Հրանդ Տինքի սպանութեան բանալի դէմքերէն Էրհան Թունճէլ երէկ դարձեալ ձերբակալուեցաւ

ՄԱՐՄԱՐԱ

 «Պետութեան ծառայելու վարձատրութիւնը այս է ահաւասիկ», – պոռաց Թունճէլ

«Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի աղմկայարոյց սպանութիւնը վեց տարիէ ի վեր կը մնայ հանրութեան ուշադրութեան կիզակէտի վրայ, եւ հակառակ որ վճռաբեկ ատեանը 17 սեպտեմբերին բեկանեց դատարանին նախկին որոշումը, այն տպաւորութիւնը կայ, թէ դիտումնաւոր կերպով երեւան չեն հանուիր այս սպանութեան մութ ծալքերը։ Վճռաբեկ ատեանը պահանջած է, որ փնտռուի այս սպանութեան ետին կանգնած մարմինը, սակայն դատական հեղինակութիւններ կը փորձեն «համոզել», որ Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ պարզապէս ազգայնամոլ յանցագործ խմբակի մը կողմէ, որոնց գլուխը կանգնած էր «երէց եղբայր» Էրհան Թունճէլ։

Թունճէլ Տինքի սպանութենէն տասը օր վերջ ձերբակալուած էր, իսկ յունուար 2012-ին անպարտ արձակուած էր եղեռնադատ ատեանի վճիռով։ Մօտաւորապէս մէկուկէս տարի վերջ դճռաբեկ դատարանը բեկանեց նախկին վճիռը ու պահանջեց, որ Թունճէլ ձերբակալուի։ Էրհան Թունճէլ 17 սեպտեմբերի նիստին չէր մասնակցած հիւանդութեան պատճառով, իսկ յետոյ անհետացած էր ու ստիպած, որ ոստիկանութիւնը հետախուզում յայտարարէ զինքը ձերբակալելու համար։

Կասկած չկայ, որ Թունճէլ Հրանդ Տինքի սպանութեան բանալի դէմքերէն մէկն է ու եթէ ճշմարտութիւնները ըսէ, կրնայ լոյս սփռել դատավարութեան յետագայ գնացքի վրայ։ Երէկ ան ձերբակալուեցաւ Կումպուրկազի մէջ ու անմիջապէս ոստիկանատուն տարուեցաւ 38 օրուայ փախուստէն ետք։ Ձերբակալութենէն ետք իր առաջին իսկ յայտարարութիւնները խիստ կարեւոր էին ու կրկին ու կրկին օրակարգի կը բերէին Տինքի փաստաբաններու այն պնդումը, ըստ որու «Ակօս»-ի խմբագրապետը սպաննուած էր պետութեան հրահանգով»։ Արդարեւ, Թունճէլ ձերբակալութեան առաջին իսկ վայրկեաններուն յայտարարեց, թէ «ահաւասիկ այս է պետութեան ծառայելու արդիւնքը»` աւելցնելով նաեւ, որ իրեն համար պատիւ է ձերբակալուիլ 24 հոկտեմբերին` այն օրը, երբ մահապատիժի ենթարկուած էր նախկին վարչապետներէն Ատնան Մէնտէրէս։

Թունճէլ ձերբակալութենէն առաջ հարցազրոյց մը տուած էր «Սթար» թերթի աշխատակից Հէլին Շահինին ու ըսած էր, որ չի փախչիր, այլ կը պատրաստէ իր պաշտպանութիւնը եւ նոր փաստաթուղթեր, զորս պիտի ներկայացնէր ոստիկանութեան։ «Ես չեմ փախչիր, կը խորհիմ համապարփակ թղթածրար մը պատրաստել ԵՄԻԱ-ին ներկայացնելու համար։ Իմ իրաւունքներս ոտնահարուեցան, ինքնութիւնս բացայայտուեցաւ, ես յանկարծ դարձայ գլխաւոր ամբաստանեալը, գաղտնօրէն ունկնդրուեցայ, երբ սպանութիւնը կը ծրագրուէր, բոլոր մանրամասնութիւններու մասին տեղեակ պահեցի պատկան մարմինները, բայց հիմա միայն իմ վրայ է, որ բարդեցին ամբողջ մեղքը», – դիտել տուաւ Թունճէլ։

Իր խօսքերով` Տինքի սպանութիւնը ցոյց կուտայ,, որ պետութեան մէջ կայ «Էրկէնէքոն»-էն բարձր կառոյց մը, որ միշտ կը կանխէ յանցագործութեան բացայայտումը։ Ես այդ գործի մէջ փոքր մասնիկ մըն եմ, նշեց Թունճէլ` աւելցնելով, որ Տրապիզոնի ոստիկան զօրքերը մեծ դեր ունին այս ոճրին մէջ։

Թունճէլ պնդեց, որ զինք բանտարկելու մասին ատեանին որոշումը անարդար է, որովհետեւ միւս կասկածեալներուն դէմ նման քայլեր չեն առնուած։

«Եթէ ես պիտի ձերբակալուիմ, ուրեմն միւս ամբաստանեալներն ալ ինծի հետ միասին պէտք է բանտարկուին, որովհետեւ վճռաբեկ ատեանի վճիռը անոնց ալ կը վերաբերի։ Ես իմ պաշտպանական ճառին մէջ տեղեկութիւններ պիտի հաղորդեմ Տրապիզոնի ոստիկանութեան այն ժամանակահատուածի մասին, երբ եղած եմ ոստիկանութեան հետախուզութեան գործակալի օգնական։ «Տրապիզոնի ոստիկանութեան գործունէութիւնը եւս պէտք է հետաքննուի։ Սպանութեան մէջ անոնց դերը մեծ է։ Տինքի սպանութեան գործի թղթածրարը ամբողջովին սխալ է։ Այս սպանութեան հետ պետութիւնը կապ մը չունի։ Այս գործը «Էրկէնէքոն»- էն աւելի բարձր կառոյցի գործ է»,- ըսաւ ան։

Թունճէլ շեշտեց որ Տինքի սպանութիւնը կը նմանի Կապրիէլ Կարսիա Մարքէզի մէկ պատմութեան, ուր սպանութիւն մը տեղի կ՚ունենայ բոլորին աչքին առջեւ։ Ամէն մարդ գիտէր այն մասին, որ Հրանդ Տինք մահուան սպառնալիքներ կը ստանար, բայց ոեւէ մէկը չփորձեց կանխել։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ