Դարձեալ նոյն յանկերգը.Այա Սօֆիան թող մզկիթի վերածուի
Պայրամի օրերու հետաքրքրական իրադարձութիւններէն մէկն էր այն քարոզը, զոր Սուլթանահմէտի մզկիթի իմամը խօսեցաւ պայրամի առիթով։ Ան պահանջեց, որ Այա Սօֆիան որպէս մզկիթ բացուի։
Մզկիթը ամէնէն բազմամարդ օրերէն մէկը ապրեցաւ պայրամի օրով, ու երբ Իսթանպուլի գլխաւոր մահմետական քարոզիչ Մուսթաֆա Ագկիւլ խօսեցաւ, նախ անդրադարձաւ Ժողովրդավարացման ծրարին եւ ըսաւ, որ շատեր իրենց ուզածը ստացան, բայց մենք ալ բան մը պիտի չուզե՞նք Ծրարէն։
«Մենք ալ պիտի ուզենք, ուրեմն որ Այա Սօֆիան այլեւս մզկիթի վերածուի ու բացուի մահմետականներու պաշտամունքին։ Ինչո՞ւ Ծրարին մէջ այս հարցը չկայ։ Այա Սօֆիան շատ մեծ ըլլալո՞ւն համար է, որ չէ մտած Ծրարին մէջ։ Դեռ քանի՞ Ծրարի պիտի սպասենք, որպէսզի Այա Սօֆիան մզկիթի վերածուի։ Բայց պիտի ըլլայ։ Աստուծոյ հրամանաւ օր մը պայրամի աղօթքը Այա Սօֆիայի մէջ պիտի ընենք»,- ըսաւ Ագկիւլ։
Ագկիւլին այս քարոզը տեղի տուաւ որոշ շրջանակներու բողոքին։
Ոմանք այս նիւթի մասին խօսեցան ու Ագկիւլին յանձնարարեցին հեռու մնալ Այա Սօֆիայէն, որովհետեւ անիկա Իսթանպուլի ամէնէն հին ու պատմական կառոյցն է։
Ոչ–իսլամներն ալ կրնան ոստիկան դառնալ
Վերջերս այս երկրին ասորիները ուրախանալու բազմաթիւ առիթներու հետ դէմ յանդիման եկան։ Նախ` մայրենի լեզուով ուսուցման իրաւունք շահեցան, յետոյ` կառավարութիւնը որոշեց վերադարձնել Մօր Կապրիէլ վանքի ընդարձակ հողամասերը։ Իսկ հիմա ասորիները երրորդ ուրախութիւն մըն ալ կրնան ապրիլ։ Եթէ ուզեն, պիտի կարենան ոստիկան ըլլալ։
Այս ալ հետաքրքրական լուր էր պայրամի օրերուն։ Ասորի համայնքի Առաջնորդ եւ պատրիարքի փոխանորդ Եուսուֆ Չէթին «Միլլիյէթ»-ի մէջ հրատարակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին հարցուցեր է.
«Ինչո՞ւ տարբեր կրօնքէ հայրենակիցներուն պարտականութիւններ չեն տրուիր քաղաքական կեանքի, բանակի կամ ոստիկանական համակարգի մէջ»։
Եուսուֆ Չէթինի այս հարցումին Պայրամի օրով պատասխան մը եկաւ Ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութենէն, որ «Թուիթըր»ի- մէջ ասորի հայրենակիցները ու միւս կրօնքի պատկանողները հրաւիրեց ոստիկանութեան համակարգի մէջ պաշտօն ստանձնելու։ Որեւէ արգելք չկայ, մեր ոչ իսլամ հայրենակիցները թող մասնակցին քննութիւններուն ու ոստիկան դառնան, ըսուեցաւ «Թուիթըր»-ի մէջ։
Տեսնենք, թէ այս հրաւէրը ընթացք պիտի գտնէ՞։ Մնաց, որ անշուշտ խնդիրը միայն ոստիկան ըլլալու մասին չէ։
Leave a Reply