ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄԱՐՄԱՐԱ

Կէզի հանրապարտէզի դէպքերը Անգարայի՞ մէջ կը կրկնուին

Թուրքիա որ ամրան առաջին երկու ամիսներուն բաւական փոթորկոտ օրեր ապրեցաւ Իսթանպուլի Կէզի հանրապարտէզի միջադէպերու պատճառով, Գուրպան պայրամի օրերուն դարձեալ թատերաբեմ դարձաւ նոր զարգացումներու։ Այս անգամ Անգարայի Միջին Արեւելքի Թէքնիք համալսարանն է որ դարձաւ բողոքի ցոյցերու նոր հարթակ մը։ Ինչպէս աւելի առաջ հաղորդած էինք, Անգարայի մայր քաղաքապետութիւնը կը կառուցանէ մայրուղիներու շղթայ մը, որու մէկ հատուածը պիտի անցնի այդ համալսարանին պատկանող անտառի մէջէն։ Օգոստոս ամսուն Անգարայի քաղաքապետութիւնը փորձ մը ըրած էր այդ անտառի ծառերը կտրելու եւ մայրուղիի համար անհրաժեշտ տարածքը բանալու ուղղութեամբ, սակայն Կէզի հանրապարտէզի դէպքերու ծանր հետեւանքները շատ թարմ էին ու այդ գործադրութիւնը առկախուեցաւ։ Բայց Գուրպան պայրամի օրերուն, մայրաքաղաքի քաղաքապետութեան անակնկալ որոշումով մը, գիշերուայ մը մէջ այդ հողատարածքը ծառերէն “մաքրուեցաւ”, մայրուղիի շինութեան համար։ Լուրը անմիջապէս տարածուեցաւ համալսարանական շրջանակներէ ներս։ Ուսանողներ, բնապահպանական կառոյցներու անդամներ բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին, կոչ ուղղելով որ նոր ծառատունկ մը կատարուի այդ տարածքի մէջ եւ չարտօնուի որ ծառաշատ այդ վայրը զոհ երթայ մայրուղիի մը շինութեան։ Երէկ առաւօտուն ցուցարարներ պայքարի իրենց արշաւին լծուեցան “տունկդ ա_ռ եւ եկո_ւր” կարգախօսի ներքեւ ու սկսան ծառատունկ իրականացնել մօտաւորապէս հազար հոգիի մասնակցութեամբ։ Անոնք նախ զանազան լոզունգներով բողոքեցին քաղաքապետութեան գործունէութեան դէմ ու պահանջեցին որ քաղաքապետ Կէօքչէք եւ Ա Գէ Փէ կառավարութիւնը հրաժարի։ Ճէ Հէ Փէցի կարգ մը երեսփոխաններ ալ կը զօրակցէին ցուցարար ուսանողներուն։

Գիշերուայ յառաջացեալ ժամերուն ուսանողները հաւաքուեցան համալսարանի Ա-4 մասնաշէնքի մօտ ու քաղաքապետութեան պատկանող օթօպիւս մը կեցնելով, արգելապատնէշ ըրին զայն։ Միջամտեցին յատուկ ջոկատներու ոստիկանները, որոնք արցունքաբեր կազ սրսկեցին ցուցարարներու վրայ եւ հսկողութեան տակ առին անոնցմէ խումբ մը։ Կը հաղորդուի որ ոստիկանական ուղղաթիռ մը, որուն մէջ կը գտնուէր մայրաքաղաքի ապահովութեան տնօրէն Գատիր Այ, օդէն կը ղեկավարէր գործողութիւնները։

Թուրքիոյ մէջ 1 յունուարէն սկսեալ զինուորական ծառայութիւնը կը կրճատուի

Թուրքիոյ Նախարարաց Խորհուրդը որոշում ընդունեց կրճատել զինուորական ծառայութեան շրջանը, որուն կը սպասէր ժողովուրդը անձկութեամբ։ Ընդունուած նոր որոշումին համաձայն, Թուրքիոյ մէջ այսուհետեւ զինուորական ծառայութեան շրջանը 12 ամիս պիտի ըլլայ։ Այս որոշումին գործադրութիւնը պիտի սկսի 1 Յունուարէն սկսեալ։ Ինչպէս ծանօթ է, մինչեւ այսօր զինուորական ծառայութեան շրջանը 15 ամիս էր։

Նախարարաց Խորհուրդի ժողովէն ետք, Փոխ Վարչապետ Պիւլէնտ Արընչ մամլոյ ծառայողներուն յայտարարեց որ 1 Յունուար 2014էն սկսեալ բոլոր անոնք որոնք լրացուցած են զինուորական ծառայութեան մէկ տարին, ազատ պիտի արձակուին։ “Թուրքիան այլեւս նոր Թուրքիա մըն է” ըսաւ Արընչ։

Իսկ այն հարցումին թէ այս որոշումէն ո՞րքան թիւով զինուորներ պիտի օգտուին, Արընչ պատասխանեց որ այս մասին յստակ թիւ մը տալ կարելի չէ, բայց կը նախատեսուի որ այս օրէնքէն օգտուին 70 հազար եւ աւելի զինուորներ։

Իլհամ Ալիյեւ աճապարանքով երդում ըրաւ երրորդ շրջանի համար

Ատրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները կայացած էին 9 Հոկտեմբերին ու Իլհամ Ալիյեւ երրորդ շրջանի համար ընտրուած էր որպէս երկրի Նախագահ։ Հակառակ որ եւրոպական ընտանիքը եւ միջազգային զանազան կառոյցներ խիստ քննադատութիւններ ունեցած էին ընտրութիւններու մասին, Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը երեք օր առաջ հրապարակեց պաշտօնական արդիւնքները, Սահմանադրական Ատեանը նախընթաց օր հաստատեց զանոնք եւ նոյն օրն իսկ տեղի ունեցաւ Ալիյեւի երդումի արարողութիւնը։ Այս հապճեպը մեծ զարմանք պատճառած է ազերիներուն։ Ո_չ ԿԸՅն եւ ոչ ալ Սահմանադրական Դատարանը քննած են ընտրական խախտումներու մասին ընդդիմութեան բողոքները, հակառակ որ Սահմանադրական Դատարանը պարտաւոր էր 14 օրուայ ընթացքին քննարկել այդ բողոքները եւ համապատասխան վճիռը արձակել։

“Ազատլըք” թերթը կը գրէ որ Ալիյեւի երդումի արարողութիւնը կայացած է անշուք մթնոլորտի մէջ, արտասահմանեան ոեւէ դեսպան կամ դիւանագէտ չէ մասնակցած միջոցառման, իսկ Ալիյեւի բանբերն ալ, մեկնաբանելով այս իրողութիւնը, ըսած է որ Նախագահը համեստութիւն ցոյց տուած է։ Այս խօսքերը իրականութիւնը չեն ցոլացներ, որովհետեւ 2003 եւ 2008 թուականներուն Ալիյեւի երդումի հանդիսաւոր արարողութիւնները սփռուած էին զանազան կայաններու կողմէ, իսկ հիմա այն տպաւորութիւնը կը տիրէ թէ այդ թուականներուն Ալիյեւ համեստ չէր, բայց հիմա մէկ անգամէն փոխուած ու համեստ բնաւորութիւն ստացած է։

“Իլհամ Ալիյեւ շատ պիտի ուզէր որ իր երդումի արարողութեան մասնակցէին արտասահմանեան երկիրներու ղեկավարներ ու դեսպաններ։ Սակայն, ան լաւ կը հասկնայ, որ ատիկա չէր կրնար ըլլալ, քանի որ աշխարհ չի ճանչնար ընտրութիւններու արդիւնքը։ Այդ տեսակէտէ իշխանութիւնը շփոթ վիճակի մէջ է։ Իշխանութիւնը կը փորձէ պնդել թէ Սահմանադրական Դատարանը իր որոշումը տուաւ եւ Ալիյեւ այլեւս պաշտօնապէս Նախագահ է։ Նոյն օրը Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մամէտով Պաքու ակնարկեց թէ Ատրպէյճան կրնայ հրաժարիլ Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան պայմանագրէն, ինչ որ իշխանութեան հերթական շանթաժն է։ Իշխանութիւնը ատով Արեւմուտքին կը հասկցնէ որ եթէ Իլհամ Ալիյեւի նախագահութիւնը չընդունուի, Ատրպէյճան պիտի հրաժարի Եւրոպայի հետ համարկուելու գործընթացէն։ Սակայն փորձագէտներու կարծիքով այդ բոլորով իշխանութիւնները աւելի գէշ վիճակի մէջ կը դնեն իրենք զիրենք ու ցոյց կուտան որ բռնագրաւում մը խնդրոյ առարկայ է”, կը գրէ թերթը։

Հայերէնով նախաընտրական արշաւ կարգ մը նահանգներու մէջ

ՀապէրԹիւրք հեռատեսիլի կայանի լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ թէ երկրէն ներս այլեւս կարելի պիտի ըլլայ նախաընտրական քարոզչութիւն իրականացնել թրքերէնէ զատ՝ հայերէն, քրտերէն, արաբերէն ու աբխազերէն լեզուներով։ Ժողովրդավարացման ծրարի կէտերէն մէկուն մէջ կը նախատեսուի որ բացի թրքերէնէն, քաղաքական գործիչներ կարենան քարոզչութիւն կատարել յիշեալ լեզուներով։

Կայքէջի համաձայն, քաղաքական գործիչներուն արտօնուած է հայերէնով քարոզչութիւն իրականացնել Իսթանպուլի, Հաթայի, Տիյարպաքըրի եւ Կարսի մէջ, քրտերէնով՝ Թուրքիոյ բովանդակ տարածքին, արաբերէնով՝ Մարտինի ու Սղերդի մէջ, աբխազերէնով՝ Պիլէճիքի, Էսքիշէհիրի, Սամսունի, Ամասիոյ, Թոքատի եւ Տիւզճէի մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ