Ապտի Իփէքճիի ոճրագործը կը հաստատէ, որ Թունճէլ հիացում ունէր իրեն նկատմամբ
Էրհան Թունճէլ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդրին մէջ պատասխանատուներէն մէկը նկատուած ու վերջերս կրկին ձերբակալուած էր, այս օրերուն մամուլի մէջ լայն տեղ կը գրաւէ իր խորհրդաւոր ինքնութեամբ։ Արդարեւ. ո՞վ է այս մարդը, որ շարունակ կը պնդէ. որ պետութեան մարդն է, թէ աշխատած է պետութեան ի շահ, եւ որ սակայն պետական շրջանակներու կողմէ ալ ընդունուած է որպէս Հրանդ Տինքի սպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկը։ Ո՞րն է ճիշդը։ Այս հարցումը դեռ իր պատասխանը չէ ստացած։ Յայտնի ալ չէ. թէ օր մը պիտի ստանա՞յ։
Երէկ «Հիւրրիյէթ»-էն արձագանգելով գրած էինք, որ Էրհան Թունճէլ Գումպուրկազի մէջ ձերբակալուելէ առաջ սրճարանի մը մէջ հանդիպումներ ունեցած էր Միլլիյէթի խմբագիր Ապտի Իփէքճին սպաննող Մէհմէտ Ալի Աղճայի հետ եւ ըսած էր, որ հիացում ունէր Աղճայի նկատմամբ։ Թէ ինչո՞ւ հիացում ունի այդ խորհրդաւոր ոճրագործին նկատմամբ, յայտնի չէ անշուշտ։ Բայց եթէ հարցուի Աղճայի, ան պիտի պատասխանէ, որ շատ բնական է, որ Թունճէլ հիացում ունենայ իրեն նկատմամբ, որովհետեւ ինք համաշխարհային չափով շարժում ստեղծած մարդ մըն է։ Աղճա այսպէս ըսած է Րատիքալի կողմէ իրեն հետ կատարուած նոր հարցազրոյցի մը ընթացքին, որ այսօր հրատարակուած է այս անգամ «Րատիքալ»-ի մէջ։
«Րատիքալ»-ի աշխատակից Իսմայիլ Սաղըրօղլու Գումպուրկազի մէջ կրցած է կապ հաստատել Աղճայի հետ ու զրոյց մը ունեցած է Թունճէլի ձերբակալութենէն վերջ պատահած իրադարձութիւններու առիթով։ Այս հարցազրոյցն ալ կուգայ մտնել Թունճէլի թղթածրարին մէջ եւ մեզի ցոյց կուտայ թէ մութ աշխարհի մարդիկը ինչպիսի հիացումներ ու համակրանքներ ունին իրարու նկատմամբ։
Աղճա պատմած է, թէ ան ինչպէս ծանօթացաւ Թունճէլին։ Երկար տարիներ բանտարկուելէ վերջ Աղճա եւս կը մնար Գումպուրկազի մէջ եւ հոն է, որ ծանօթացաւ Թունճէլին, որ նմանապէս բնակութիւն հաստատած էր Գումպուրկազի մէջ։ Էլազըղցիներու սրճարանը անոնց համար ժամադրավայր մըն էր։ Աղճա սապէս կը պատմէ.
«Խօսեցանք, ան ըսաւ, որ հիացում ունէր ինծի նկատմամբ։ Բնական է, որ ան հիացում ունենայ ինծի նկատմամբ, որովհետեւ ես համաշխարհային չափանիշով շարժում մը ղեկավարած եմ։ Թունճէլին քով կար Թուրք մամուլի մէջ աշխատող լրագրող մը, որուն անունը պիտի չտամ։ Անոնք ՄէՀէՓէ-ցի Էնվէր Ալթայլըի մասին գիրք մը գրել կ՚ուզէին։ Ես ալ Թունճէլին ըսի. «Պատմէ նայիմ սա Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդիրը»։ Թունճէլ պատասխանեց,, որ ինք որեւէ պատասխանատուութիւն չունէր, ինք իմացած էր որ Հրանդը պիտի սպաննեն, պետութեան լուր տուած էր։ Ես ալ կը հաւատամ, որ ան անմեղ է։ Մարդը պետութեան օգներ է։ Ո՞ր երկիրը կը ձերբակալէ այն անձը, որ ոճիրի մը մասին լրատուութիւն մը կ՚ընէ»։
Կարեւոր հարց մըն է նաեւ այն, թէ Թունճէլ ներկայիս ի՞նչ գործ կ՚ընէր եւ որքան դրամ կը շահէր։ Այս ալ մութ խնդիր մըն է։ Թունճէլ ըսած էր, որ կալուածի միջնորդութիւն կ՚ընէ ու ամիսը 15 հազար լիրա կը շահի։ Բայց Աղճա ըսաւ, որ ինք չէ իմացած, որ ան կալուածի միջնորդութիւն կ՚ընէ։
»Անիկա խեղճ վիճակ ունէր. Գումպուրկազէն չկրցաւ իսկ խոյս տալ։ Ունէր ազգական մը, որ բախտախաղ կը խաղցնէր ու ամիսը անպայման 40-50 հազար կը շահէր, անիկա Թունճէլին կուտար ամիսը 3 կամ 4 հազար լիրա գրպանի դրամ, Թունճէլ ատով կ՚ապրուէր»,- ըսած է Աղճա։
Գալով իրեն` Աղճա եւս կանոնաւոր գործ մը չունի, եւ գրպանը 2000 տոլար մը իսկ չկայ։ Արեւմտեան մամուլի համար գիրք մը գրեց ու հոնկէ եկած դրամով կ՚ապրուի։ «Երբեմն ալ ընկերներու հողամասերուն համար յաճախորդ կը գտնեմ ու դրամ կը շահիմ, ես Մարքսի նման յեղափոխական մըն եմ, ես տարբեր աշխարհի մը մարդն եմ, այս պատճառաւ ալ ես թշնամի մըն եմ»,- ըսած է Աղճա, որ ինչպէս աւելի առաջ, այս անգամ ալ մեծխօսիկութիւններ ունի իր խօսքերուն մէջ։
«Րատիքալ»-ի աշխատակիցը այս գործին ծայրը չէ թողած, հարցումներ ուղղած է նաեւ Էրհան Թունճէլի փաստաբանին եւ հարցուցած է, թէ այս մարդը ի՞նչպէս կ՚ապրուի։ Փաստաբանն ալ հաստատած է, որ ան կալուածի միջնորդութիւն կ՚ընէ։ Մինչդեռ կալուածի ուրիշ միջնորդ մըն ալ անհաւանական նկատած է ասիկա։ «Այսքան կարճ ժամանակի մէջ մարդ այսքան դրամ չի կրնար շահիլ կալուածի միջնորդութեամբ։ Առնուազն հինգ տարուան փորձառութիւն մը պէտք է` ամիսը այսպիսի գումար մը շահելու համար»,- ըսած է ան։
Վերջին հաշուով Էրհան Թունճէլի նոր ձերբակալութիւնը անգամ մը եւս մտածել կուտայ Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդրին մէջ անպատասխանի մնացած հարցումներուն մասին։ Այս խնդրին մէջ Թունճէ՞լն է, որ պատասխանատու է, թէ, ինչպէս կը պնդէ Թունճէլ, պետութիւնն է որ պատասխանատու է։
Leave a Reply