ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլիս բնակող Յակոբեաններու ընտանիքը մոմեր վառած է Սասուն գտնուող իր պապենական գիւղին մէջ. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը:
Յակոբեանները այցելած են Սասնոյ գաւառը ու հիւրընկալուած են իրենց պապերու գիւղին մէջ, ուր Այշէ Յակոբեանն ու ընտանիքի միւս անդամները աղօթած են աշխարհի խաղաղութեան համար:
Նշելով, որ Սասունը թէ՛ բնութեան, թէ՛ կենսակերպի առումով հրաշալի վայր է՝ Յակոբեաններու ընտանիքի անդամներէն մէկը ըսած է. «Թէպէտ մենք հոն եկած ատեն որոշ մտահոգութիւններ ունէինք, տեղացիներուն հիւրընկալութիւնը ապացուցեց, որ մեր մտավախութիւնները անտեղի էին: Ես Պոլիս ծնած եմ, սակայն միշտ ես զիս սասունցի կը համարեմ»:
Պոլսահայեր կ՛այցելեն Սասնոյ իրենց պապենական գիւղը
•
Վերջին Յաւելումներ
- Անի Իփէքքայայի գիրքը հանդիպում թատրոնի “յիշողութեան” հետ
- Թուրքիայում քրդաբնակ քաղաքներն ամենաքիչ վարկային բեռն ունեն
- «Հոյպուն»ի մասին գիտական մենագրութիւն կը պատրաստուի



Leave a Reply