Փրօֆ. Տօքթ. Ահմէտ Ագկիւնտիւզը կը մեղադրենք

Ahmet AkgunduzԴարուս ժամանակակից ողջամիտ հասկացողութիւնը, ժողովուրդներու եւ անձերու միջեւ ցեղական, լեզուական, կրօնական, սեռական ու ազգաբանական ինքնութեան խտրականական տեսակէտը կը մերժէ ու կը դատապարտէ:
Դարաշրջանիս ընթացքին մէջ, միջնադարեան մութութեան տակ թաղուած ցեղապաշտական մերձերցումները, ժողովուրդներու եւ անձերու միջեւ քէն ու ատելութիւն սերմանող վերաբերումները եւ զատորոշութիւնները սաստաստիճան կը մեղադրուին:
Դարուս ժամանակակից  ողջամիտ հասկացողութիւնը մեզմէ, ի մասնաւորին հաւաքականութեան ղեկավար ու առաջնորդներէ, մտաւորականներէ, գրողներէ, լրագրողներէ, արուեստագէտներէ, գիտնականներէ, դասախօսներէ եւ հանրածանօթ դէմքերէ կ’սպասէ ժողովուրդներու եւ անձերու միջեւ ոխ, քէն ու ատելութիւն սերմանող խօսքերէ ու վարմունքներէ բացարձակապէս խուսափիլ եւ ընդհակառակը սիրոյ եւ բարեցակամութեան  սերմեր ցանել: Ոչ թէ ցեղապաշտական զգացումները գրգռել ու զայրացնել, այլ ցեղապաշտութեան դէմ կենալ, ոչ թե խտրականութեան, այլ հաւասարութեան, ոչ թէ զատորոշութեան, այլ միատեղութեան, ոչ թե արհամարանքի, այլ բարեցակամութեան հիմքերու վրայ բարձրացող մարդկային փոխյարաբերութիւններ կը պահանջէ:
Հետեւաբար, Րօթթէրտամի Իսլամ Համալսարանի տեսուչ Փրօֆ. Տօքթ. Ահմէտ Ագկիւնտիւզ ի «Կէզին անկրօններու, հայերու եւ հարբածներու գործն է» (19.10.2013, Radikal օրաթերթ) յայտարարութիւնը հաւաքականութեան որոշ խաւերու  եւ ի մասնաւորին հայ ժողովուրդի արժանապատութիւնը շատ ծանր վիրաւորելով վշտացուցած, արհարամարած ու անարգած է:
Փրօֆ.Տօքթ. Ահմէտ Ագկիւնտիւզի այս վիրաւորիչ խօսքերը կ’որակենք որպէս միջնադարեան խաւարութիւննէն բարձրացող ձայն մը, որ ցեղապաշտութեան նեխածի հոտեր կ’արձակէ, եւ համալսարանի մը տեսուչին բերնին երբեք չի վայելեր:
Այս խօսքերը զայրագին ձեւով կը մեղադրենք եւ Փրօֆ. Տօքթ. Ահմէտ Ագկիւնտիւզը իր խօսքերը սրբագրելու կը հրաւիրենք:

Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Նատիա Ույկուն
Ռուսթէմ Այրալ
Զէյնէբ Թազտուման
Կարօ Գաբրիէլեան
Գրիգոր Սահակօղլու
Գրիգոր Էլմաեան
Աթիլլա Տիրիմ
Նուրհան Քայհան
Նուրհան Չէթինքայա
Ճումհուր Օրանչը
Կարպիս Չիչիքեան
Ջէվաթ Սինէթ
Ռաֆֆի Հերմօն Արաքս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ