Պետական մրցանակներ Ահմէտ Գայայի ու Տարօն Աճէմօղլուի
Հանրապետութեան Նախագահութեան մշակոյթի ու արուեստի այս տարուան մրցանակաւորները երէկ հրապարակուեցան։
Մեծ անակնկալն այն է, որ երաժշտական կալուածէ ներս յետ մահու մրցանակ կը տրուի քիւրտ հանգուցեալ երգիչ Ահմէտ Գայային, որ Թուրքիոյ մէջ զանազան հալածանքներու ենթարկուելէ ետք` Գերմանիա խոյս տուած էր ու հոն ալ մահացած էր կանխահաս մահով։ Հանրապետութեան Նախագահութեան մրցանակով Ահմէտ Գայայի անունը կը վերականգնի ու մաքուրի կ՚ելլէ։ Այս մէկը բաւական խիզած ու հետաքրքրական որոշում է եւ ցոյց կուտայ, թէ երկիրը այլեւս տարբեր աչքով կը նայի կարգ մը հարցերու, որոնք նախապէս թապու կը նկատուէին։
Այնուհանդերձ այդ թապուներուն հաւատարիմ մնացողներ կան։ Մէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլի անմիջապէս հակազդեց ու քննադատեց Ահմէտ Գայային մրցանակ տալու որոշումը։
Մրցանակաւորներու կարգին կը գտնուի նաեւ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու, որ մրցանակի արժանի նկատուեցաւ Ընկերային գիտութիւններու կալուածէն ներս։
Տիլտիլեան եղբայրներու լուսանկարներու ցուցահանդէսը՝ Մէրզիֆոնի մէջ
30 հոկտեմբեր` չորեքշաբթի, Մէրզիֆոնի մէջ կը բացուի Տիլտիլեան ընտանիքի լուսանկարներու ցուցահանդէսը, եւ առիթ կը ստեղծուի, որ այս լուսանկարները 90 տարի վերջ հանգրեւանեն իրենց ծննդավայրի մէջ։
Մէրզիֆոնցի Տիլտիլեան լուսանկարիչ եղբայրները, որոնք ականատեսը եղած են Անատոլուի մէջ հայերու դաժան տեղահանութեան, այդ տառապալից օրերէն վկայութիւններ կը բերեն իրենց լուսանկարներով, օրագրերով ու ձայնագրութիւններով, իրենց լուսանկարներով կը ցոլացնեն կորսուած յիշողութիւններ եւ անցեալի մէջ հայ ընտանիքներու կրած տառապանքներու թէման։ Լուսանկարներու հաւաքածոն ներկայիս կը պատկանի Տիլտիլեան ընտանիքի երրորդ սերունդի ներկայացուցիչներէն Արմէն-Ցոլակ Մարսուպեանին, եւ անցեալ ապրիլին առաջին ցուցադրութիւնը կազմակերպուած էր «Թիւթիւն Տէփօ»-ի մէջ։
Լուսանկարները լոյս կը սփռեն հայոց տխուր պատմութեան մէկ երեսակի վրայ, պատմութիւն, որու ընթացքին հայերը տեղահանուեցան այն հողերէն, որոնց վրայ կ՚ապրէին դարերէ ի վեր։ Բայց այդ կորուստը միայն անձերու կորուստ մը չէր, այլ կորուստն էր նաեւ մշակութային այն թանկագին գանձերուն, զորս հայերը ձեւաւորած էին երկար հարիւրամեակներու ընթացքին։ Տիլտիլեան եղբայրները լուսանկարչական գործունէութիւն տարած են Սվասի, Մէրզիֆոնի ու Սամսունի մէջ՝ 1872-1923 թուականներուն, եւ այժմ անոնց պատմութիւնը ամփոփուած է երեք եղբայրներու յիշողութիւններու ընդմէջէն։
Լուսանկարչական գործունէութեան հիմնադիրն է Ցոլակ Տիլտիլեան (1872 Եոզկատ – 1935 Աթէնք), միջոց մը վերջ իրեն միացած է Արամ Տիլտիլեանը (1883 Սվաս-1963 Սան Ֆրանսիսքօ) եւ մայրը՝ Հայկանոյշ Տէր Յարութիւնեան (1877 Սվաս – 1954 Ֆրանսա), որոնց յիշողութիւնները հաւաքած ու ամփոփած է Ցոլակ եւ Արամ Տիլտիլեաններու եղբօրորդին՝ Մարիձա Մետաքսեան (1901 Մէրզիֆոն – 1987 Ֆրանսա)։ Ընտանեկան հաւաքածոն կը բաղկանայ աւելի քան 600 լուսանկարներէ։
Leave a Reply