ՓՐՈՎԻՏԸՆՍ, Ռոտ Այլընտ, «Արմինիըն Ուիքլի».- Տիգրանակերտի (Դիարբեքիր-Ակունքի խմբ.) Սուր քաղաքի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշ հինգշաբթի հոկտեմբեր 10ին այցելած է Փրովիտընս գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան՝ ծաղկեպսակ մը զետեղելով անոր առջեւ:
Տեմիրպաշի ընկերակցած են Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ինկլընտ շրջանի քիւրտ եւ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Յուշարձանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Տեմիրպաշ ըսած է. «Կը խոնարհինք իրենց կեանքերը կորսնցուցած զոհերու յիշատակին առջեւ» եւ աւելցուցած, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ դերակատարուութիւն ունեցած են նաեւ քիւրտերը՝ միաժամանակ շեշտելով պատմութեան հետ հաշտուելու կարեւորութիւնը:
Ան դարձեալ կոչ ըրած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ներողութիւն խնդրեն եւ վնասուց հատուցում տրամադրեն՝ ըսելով. «Ներողութիւն խնդրելը հասունութեան նշան է»:
Տեմիրպաշ անցեալ շաբաթ քիւրտերու անունով ներողութիւն խնդրած էր հայերէն եւ ասորիներէն, 1915ի ջարդերուն մէջ քիւրտերու դերակատարութեան համար:
http://asbarez.com/arm/174801/
Leave a Reply