Պոլսահայեր կ՛այցելեն Սասնոյ իրենց պապենական գիւղը

ՊոլսահայերԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլիս բնակող Յակոբեաններու ընտանիքը մոմեր վառած է Սասուն գտնուող իր պապենական գիւղին մէջ. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը:
Յակոբեանները այցելած են Սասնոյ գաւառը ու հիւրընկալուած են իրենց պապերու գիւղին մէջ, ուր Այշէ Յակոբեանն ու ընտանիքի միւս անդամները աղօթած են աշխարհի խաղաղութեան համար:
Նշելով, որ Սասունը թէ՛ բնութեան, թէ՛ կենսակերպի առումով հրաշալի վայր է՝ Յակոբեաններու ընտանիքի անդամներէն մէկը ըսած է. «Թէպէտ մենք հոն եկած ատեն որոշ մտահոգութիւններ ունէինք, տեղացիներուն հիւրընկալութիւնը ապացուցեց, որ մեր մտավախութիւնները անտեղի էին: Ես Պոլիս ծնած եմ, սակայն միշտ ես զիս սասունցի կը համարեմ»:

http://asbarez.com/arm/175470/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ