ՔԱՆՏԻԼ ԼԵՌՆԵՐ, Իրաք, «Ռոյթըրզ».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան քաղաքական թեւի ղեկավար Ճեմիլ Պայըք յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող զինեալ բախումներու ենթահողին վրայ, Թուրքիայէն հեռացած քիւրտ զինեալները կրնան Թուր-քիոյ մէջ նոր յարձակումներ կատարել, որովհետեւ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ ճակատ բացած է տեղւոյն քիւրտերուն դէմ:
Ըստ Պայըքի՝ քիւրտ զինեալները պատրաստ են հիւսիսային Իրաքէն Թուրքիա մուտք գործելու: «Այդ պատրաստակամութեան պատճառը այն է, որ Թուրքիան կը սատարէ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու դէմ իսլամական զինեալներու պայքարին», ըսաւ ան:
Անգարա կը շարունակէ հերքել նման պնդումներ:
Պայըք, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկն է, ընդունեց, որ Սուրիոյ հակամարտութիւնը բարդացուցած է քիւրտերու հետ խաղաղութեան հասնելու Թուրքիոյ ջանքերը:
Այս տարուան Մարտին, Թուրքիոյ եւ Քիւրտիստանի միջեւ զինադադար հաստատուած էր ու քիւրտ զինեալները սկսած էին հեռանալու Թուրքիայէն, սակայն Անգարա կը շարունակէ ձգձգել քիւրտերու ի նպաստ բարեկարգումներ կատարելու խոստումներուն իրականացումը:
Քիւրտերը կը սպառնան Թուրքիոյ մէջ յարձակումներու վերսկսիլ
•
Leave a Reply