Նոր հայը՝ իսլամացածը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ո՞վ է հայը, երբեմն ես ինծի հարց կու տամ:

Թէեւ շատերուն համար այս հարցումը կրկնութին կը թուի ըլլալ, բայց նաեւ միւս կողմէ ալ կը կարծեմ, որ իրենց կորսուած յիշողութիւններու ծալքերը կրնայ բանալ:

Հայ ենք ու մինչեւ այսօր մեր գոյութեան ամբողջ տեւողութեան տառապած ժողովուրդ մը եղած ենք: Այս է մեր ճակատագիրը` արդարացած ենք: Սակայն, հակառակ այս բոլոր ճշմարտութեան, այս օրերուն դարձեալ հարց կու տամ՝ ո՞վ է հայը:

Կը հաւատամ, որ մեր ապրած կեանքը հետաքրքրական, կամ աւելի ճիշդ, լաւ ու վատ անակնկալներով լեցուն ըլլալով հանդերձ, հոգեբանական կէտեր ալ ունի: Այսպէս` եթէ գիտենք, որ մեր հարցումը որոշ պատասխան մը չունի, առաւել հաճոյքով կրկին անգամներ հարց կու տանք: Այս մէկը թէեւ կը նմանի օդին մէջ կրակելու պէս բանի մը, բայց ինծի համար մղձաւանջ ալ է:

Միտքս այս ծփացող խոհերէն ազատելու համար յստակացնեմ:

Նախ ըսեմ, որ այս օրերուն գրեթէ ամէն առիթներով կը յիշենք ու կը վերյիշենք մեր մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակները: Կը խօսինք մեր Դատի մասին ու մօտէն կը հետեւինք անոր հետզհետէ զարգացող ծալքերուն: Ու յանկարծ մեր աչքին առջեւ կը պատկերացնենք այն նոր երեւոյթը, թէ տակաւին մեր պապենական հողերուն վրայ կ՛ապրին հայեր, որոնք իսլամացած են: Այլ խօսքով` մեր հարազատ հողերուն վրայ տակաւին իրենց հայութիւնը գաղտնօրէն պահող հայեր կ՛ապրին, որոնք կրօնքով իսլամ են՝ իսլամ հայ:

Արդեօք նման բան կարելի՞ է ընդունիլ, հասկնալ, համակերպիլ:

Կ՛ենթադրուի, թէ աւելի քան երկու միլիոնի կը հասնի այս հայերուն թիւը, որոնց համար Մեծ Եղեռնի օրերուն կեանքը ձեւով մը ունեցած էր տարբեր ներքին հաշտութիւն մը:

Մինչեւ հիմա շատ քիչ խօսուած է այս «հայերուն» մասին: Բայց երբ կամաց կամաց քաղաքականութեան սլաքը փոխուեցաւ, կարծես այս հարցը տագնապալի ծուխի մը նման եկաւ եւ լեցուց մեր էութիւնը:

Իսլամ հայեր:

Այս հայերը, մեկնելով իրենց հաւատքէն, կրնա՞նք հայ կոչել, անուանել կամ հայերու դասին շարել: Իսկ իրենք ալ, իրենց կարգին, որքանո՞վ կ՛ընդունին իրենց հայ ըլլալը: Կ՛ուզե՞ն հայ սեպուիլ, թէ ոչ կը նախընտրեն ներկայ իրենց այս իրավիճակը շարունակել: Ո՞ր աստիճանի է իրենց ենթագիտակցութիւնը:

Հաւատացէք, այս տողերը պարզ վանկերու խումբ մը չեն եւ ոչ ալ հանգերու տողանցք, այլ սոսկ մտահոգութիւն եւ մինչեւ հիմա անպատասխան մնացած հարցի մը յայտնաբերում: Իբրեւ աւանդապահ ժողովուրդի մը հարազատ զաւակ` բոլորս ալ գիտենք, որ եթէ հայ ես, ուրեմն քրիստոնեայ պէտք է ըլլաս, ոչ աւելի եւ ոչ պակաս: Մինչեւ հիմա Քրիստոսով ու խաչով լեցուած էր մեր հաւատքը: Ուրիշ կրօն ընդունելի չէր: Ու մեր դարաւոր կրօնին ու հաւատքին համար հեղեղի նման արիւն թափած էին:   Վկայ` մեր պատմութիւնը:

Դարերէ ի վեր քրիստոնեայ ենք մեր երեք յարանուանութիւններով: Անհաւատ կամ միասեռական հայուն մասին չէ մեր ակնարկութիւնը:

Իսկ հիմա ալ՝ իսլամացած հայ: Ի՞նչ ըսել է իսլամ հայ եւ աւելին՝ արդեօք նման հայերու ներկայութիւնը որքանո՞վ ընբռնելի է կամ ալ ընդունելի է: Այո, ոչ, չեմ գիտեր: Միայն այն գիտեմ, որ իսլամացած այս հայերը երկար ատենէ ի վեր ծածուկ ու մեր սրտերէն անգիտակ, կարծես մեզի հետ լռութեամբ կը խօսէին ու կ՛ապրէին գաղտնի, տեսակ մը ուրուականի նման: Հաւանաբար, մեզի կը սպասէին, մեր գիտակցութեան զարգացման: Ահա այս օրերուն մէջտեղն են: Ինչպէս կարելի պիտի ըլլայ զիրենք, իբրեւ հաւաքական կերպար, ներառել մեր մէջ կամ խառնել հայութիւն կոչուած մեր ազգային արդէն իսկ խառն կաթսային մէջ:

Անկեղծօրէն ըսելով` ինծի համար այս հայերը տակաւին չեն նահանջած, չեն մեռած, կը շնչեն, կ՛ապրին: Հայ են, թէեւ տարբեր կրօն ունին: Մեր արիւնէն են` ուզենք կամ չուզենք, ու ճակատագիրի բերումով Քրիստոսի փոխարէն տարբեր մարգարէի մը կը ծառայեն:

Ուստի կ՛ընդունիմ, որ նման հայեր նոր ժամանակներու կը պատկանին: Բայց հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ մեր հոգին եւ միտքը բանալ դէպի այս իրականութիւնը: Ցարդ ամէն բան լուռ էր, բայց այնպէս կ՛երեւի, թէ այդ լռութիւնը ձայներով լեցուն էր, ու մենք չէինք լսած:

Չմոռնանք, որ մինչեւ հիմա ազգովին տուժած ենք, որովհետեւ միակամ ու պատրաստ չենք եղած: Արդեօք հիմա պատրա՞ստ ենք՝ դուք ձեզի հարց տուէք: Ահա այս մէկն է, որ միջուկը կրծող որդերու նման հարց կը դառնայ մեր միտքերուն մէջ:

Ճիշդ է, որ դժուար է երէկը հաշտեցնել այսօրուան հետ: Բայց գաղտնիքը բացուած է:

Հազարաւոր հայեր, յարգելի կամ ոչ պատճառներով, իսլամացած են ու ներկայիս կ՛ապրին իրենց պապենական ու հարազատ հողերուն վրայ: Տեղահան չեն եղած: Չեն ջարդուած եւ աւելին՝ մեզմէ աւելի իրենք են այդ հողերուն իսկական եւ իրաւական տէրերը: Անոնք աւելորդ փաստի կամ դատի կարիքը չունին:

Արդեօք պիտի ընդունի՞նք զիրենք իբրեւ հայ: Արդեօք մեր այս նոր որդեգրումը մեղանչում մը պիտի չնկատուի՞ Աւարայրներ մղած մեր պապերուն համար:

Իրականութիւն է, որ իւրաքանչիւրիս մտածելակերպը մեր վաղն է: Գիտեմ նաեւ, որ հայուն կեանքը ինքնին հայոց պատմութիւն ալ է: Արդ, այս բոլորէն ետք ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ որոնել հայուն ինքնութիւնը:

Ահա 21րդ դարու մեր պատմութեան հարցերէն մէկը: Արդեօք քննելու պատրա՞ստ ենք:

http://asbarez.com/arm/175579/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ