Աւստրալիոյ նոր կառավարութեան 20 տոկոսը կողմ է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին

ANC AustraliaԱւստրալիոյ նորընտիր վարչապետ Թոնի Էպպըթը եւ երեք նախարարներ, որոնք վերջին երեք տարիներուն ընդդիմութեան շարքին էին, մշտապէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին խօսած են իրենց հրապարակային ելոյթներուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ: Այս մասին ՝ ըստ panarmenian կայքին՝ կը յայտնէ ANC Australia-ն:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը (ANC Australia) կը գտնէ, որ «հայերը պէտք է ուրախ ըլլան, որ Աւստրալիոյ նոր կառավարութեան 20 տոկոսը, ինչպէս նաեւ ԱԳՆ անդամներէն շատերը հանդէս կու գան Աւստրալիոյ կողմէ ի շահ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Աւստրալիոյ նոր գանձապետը, ծագումով հայ Ճոյ Հոքքին, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ամենագործունեայ կողմնակիցն է: 2005 թուականին Երեւանի մէջ ան այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ այդ օրուընէ ի վեր հաւատարիմ կը մնայ այդ հարցով իր դիրքորոշման մէջ:

Կապի նախարար Մալքոլմ Թերնպուլլը ելոյթով հանդէս եկած է 2011-ին խորհրդարանին մէջ` յորդորելով ճանչնալ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Անոր միացաւ գաղթականութեան նախարար Սքոթ Լորիսընը: Բացի այդ, ընդդիմութեան առաջնորդ, ներկայիս վարչապետ Թոնի Էպպըթ ամէն տարի ապրիլ 24-ին հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:

Ըստ ANC Australia գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեանի, Հայ Դատի յանձնախումբը անհամբեր կը սպասէ Աւստրալիոյ կառավարութեան հետ համատեղ աշխատանքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով: Հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, որ այս ամրան աւստրալացի խումբ մը խորհրդարանականներ Նոր Հարաւային Ուէյլսի նահանգէն այցելած են Արցախ:

http://www.yerakouyn.com/?p=40714

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ