Ցեղասպանութիւնը ժխտելու ջանքերն այլեւս համոզիչ չեն. թուրք պատմաբան

Քեմալ ՔարփաթԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրք պատմաբան Քեմալ Քարփաթ յայտարարած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու թուրքերուն փորձերը այլեւս համոզիչ չեն. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապեր 7» լրատուական կայքը:
Կայքի լրագրողի այն նշումին, թէ Պալքանեան պատերազմներուն ընթացքին թուրքերու գաղթին մասին միայն թուրքերը կը խօսին, իսկ հայերու տեղահանութեանց մասին՝ ամբողջ աշխարհը, թուրք պատմաբանը պատմած է իրեն հետ պատահած հետեւեալ դէպքը. «Հայկական հարցին մէջ նոր միտում մը կը նկատուի: Ի՛նչ ըսենք-չըսենք, մէկ է՝ համոզիչ երեւիլ չենք կրնար: Քանի մը տարի առաջ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի թղթակից Սթեֆան Քինզըրի հետ ճաշելու ընթացքին, խօսք եղաւ Հայկական Հարցին մասին: Ես անոր հարցուցի բրիտանական փաստաթուղթերուն մէջ հայերու թիւին վերաբերեալ տեղեկութիւններու մասին: Մինչ ես հարց կու տայի, Քինզըր անընդհատ կը ծիծաղէր՝ ինծի հասկցնելով, թէ ի՛նչ ալ ընեմ, ի՛նչ ալ խօսիմ, արդէն անիմաստ է»:
Նշենք, որ 88ամեայ թուրք յայտնի պատմաբան Քեմալ Քարփաթ բազմաթիւ յօդուածներ հրապարակած է օսմանեան շրջանի պատմութեան մասին: Ան իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է արտասահմանի մէջ, իսկ այժմ հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ:

http://asbarez.com/arm/176325/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ