ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, որ Հայտար Ալիեւի անուան այգին, որ եօթը տարի առաջ Անգարայի մէջ հիմնուած էր, վերածուած է աղբանոցի:
Այգին, որուն մէջ կայ մօտաւորապէս 81,000 ծառ, անխնամ մնացած է եւ վերածուած աղբավայրի: Տեղւոյն բնակիչները բողոքած են, որ նախ այգին ընտանիքներու համար հանգստանալու յարմար վայր մըն էր, սակայն աստիճանաբար իշխանութիւնները սկսած են այգին չխնամելու, եւ իբրեւ հետեւանք՝ անիկա վերածուած է աղբանոցի: Նաեւ, գիշերները հոն սկսած են հաւաքուելու գինովներ եւ թմրամոլներ, հրդեհներու պատճառ դառնալով:
Քաղաքապետարանի աշխատակիցները յայտնած են, որ, ըստ փաստաթուղթերու՝ նման այգի մը «առհասարակ գոյութիւն իսկ չունի», եւ իրենք ոչինչ կրնան ընել կացութիւնը բարելաւելու համար:
Անգարայի «Հայտար Ալիեւ» այգին աղբավայրի վերածուած է
•
Վերջին Յաւելումներ
- Քոնկրեսի շէնքին մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ 15 ապրիլին
- Թուրքիան աշխարհում ամենաշատ զենք ունեցող երկրների 10-յակում է
- Հայ դատի 60-ամեակ — բացառիկ հատորի մը հրատարակութեան առիթով



Leave a Reply