Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ որպէս ՄԱՐՄԱՐԱ-ի խմբագրապետ՝ 46 տարիէ ի վեր պատնէշի վրայ

IMG_7865dik

Մեր խմբագրապետը Ռ. Հատտէճեան, 27 Հոկտեմբերին որպէս Մարմարայի Խմբագրապետ լրացուց իր ծառայութեան 46ամեակը եւ ոտք դրաւ 47րդ. աշխատանքի շրջանի սեմէն ներս։

Ռ. Հատտէճեան Մարմարայի ղեկը ստանձնեց 27 Հոկտեմբեր 1967ին եւ այդ օրէն սկսեալ թէ որպէս սրատես եւ բանիմաց լրագրող, անմրցելի բեմբասաց, եւ թէ մանաւանդ որպէս բազմարդիւն եւ ներհուն գրագէտ, իր առաջնորդող յօդուածներով, հաւասարակշռեալ լրատուութեամբ, հիւթեղ եւ առինքնող գրականութեամբ, առաջատարը եղաւ լրագրական եւ գրական զարթօնքի մը, անհատուցանելի ծառայութիւն մատուցանելով մեր ազգային, համայնքային եւ մշակութային կեանքին, նաեւ հանդիսանալով աշխարհի մէջ հայ լրագրական ասպարէզէ ներս ամէնէն երկարատեւ շրջանով ծառայող խմբագրապետը։

Այս խիստ ուրախալի տարեդարձի առիթով, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր խմբագրապետը եւ կը մաղթենք իրեն առողջութիւն եւ նորանոր աշխատանքի արեւոտ օրեր։

ԱԿՈՒՆՔ-ի խմբագրութիւնը ի սրտէ միանում է այս շնորհաւորանքներին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ