Վարչապետ Էրտողան կրակ ժայթքեց Միջին Արեւելքի թէքնիք համալսարանի ուսանողներու եւ միւս ցուցարարներու հասցէին

ՄԱՐՄԱՐԱ

«Եթէ ճամբու վրայ մզկիթ իսկ ըլլայ, այդ մզկիթն ալ կը քանդենք ու այլ վայրի մէջ նորը կը կառուցանենք»

Երեքշաբթի Խորհրդարանական խմբակցութիւնները իրենց շաբաթական ժողովը գումարեցին` երկրի ներքին քաղաքական կեանքը «հարստացնելով» նորանոր հարցերով ու կուսակցապետներու կողմէ իրարու հասցէին ուղղեալ քննադատական յայտարարութիւններով։ Վարչապետ Էրտողանի ելոյթը կ՚ընդգրկէր տարողունակ օրակարգ մը՝ յատկապէս Անգարայի Միջին Արեւելք թէքնիք համալսարանի ցոյցերու, Պէ Տէ Փէցի երեսփոխաններու կողմէ Էօճալանին տրուած այցելութիւններուն, Սուրիոյ ներքին պատերազմի վերջին զարգացումներուն, ՄԻԹի տնօրէն Հաքան Ֆիտանի մասին պնդումներուն, Սպայակոյտի նախագահ, զօրավար Նէճտէթ Էօզէլին ուղղեալ քննադատութիւններուն, Եւրոմիութեան յառաջընթացի տեղեկագրին եւլն։

Խօսելով Եւրոմիութեան յառաջընթացի տեղեկագրի մասին` Էրտողան նշեց որ այն տպաւորութիւնն ունին, թէ Եւրոմիութեան միակ «տէրտը» Թուրքիան է, ու բացի յառաջընթացի տեղեկագրէն` Եւրոմիութիւնը ուրիշ որեւէ պարտականութիւն չունի Թուրքիոյ պետութեան նկատմամբ։ Էրտողան քննադատեց Սուրիոյ ներքին բախումներու առընչութեամբ Եւրոմիութեան անտարբեր կեցուածքը, ըսաւ, որ եւրոպական ընտանիքը տակաւին համարձակութիւն չունի Եգիպտոսի մէջ պատահածները կոչելու իրենց անունով՝ զինուորական յեղաշրջում։ «Եւրոմիութիւնը, որ առատաձեռն է թեկնածու երկիրները քննադատելու տեսակէտէ, ինքնաքննադատութիւն չ՚ըներ։ Կ՚ակնկալենք, որ Եւրոմիութիւնը իրեն իսկ համար յառաջընթացի տեղեկագիր մը պատրաստէ»,- ըսաւ Էրտողան։

Յաջորդ հարցը, որու վրայ ծանրացաւ վարչապետը, Անգարայի Միջին Արեւելք թէքնիք համալսարանի ուսանողներու վերջին ցոյցերն էին՝ մայրուղիի մը շինութեան պատճառով։ Էրտողան ըսաւ, որ կենսական նշանակութիւն ունեցող ճամբու մը շինութիւնը քաղաքակրթութիւն ցոյց կուտայ, եւ անընդունելի է ծառ կտրել-չկտրելու նման պատճառներ մէջտեղ նետել՝ ծրագիրները կացինահարելու համար։ Եթէ նոյնիսկ ճամբու մը վրայ մզկիթ ըլլայ, կը քանդենք այդ մզկիթը եւ այլ վայրի մը մէջ նորը կը կառուցանենք, դիտել տուաւ Էրտողան` յայտարարելով, որ բոլոր այս ծրագիրները խափանելու ճարտարապետը Ճէ Հէ Փէ կուսակցութիւնն է, որովհետեւ անոնք միայն ապօրինութիւններով զբաղած են ու հիմա «արդի յելուզակներու» նման կը ցցուին հոս ու հոն։ Անոնց միակ ըսելիք մը ունիմ, մենք պիտի շարունակենք մեր ճամբան ու պիտի զօրացնենք երկիրը, դիտել տուաւ վարչապետը։

 

ՄԻԹ-ի տնօրէն Հաքան Ֆիտանի մասին խօսելո`, կառավարութեան ղեկավարը ըսաւ, որ մինչեւ վերջ կանգնած են Ֆիտանի կողքին ու պիտի չարտօնեն, որ դուրսէն եւ ներսէն մութ ուժեր արատաւորեն անոր անունը։

Իսկ սպայակոյտի նախագահի համար ալ վարչապետը ըսաւ, որ ճիշդ չեն այն պնդումները, թէ զօրավար Էօզէլ չի հետաքրքրուիր բանակի եւ մանաւանդ լախտի դատավարութեան մեղադրեալներու հարցով։

Վարչապետ Էրտողան ծանր քննադատութիւններ ուղղեց նաեւ Պէ Տէ Փէի հասցէին ու ըսաւ, որ Իմրալըի մէջ Էօճալանի հետ հանդիպումները կը կազմակերպուին կառավարութեան որոշումով, եւ ոչ մէկը կրնայ ուղղութիւն ցոյց տալ իշխանութիւններուն։ «Կ՚ուզենք` կ՚ուղարկենք, կ՚ուզենք` չենք ղրկեր։ Ամէն մարդ իր չափը պէտք է գիտնայ։ Մենք ամէն առիթով ըսած ենք այս մասին։ Եթէ երկրի զգայնութիւններու պատճառով կարգ մը նիւթերու մասին լուռ կը մնանք, կարգ մը շրջանակներ պէտք չէ կարծեն, թէ կրնան օգտուիլ ատկէ»,- ըսաւ Էրտողան։

Քըլըճտարօղլուի, Պահչէլիի ու Տէմիրթաշի յայտարարութիւնները

Երէկ, բացի Էրտողանէն, Ճէ Հէ Փէ-ի, Մէ Հէ Փէ-ի ու Պէ Տէ Փէ-ի կուսակցապետներն ալ յայտարարութիւններ ըրին իրենց խմբակցութիւններու ժողովներու ընթացքին ու որպէս թիրախ ընտրեցին իշխանութիւնները։

Քըլըճտարօղլու անդրադառնալով «արդի յելուզակ» յորջորջումին, զոր Ճէ Հէ Փէ-ի հասցէին ըսած էր Էրտողան, նշեց որ իշխանութիւններն են, որ յելուզակներու պէս կը յարձակին պետական հաստատութեան մը վրայ (նկատի ունէր թէքնիք համալսարանը)։ Ճէ Հէ Փէ-ի առաջնորդը ըսաւ, որ Ա Գէ Փէ աշխարհի միակ կառավարութիւնն է որ կը համագործակցի ահաբեկիչ կազմակերպութիւններու հետ։

«Մեր օդաչուները ազատ արձակուեցան։ Իշխանութիւնները այնպէս ցոյց տուին, թէ իրենց ջանքերով եղաւ ատիկա։ Թող նստին-կանգին` Քաթարի շէյխի համար աղօթեն։ Այստեղ հարցն այն է, թէ ինչո՞ւ գերեվարուած էին թուրք օդաչուները»,- ըսաւ Քըլըճտարօղլու։ Ան պնդեց, նաեւ որ իրաւական դաշտը կը գտնուի քաղաքական ոյժի հսկողութեան ներքեւ, ու լախտի դատավարութեան վճիռները արձակուեցան քաղաքական նկատառումներով։

Մէ Հէ Փէ-ի կուսակցապետը իր կարգին քննադատեց քրտական հարցի լուծման գործընթացը ու ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը պիտի չարտօնէ որպէսզի մայր սահմանադրութիւնը բաժին առ բաժին խորհրդարան բերուի ու ՓՔՔ-ի պահանջները բաւարարուին նոր յօդուածներով։

Իսկ Պէ Տէ Փէ-ի կուսակցապետ Տէմիրթաշ անդրադարձաւ Ժողովրդավարացման ծրարին ու ըսաւ, որ այդ ծրարը դդումի մը նմանեցաւ։ «Կարելի էր աւելի մնայուն ու արմատական լուծումներ բերող թղթածրար մը պատրաստել, առկայ բարեացակամ մթնոլորտը փճացուցին»,- նշեց ան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ