ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄԱՐՄԱՐԱ

ՄՕՐ ԿԱՊՐԻԷԼ ՎԱՆՔԻ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՀՈՂԱՄԱՍԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻՆ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ

Երկրին Ասորիները (Սուրիանի) կրնան մեծ տօնակատարութիւն սարքել, որովհետեւ Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան Խորհուրդը որոշեց ետ վերադարձնել Ասորիներու պատմական Մօր Կապրիէլ վանքի բռնագրաւուած կալուածները։ Ասիկա սովորական կալուած մը չէ։ Խնդրոյ առարկայ է 244 արտավար տարածութեամբ շատ ընդարձակ գետին մը, ուստի կարելի է պնդել որ Հանրապետութեան շրջանին այսքան ընդարձակ հողամասի մը վերադարձուիլը չէր տեսնուած։

Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէն Ատնան Էրթէմ երէկ մամուլին հաղորդեց թէ Վագըֆներու Խորհուրդը իր վերջին նիստի ընթացքին միաձայնութեամբ որոշեց Ասորիներուն վերադարձնել այս հողամասը։ Ինչպէս գիտեն մեր ընթերցողները, Մօր Կապրիէլ վանքի հողամասին մասին արդէն խոստում մը եկած էր Վարչապետ Էրտողանի կողմէ հրապարակուած Ժողովրդավարացման Ծրարին մէջ։ Այդ խոստումն է որ շատ շուտ կ՚իրականանայ։ Միայն թէ այս խնդրին համար երկու ամսուան պայմանաժամ մը կայ։ Երկու ամսուան ընթացքին վերադարձուելիք կալուածին թափուն պէտք է պաշտօնապէս արձանագրուի Մօր Կապրիէլի անուան։

Մօր Կապրիէլ վանքը, իրական անունով Տէյրուլումուր, 397 թուականին հիմնուած է Մօր Շամուէլի ու Մօր Շէմունի կողմէ։ Միտեաթի մէջ պատմական հնութիւններով նշանաւոր վանք մըն է։

Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնը լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով ըսած է որ ճիշդ է որ վերադարձուելիք հողամասը որպէս տարածութիւն ամենամեծն է, բայց արժէքի տեսակէտով այդպէս չէ, անկէ աւելի արժէքաւոր կալուածներ արդէն վերադարձուած են փոքրամասնութիւններու։ Տնօրէն Էրթէմ կրկնած է որ տակաւին 500 կալուածներու մասին քննութիւն կը կատարուի, իսկ 600 կալուածներ ալ մերժուած են անբաւարար տեղեկութեան պատճառաւ։

Ասորիները չափազանց գոհ պէտք է ըլլան այս որոշումէն։ Ասորիներու եկեղեցիէն Կապրիէլ Քահանայ Ագեիւզ գոհունակութիւն յայտնեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Վարչապետ Էրտողանին։

ԷՕՃԱԼԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱՑՄԱՆ ԾՐԱՐԸ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ԿԱՊ ՉՈՒՆԻ

Ապտուլլահ Էօճալանի եղբայրը Մէհմէտ Էօճալան դարձեալ Իմրալը գնաց ու տեսակցութիւն մը ունեցաւ իր եղբօրը հետ։ Վերադարձին Կէմլիքի մէջ ան պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն։ Դիտել տուաւ որ զինքը Իմրալը ղրկողները Պէ-Տէ-Փէցիներն են։ Գալով այն հարցումին թէ Ապտուլլահ Էօճալան ի՞նչ գաղափար յայտնած է Ժողովրդավարացման Ծրարի մասին, Մէհմէտ Էօճալան ըսաւ որ իր եղբայրը կը կարծէ որ այս ծրարը կապ չունի իրենց խնդրին հետ։ Յայտնի է որ Ապտուլլահ Էօճալանի մօտ ալ շփոթութիւն մը կայ։ Ան ըսած է որ այս ծրարը մեզի հետ կապ չունի, ծրարը պատրաստուած է կառավարութեան ու պետութեան կողմէ։ Էօճալան աւելցուցած է որ ան իր մտածումները պիտի հաղորդէ 15 Հոկտեմբերին։

ՎԱՆԻ ԲՆԱԿՉԻ ԱՅԳԻՆ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒ ՔՐՏԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

“Հապէրէքս” լրատու կայքէջը կը հաղորդէ թէ Վանի նահանգի Իրիշաթ գիւղի բնակիչներէն 58ամեայ Շահվէլաթ Գըլըճ կը պեղէ հայկական ու քրտական քաղաքակրթութիւններու պատկանող գտածոներ եւ անոնց մէկը մաս կը քանդակէ քարերու վրայ կամ կը հաւաքէ իր այգիի մէջ՝ զայն վերածելով ցուցահանդէս-թանգարանի։ Ան թէեւ չունի քանդակագործի մասնագիտական կրթութիւն, բայց մանկութեան տարիներէն գործ ունեցած է քարերու հետ եւ աստիճանաբար զարգացուցած է իր հմտութիւնները։

Ներկայիս Գըլըճ կը փորձէ իր ձեռք բերած գիտելիքները ծառայեցնել երկու ժողովուրդներու մշակոյթին։

Նոյն աղբիւրը կը տեղեկացնէ որ Շահվէլաթ Գըլըճ դժգոհութիւն յայտնած է թրքական պետութեան մշակութային ժառանգութիւններու հանդէպ վերաբերումէն։ Ան ցաւով նշած է որ Թուրքիոյ մէջ ոչնչացուած են հայկական ու քրտական նիւթական մշակոյթի կարեւոր արժէքներ։ Այնուամենայնիւ տակաւին առկայ է մշակութային ժառանգութեան մէկ մասը, զոր կարելի է փրկել։

Տէր չկանգնեցինք ու շատեր ոչնչացուեցան, բայց հիմա գոնէ տէր պէտք է կանգնինք՝ մնացեալ արժէքները փրկելու համար, ըսաւ Գըլըճ։

ՀՈՇԱՆԱ 82 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ ԻՐ ԶԱՒԿԻՆ ԽՈՍՏՈՎԱՆԵՑԱՒ, ՈՐ ՀԱՅ ԷՐ

Ահմէտ Ապագայ Իր Մօրը Պատմութիւնը Գիրքի Վերածեց, Բայց Քննադատուեցաւ

“Րատիքալ” հրատարակած է լրագրող Ահմէտ Ապագայի վերջին գիրքին մասին շատ հետաքրքրական ու կարեւոր թղթակցութիւն մը, որ անգամ մը եւս ցոյց կուտայ թէ Թուրք ընկերային ու ընտանեկան կեանքի շրջանակներէ ներս տակաւին ինչպիսի վերապահութիւն մը կը տիրապետէ Հայերու կամ Հայ ըլլալու իրողութեան նկատմամբ։ Հարցն այն է որ լրագրող Ապագայ “Հոշանային վերջին խօսքը” խորագրեալ իր գրքին մէջ պատմած է որ իր մայր Հոշանա 82 տարեկանին, իր մահուան անկողնին մէջ է որ խոստովանած է որ ինք Հայ մըն էր։ Անոր մահէն վերջ Ապագայ մեծ յուզումով գրի առած է այս գիրքը, բայց իր ազգականներուն ծանր քննադատութիւններուն նշաւակ դարձած է։ Իր մօրեղբօր զաւակները սպառնալիքներ ըրած են, “Դուն մեր հօրաքոյրին Հայ չես կրնար ըսել, ետ առ, այլապէս գիրքը հաւաքել կուտանք” ըսած են։ “Այս պարագան իսկ ցոյց կուտայ թէ մայրս իրաւացի է եղեր այսքան տարի իր հայ ըլլալը պահած ըլլալուն համար, ընկերութիւնը այսօր իսկ պատրաստ չէ հայութիւնը ընդունելու”, կ՚ըսէ Ահմէտ Ապագայ։

Ապագայ Անգարայի մէջ իր գիրքի համար կազմակերպուած ստորագրութեան օրը այս մասին յայտարարութիւններ ըրած է “Կէօրիւնիւմ” թերթի աշխատակիցներ Նէլլի Սոքոլովայի ու Վուրալ Էրիշմիշի։ Պատմած է որ իր մայրը կտակ ըրած էր որպէսզի իր հայ ըլլալուն մասին չգրէ մինչեւ որ ինք չմահանայ։ Ասիկա շատ յուզիչ պարագայ մըն էր եւ ինք, որքան ալ վարանումներ ունենար, որոշեց գրել։ Իր կինն ու զաւակներն ալ համամիտ եղան, բայց ընտանիքի միւս անդամները անհանգստացան։

Ապագայ ըսած է որ իրենք իրենց մօրը անունը տարիներ շարունակ մեկնաբանած են որպէս “Հոշ-Անա”, լաւ մայր։ Բայց աւելի վերջ պրպտումներ ըրած է ու իմացած է որ Հոշանա Հայերէնի մէջ կը նշանակէ սուրբ գիշեր, որու ընթացքին աղօթքները կ՚ընդունուին Աստուծոյ կողմէ (ՄԱՐՄԱՐԱ.- Այսպիսի իմաստի մը մասին գաղափար չունինք, բայց դժուար չէ ենթադրել որ Հոշանա անունը իրականութեան մէջ պէտք է եկած ըլլայ “Ովսաննա”էն)

Ապագայ, որ հաւատաւոր ընկերվարական մըն է, չէ կրցած իրեն պահել այս գաղտնիքը, որովհետեւ հաւատացած է որ ասիկա ընկերային հարցի մը լուծման կը նպաստէ։ Իր մօրը Հայ ըլլալը լսելէ վերջ անոր մտածումները չեն փոխուած Հայկական հարցի նկատմամբ, կը հաւատայ որ Թուրք ըլլալը կամ Հայ կամ Ռուս ըլլալը շատ ալ կարեւոր բաներ չեն։Կարեւորը մարդուն ժողովրդավար ըլլալն է։ Հրանդ Տինքի սպանութեան նման բազմաթիւ դէպքեր կը պատահին, մարդոց համար դիւրին չէ հրապարակել թէ իրենք Հայ են, որովհետեւ տակաւին լինչի մշակոյթ մը կը տիրապետէ։ Բայց վերջին տարիներուն այսպիսի դէպքեր երեւան գալ սկսան։ “Ես այս գրքին կարգ մը մասերը գրելու ընթացքին լացի, յուզումի պահեր ապրեցայ” ըսած է ան աւելցնելով որ գրքին հրատարակութենէն վերջ թէեւ քննադատողներ եղան, բայց եղան նաեւ գնահատողներ եւ հայ գրողներ իրեն ըսին. “Բարի եկար մեր մէջ”։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ