Ինչպէս մեր ընթերցողները գիտեն, Թուրքիոյ մէջ կը գործէ Թուրքիոյ պատմութեան խորհուրդ կոչուած մարմին մը (Թիւրք թարիհ գուրումու), որ հեղինակաւոր հիմնարկութիւն կը նկատուի պատմութեան կալուածէն ներս։ Այս Խորհուրդին նախորդ նախագահն էր Եուսուֆ Հալաճօղլու, որ միշտ շատ սուր ու անընդունելի կեցուածք ունեցած էր մասնաւորաբար Հայկական հարցի մէջ` հաւատարմօրէն պաշտպանելով պետական պաշտօնական տեսակէտը Հայկական հարցի մէջ եւ պնդելով, որ Թուրքերը չէին, որ կոտորեցին հայերը, այլ հայերն էին որ կոտորեցին Թուրքերը։ Փրօֆ. Հալաճօղլու երկար տարիներ դրժելէ վերջ 1915-ի պատահարներու իրաւ հանգամանքը, օր մըն ալ առնուեցաւ այդ պաշտօնէն, եւ անոր տեղ նախագահ նշանակուեցաւ փրօֆ. Մէթին Հիւլակիւ։ Թերեւս դրական նոր փոփոխութիւն մը պիտի գար այս նոր նշանակումի շնորհիւ, Թուրքիոյ պատմութեան խորհուրդը թերեւս աւելի կակուղ ու հաշտարար մեկնաբանութիւն մը պիտի ընդգրկէր Հայկական հարցի մէջ։ Բայց այդպէս չեղաւ։
Փրօֆ. Մէթին Հիւլակիւ անցեալ օր հարցազրոյց մը ունեցած է «Պուկիւն» թերթի աշխատակից Սէտա Շիմշէքի հետ եւ այս զրոյցի ընթացքին, ուրիշ նիւթերու առընթեր, Հայկական հարցի մէջ յայտնած է այնպիսի գաղափարներ, որոնք յայտնի կը դարձնեն, թէ ոչինչ փոխուած է այս հաստատութեան գաղափարախօսութեան մէջ։ Խորհուրդին այժմու նախագահն ալ 1915-ի պատահարներուն մասին ժխտումի կեցուածք որդեգրած է, եւ ուշագրաւ է, որ հայկական ողբերգութեան մասին խօսելու ընթացքին իր խօսքերուն մէջ հայերու նկատմամբ ցաւակցութեան կամ համակրանքի յետին շեշտը չկայ։
Այսպէս` երբ իրեն հարցուած է, որ կը մտածէ՞ թէ հայերը 2015 թուականին նոր տեսութեամբ մը մէջտեղ պիտի ելլեն Թուրքիոյ դէմ, Հիւլակիւ պատասխանած է, թէ` ոչ։ Իր կարծիքով 2015-ը այսօրուան կացութենէն տարբեր պիտի չըլլայ։
«Այս նիւթի մէջ վախնալու բան չունինք, – ըսած է ան, – այն պնդումները որոնք այդ թուականին մեր դիմաց պիտի ելլեն, արդէն այսօր ալ կան։ 2015-ին ոչ մէկը մեր դիմաց պիտի ելլէ նոր պնդումներով։ Արդէն եթէ հայերը փաստեր ունենային, թէ մենք ջարդած ենք զանոնք, մինչեւ այսօր մէջտեղ կը դնէին զանոնք։ Եթէ ունին, թող հրամեն, թող բերեն` տեսնենք այդ փաստերը»։
Հիւլակիւ աւելցուցած է, որ եթէ արդէն Հայերը այս մասին փաստեր ունենային, հարիւր տարի չէին սպասեր։ Այս խօսքերը, որոնք կուգան պատմութեան հիմնարկի մը նախագահին բերնէն, համարձակօրէն հրապարակաւ անտես կ՚առնեն 1915-ի պատահարներու մասին այն անհամար իրականութիւնները, որոնք մէջտեղ դրուած են տասնամեակներէ ի վեր։
«Մենք մեզմէ վստահ ենք, – ըսած է Հիւլակիւ, – պատմութեան մէջ գէշ նիշ չունինք։ Հրեաները Սպանիայէն ազատեցինք, Անատոլուն բոլորին բացինք։ Պատմութեան մէջ ամօթալի բան չունինք։ Եթէ 2015 ըսուի, մարդիկ պէտք է յիշեն Չանաքքալէն, այլ ոչ թէ Հայկական հարցը։ Հայկական հարցն ալ արդէն Չանաքքալէի մէջն է»։
Այս վերջին տեսակէտին մասին ալ Հիւլակու սա մեկնաբանութիւնը ըրած է, երբ թղթակիցը հարցուցած է թէ իր կարծիքով տեղահանութեան պատճառը Չանաքքալէի պատերա՞զմն էր։.
«Եթէ Չանաքքալէի Պատերազմը չըլլար, Հայկական հարց ալ չէր ըլլար։ Մենք չենք,, որ ստեղծեցինք Հայկական հարցը։ Ֆրանսացիներն ու Անգլիացիները հազարաւոր քիլոմեթր հեռուներէն եկան ու Անատոլուն գրաւել ուզեցին։ Չանաքքալէի առջեւ ճակատ գրաւեցին` իրենց հետ առնելով նաեւ հայերն ու ռուսերը։ Ատկէ վերջ ալ մեզի կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ տեղահանութիւն ըրինք։ Եթէ անոնք Չանաքքալէ չգային, տեղահանութիւն ալ չէր ըլլար։ Հայերը մեզմէ չէ, որ հաշիւ պէտք է պահանջեն, այլ պէտք է պահանջեն Ֆրանսայէն, Ռուսաստանէն»։
Մուսուլն ու Քէրքիւքը
Փրօֆ. Հիւլակիւ ուրիշ հարցերու մասին ալ ունի մեկնաբանութիւններ, որոնք հետաքրքրական են։ Օրինակ` ան խօսած է Մուսուլի ու Քէրքիւքի մասին եւ պնդած է, որ Սուլթան Ապտիւլհամիտ, գահընկէց ըլլալէ առաջ, իրեն անունով սեփականացուցած էր Մուսուլի ու Քէրքիւքի քարիւղի աղբիւրները։ Օսմանեան Պետութիւնը կորսնցուց Մուսուլն ու Քէրքիւքը, եւ օսմանցիները հրաժարեցան իրենց իրաւունքներէն։ Պետութիւնները հող կը կորսնցնեն, բայց անհատներուն սեփականատիրական իրաւունքները չեն կորսուիր։ Ուրեմն Թուրքիա կրնայ իրաւունքներ պահանջել Մուսուլի ու Քէրքիւքի վրայ, ըսած է փրօֆ. Հիւլակիւ` օրակարգի բերելով պնդում մը եւս, որ կրնայ ճամբայ բանալ միջազգային արձագանգներու։
Leave a Reply