Էրտողան թուրքերուն կը վերագրէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ կառուցումը

Աղթամարի Ս. ԽաչԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցին թուրքերու կողմէ կառուցուած է եւ վերաբացուած է հանրութեան առջեւ:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ վարչապետը իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ընթացքին խօսած է Թուրքիոյ մէջ իրենց կողմէ վերանորոգուած եկեղեցիներուն մասին, եւ Աղթամարի Սուրբ Խաչին վերաբերեալ յայտարարած է հետեւեալը. «Վանի Աղթամարը մենք կառուցած եւ բացած ենք: Տարսոնի եկեղեցին ալ, Սումելայի վանքն ալ մենք բացած ենք»:
Նշենք, որ Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցին կառուցած է ոչ թէ Էրտողանը, այլ Վասպուրականի իշխան Գագիկ Արծրունին՝ 915-921 թուականներուն: Պարզապէս, Թուրքիոյ կառավարութեան միջոցներով վերանորոգուեցաւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին եւ բացուեցաւ իբրեւ թանգարան: 2010էն ի վեր, տարին միայն մէկ անգամ պատարագ մատուցելու իրաւունք տրուած է եկեղեցիին:

http://asbarez.com/arm/174679/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ