ՃԷՄԻԼ ՊԱՅԸՔ- ժողորդավարացման ծրարին համաձայն՝ կարծես թէ քրտական հաշտութեան գործընթաց մը չկայ

ՄԱՐՄԱՐԱՔիւրտերը կը սպառնան«Զինեալ բախումները դարձեալ կը կսին»

Վարչապետ Էրտողանի կողմէ այնքան շռնդալից կերպով հրապարակուած Ժողովրդավարացման ծրարը բազմաթիւ լուծումներ կը նախատեսէ, բայց քրտական հարցի մէջ սպասուածը չի բերեր։ Ընդհակառակը` կը կացինահարէ հաշտութեան այն գործընթացը, որ վերջերս սկսած էր Ապտուլլահ Էօճալանի հետ կատարուած բանակցութիւններու լոյսին տակ։ Այս տեսակէտն է, որ յառաջ կը քշեն ներկայիս քրտական կազմակերպութիւնները։ Իրաւ ալ Ժողովրդավարացման ծրարին մէջ հաշտութեան գործընթացին մասին խօսք չկայ։ Քրտական կազմակերպութիւնները դիտել կուտան, որ Ա-Գէ-Փէ կառավարութիւնը այս կերպով փաստեց, որ անկեղծ չէ հաշտութեան գործընթացին մէջ, ուստի գործընթացը վերջ կը գտնէ, ու զինեալ բախումները դարձեալ կը սկսին։

Քէ-Ճէ-Քէ տակաւին պաշտօնական պատասխանը չէ տուած, բայց այդ կազմակերպութեան համանախագահ Ճէմիլ Պայըք, որ կը թուի, թէ Էօճալանէն վերջ երկրորդ մարդ է ՓՔՔ-ական շրջանակներէ ներս, ՓՔՔ-ի համացանցի էջերուն մէջ հրատարակեց յօդուած մը, ուր պնդեց որ Ժողովրդավարացման ծրարը կը կասեցնէ Ապտուլլահ Էօճալանի ապահոված հաշտութեան գործընթացը։ Պայըք գրեց, որ Ա-Գէ-Փէ կառավարութիւնը, այս ծրարը հրատարակելով, այնպէս վարուեցաւ, որ իբրեւ թէ հաշտութեան գործընթաց մը գոյութիւն չունի։

«Եթէ Ա-Գէ-Փէ այսպէս վարուի, հաշտութեան գործընթաց կը մնա՞յ, ան որ քիչ մը քաղաքականութենէ կը հասկնայ, պիտի ըսէ արդէն, որ այս գործընթացը այլեւս չի քալեր։ Կառավարութիւնը շարունակ պատուիրակներ կը ղրկէ Իմրալը։ Այսպէս է, որ մէկ տարիէ ի վեր դադրած են զինեալ բախումները։ Բայց Քէ-Ճէ-Քէ բախումները կեցուցած, ՓՔՔ-ի զինեալ ուժերը Թուրքիայէ դուրս հանել սկսած է այն մտածումով, թէ կառավարութիւնը վերջապէս պիտի սկսի բանակցութիւններ վարել Էօճալանին հետ։ Արդէն քրտական հարցը լուծում չի գտներ, մինչեւ որ կառավարութիւնը իբր խօսակից չընդունի քրտական շարժումի ներկայացուցիչները։ Անոնք, որ քիւրտերու քաղաքական կամքը չեն ճանչնար, չեն կրնար լուծել այս հարցը»,- ըսած է Պայըք։

Պայըք իր յօդուածը աւարտին բերած է մաղթելով, որ կառավարութիւնը ժամ առաջ սկսի բանակցիլ Էօճալանին հետ։ Այլապէս բախումները կը վերսկսին։

Պայըքի յօդուածը սպառնալիքի բնոյթ ունի։

Նմանօրինակ սպառնալիքի ելոյթներ կուգան ուրիշներէ ալ։ Պէ-Տէ-Փէի Տիյարպաքըրի երեսփոխան Նուրսէլ Այտողան եւս Ուրֆայի մէջ կազմակերպուած քրտական տօնակատարութեան մը ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ու նմանապէս քննադատեց Ժողովրդավարացման ծրարը։

«Քրտական պահանջատիրութիւնը հոս սկսաւ ու հոս պիտի շարունակուի, առաջին քիւրտերը հոս է, որ նահատակուեցան, քիւրտերը ի վերջոյ պիտի յաղթանակեն, Ուրֆայի ժողովուրդը անօթի է ու անգործ է, ասիկա կառավարութեան քաղաքականութեան արդիւնքն է։ Եթէ այս ծրարը քրտական հարցով չի զբաղիր, անիկա Ժողովրդավարացման ծրար չէ, եթէ ան մայրենի լեզուով ուսուցում չի բերեր, եթէ այս ծրարին մէջ քիւրտերու ինքնութիւնը ճանչնալու հարց չկայ, անիկա Ժողովրդավարացման ծրար չէ»,- ըսաւ Այտողան։ Այտողանն ալ սպառնալիք ըրաւ ու ըսաւ, որ բախումները դարձեալ կը սկսին, եթէ կառավարութիւնը, յանուն իր ընտրական հաշիւներուն, ի դերեւ հանէ Էօճալանի կողմէ այնքան դժուարութեամբ ստեղծուած հաշտութեան գործընթացը։

Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Իպրահիմ Պինիճի, որ յիշեցուց, որ Մէ-Հէ-Փէի նախագահ Տէվլէթ Պահչէլի Գազլըշէչմէի հանրահաւաքի ընթացքին ժողովուրդը հրաւիրած էր գոչելու «Գոյութիւնս թող մատաղ ըլլայ թրքութեան գոյութեան»։ «Ես ալ հիմա պիտի ըսեմ. գոյութիւնս թող մատաղ ըլլայ քրտական գոյութեան»,- ըսաւ Պինիճի։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ