Եւրոպահայերու երրորդ համագումարը աւարտեց իր աշխատանքները

 
Երկօրեայ հաւաքին երկրորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 15ին, համագումարը շարունակուեցաւ Եւրոպական խորհրդարանէն ներս (Առաջին օրուան տեղեկագրութիւնը տեսնել «Ասպարէզ»ի անցեալ Չորեքշաբթի օրուան՝ Հոկտեմբեր 16ի թիւին մէջ): Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան «Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն» քաղաքական խումբի (համագումարի հովանաւոր) նախագահ Ժոզէֆ Տոլ, Եւրոերեսփոխան եւ Եւրոխորհրդարանի մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Էլենի Թէոխարուս, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու համակարգող Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Իր ողջոյնի խօսքէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական եկեղեցական կալուածները վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին: Ապա, քննուեցաւ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ Միջազգային Օրէնքը» թեման, որուն ընթացքին ականաւոր մասնագէտներ ներկայացուցին Հայկական Ցեղասպանութեան եւ հատուցումներու հարցը: Այս զրոյցին ելոյթ ունեցան փրոֆ. Եաիր Օրոն (Իսրայէլ), Թէոֆանիս Մալքիտիս (Յունաստան), Վլատիմիր Վարդանեան (Հայաստան) եւ Անրի Թերիօ (ԱՄՆ): Նաեւ ելոյթ ունեցաւ Քիրսթըն Մէյրսխարթ (Հոլանտա): Զրուցավարներն էին եւրոերեսփոխան Ֆրանք Էնկել (Լիւքսեմպուրկ, «ԵԺԿ», Եւրոխորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ) եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի յանձնախումբերու համակարգող):
Երկրորդ օրակարգն էր «Հարաւային Կովկասի հեռանկարներ» նիւթը, որուն ընթացքին իրենց զեկուցումներով հանդէս եկան Եւրոնեսթի Մարդկային իրաւանց եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու փոխնախագահ՝ եւրոերեսփոխան Քնութ Ֆլեքենշթայն (Գերմանիա, Սոցիալ դեմոկրատներու խմբակցութիւն), Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին գործոց յանձնախումբի փոխնախագահ, պուլկար եւրոերեսփոխան Անտրէյ Քովաչեւ («ԵԺԿ»),

Կիպրոսի «Լիտրա» քոլեճի նախագահ դոկտ. Եոանիս Խարալամպիտիս, ՄԱԿի Ներքին արդարադատութեան խորհուրդի անդամ, Մեծն Բրիտանիոյ իրաւաբան եւ արքայական պալատի խորհրդատու Ճէօֆրէյ Ռոպերթսըն, Մինսկի խումբի ֆրանսացի նախկին համանախագահ Պերնար Ֆասիէ եւ Եւրոնեսթի փոխնախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան:

Այս երկու օրուան օրակարգերու քննարկման ընթացքին օտար երեսփոխաններ, քաղաքագէտներ եւ մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի զանազան գաղութներու եւ միութիններու ներկայացուցիչներ քննարկեցին Հայաստանի եւրոպական համարկման հարցի տարբեր երեսները, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան յառաջընթացը, Եւրոպայի հայ գաղութներուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու կարողականութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութեան հատուցման հարցն ու իրաւունքներու հետապնդման նոր քաղաքականութեան մշակումը:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան այս առթիւ ըսաւ. «Եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը պատմական կրնանք համարել այն բանով, որ Պրիւքսէլի մէջ եւ յատկապէս Եւրոխորհրդարանին մէջ մէկտեղուած Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի կրօնական ու հասարակական-քաղաքական ներկայացուցիչները միաձայնութեամբ իրենց վճռակամութիւնը յայտնեցին՝ ի շահ Հայասատանի զարգացման, Արցախի ճանաչման եւ Սփիւռքի գոյատեւման սրբազան առաքելութեանց»:

http://asbarez.com/arm/175237/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ