ԵՐԵՒԱՆ, «Համահայկական ցանց».- «Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ անցեալ շաբաթ ներկայացուած Ժողովրդավարացման ծրարը յոյս ներշնչեց ոչ իսլամ բնակչութեան, սակայն, հանրութեան անդամներէն ոմանք նշեցին, թէ անհրաժեշտ է առաւել նպատակաուղղուած աշխատանք՝ տասնամեակներով կուտակուած խնդիրներու լուծման համար», կը գրէ թրքական «Զաման» թերթը:
«Ժողովրդավարացման ծրարն ունի հեռանկարային բարեփոխումներ: Անիկա ճամբայ կը հարթէ յստակ քայլերու առջեւ, որոնք հարկաւոր են ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերու լուծման համար, սակայն բաւարար չեն մեր հիմնական խնդիրներու լուծման», թերթին ըսած է Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Քոչունեան: Ան յայտնած է նաեւ, որ հայ համայնքի գլխաւոր պահանջն է իրաւական կարգավիճակի շնորհում Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին:
«Այնուամենայնիւ, մենք շատ կարեւոր կը նկատենք ժողովրդավարացման ջանքերը, որոնք գործադրուած են վերջին 10 տարիներուն ընթացքին», աւելցուցած է ան:
Քոչունեան Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին համար իրաւական կարգավիճակ կ՛ուզէ
•
Վերջին Յաւելումներ
- Սա առջի Բարեկենդանն է
- «Turkish Airlines»-ը կանոնավոր չվերթեր կիրականացնի դեպի ույղուրական ինքնավար շրջան
- Յիշողութիւնը ջնջելու դիւանագիտութիւնը- Ծիծեռնակաբերդէն Պաքու` յիշողութեան վաճառքը



Leave a Reply