուրիշ մըն ալ Տինքին տղուն հետ կապ հաստատեց, պնդեց, որ այս ոճիրը պատրաստուեցաւ Ուքրայնոյ մէջ բնակող կարգ մը «Իւլքիւճիւ»ներու ու Եազըճըօղլուի կողմէ։ Քիչ վերջ այս անձը անհետացաւ մէջտեղէն։
Ուրիշ մէկն ալ Պրիւքսէլի մէջ փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթինին պատմած է, որ Հրանդը սպաննելու գործը իրեն առաջարկուեցաւ, բայց ինք մերժեց։
Միւս կողմէ` Պէհիչ Կիւրճիհան պնդեց, որ ոճիրը առաջարկուեցաւ Քիւրշատ Եըլմազին, որ մերժեց ընդունիլ այդ պաշտօնը։ Դեռ ուրիշներ ալ կան, որոնք ցոյց կուտան, որ այս ոճիրը երկար ժամանակ աճուրդի դրուած էր, ու հակառակ ատոր` ոչ մէկը կրցաւ արգելք ըլլալ ոճիրի գործադրութեան։
Leave a Reply