Տիգրանակերտի քաղաքապետը Փրովիտընսի ցեղասպանութեան յուշարձան կ՛այցելէ

Տիգրանակերտի ՔաղաքապետՓՐՈՎԻՏԸՆՍ, Ռոտ Այլընտ, «Արմինիըն Ուիքլի».- Տիգրանակերտի (Դիարբեքիր-Ակունքի խմբ.) Սուր քաղաքի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշ հինգշաբթի հոկտեմբեր 10ին այցելած է Փրովիտընս գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան՝ ծաղկեպսակ մը զետեղելով անոր առջեւ:
Տեմիրպաշի ընկերակցած են Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ինկլընտ շրջանի քիւրտ եւ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Յուշարձանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Տեմիրպաշ ըսած է. «Կը խոնարհինք իրենց կեանքերը կորսնցուցած զոհերու յիշատակին առջեւ» եւ աւելցուցած, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ դերակատարուութիւն ունեցած են նաեւ քիւրտերը՝ միաժամանակ շեշտելով պատմութեան հետ հաշտուելու կարեւորութիւնը:
Ան դարձեալ կոչ ըրած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ներողութիւն խնդրեն եւ վնասուց հատուցում տրամադրեն՝ ըսելով. «Ներողութիւն խնդրելը հասունութեան նշան է»:
Տեմիրպաշ անցեալ շաբաթ քիւրտերու անունով ներողութիւն խնդրած էր հայերէն եւ ասորիներէն, 1915ի ջարդերուն մէջ քիւրտերու դերակատարութեան համար:

http://asbarez.com/arm/174801/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ