Ուաշինկթընի մէջ ՀՅԴ -ԽԺԿ (BDP) բարձրաստիճան հանդիպում

20131029-ARF-BDP-2ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29-ին, Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղա­ղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP) համանա­խագահ Սալահէտտին Տէմիրթաշի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակ եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ։

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հայ-քրտական համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, հայերու եւ քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական հասարակաց ձգտումները:

Նախորդ օրը Յ. Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած հայկական պատուիրակութիւն մը մասնակցած էր Ուաշինկթընի մէջ կայացած «Քրտական դերը նոր Միջին Արեւելքի մէջ» խորագրով խորհրդաժողովին, որուն մասնակցեցան քիւրտ քաղաքական գործիչներ` Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Իրանէն եւ Իրաքէն:

Ձախէն՝ Կարօ Արմէնեան, Մեհմէտ Եուկսէլ, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Սալահէտտին Տէմիրթաշ, Նազմի Կիւր, Անի Հարոյեան, Արամ Համբարեան
Ձախէն՝ Կարօ Արմէնեան, Մեհմէտ Եուկսէլ, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Սալահէտտին Տէմիրթաշ, Նազմի Կիւր, Անի Հարոյեան, Արամ Համբարեան

Տէմիրթաշի հետ հանդիպումէն ետք Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «Այս հանդիպումը  առիթ ընծայեց օգտակար երկխօսութեան մը` հայ-քրտական համագործակցութեան հնարաւորութիւններու, Արեւմտահայաստանի եւ Քիւրտիստանի, եւ աւելի ընդգրկուն` հայերու եւ քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական ձգտումներու մասին»:

Հանդիպումին համար Տէմիրթաշին կ՚ըներակցէին Խաղա­ղութիւն եւ Ժողովրդա­վարութիւն կուսակցու­թեան (BDP) արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու, Վանէն ընտրուած Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւր, BDP կուսակցութեան Ուաշինկթընի ներկայացուցիչ Մեհմէտ Եուկսէլ։

Որպէս Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ` Տէմիրթա, 2009-էն ի վեր, խորհրդա­րանէն ներս եւ դուրս, հրապարակաւ արծարծած է Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այն ուրանալու թրքական պետական քաղաքական, դատապար­տելով զանոնք։   

ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ