«Իսթանպուլը դարձեալ Կոստանդնուպոլի՞ս պիտի դարձնես»
Ժողովրդավարացման ծրարով Թուրքիոյ օրակարգին վրայ դրուած նոր հարցերը քաղաքական շատ խիստ նոր մթնոլորտ ստեղծած են երկրին մէջ։ Ծրարով նախատեսուած բազմաթիւ նորութիւններէն երկուքը մասնաւորաբար մեծ փոթորիկ յարուցանած են ազգայնապաշտ շրջանակներէ, մասնաւորաբար Մէ-Հէ-Փէ կուսակցութեան դաշտէն ներս։ Այս երկու հարցերն են՝ դպրոցներու մէջ «Թուրք եմ, ուղղամիտ եմ, աշխատասէր եմ» բառերով սկսող երդումի ջնջումը, երկրորդն ալ կարգ մը գիւղերու ու գաւառակներու նախկին անուններուն վերադարձուիլը։ Այս երկու խնդիրները այժմ լայնօրէն կը ծեծուին ազգայնապաշտներու կողմէ, մինչ վարչապետ Էրտողան դիպուկ արտայայտութիւններով կը ջանայ արդարացնել իրենց տեսակէտները։
Այսպէս է, որ վարչապետ Էրտողան նախընթաց օր Ատանայի մէջ ժողովուրդին խօսելու ընթացքին միջոց մը անդրադարձաւ այդ երդումին ալ ու դիտել տուաւ, որ երդում ընելով, ճառեր արտասանելով ազգասիրութեան փաստ չի տրուիր։ Ան, ակնարկելով դպրոցներու մէջ կարդացուած երդումին, ըսաւ որ իր ընդդիմադիրները տասնամեակներ շարունակ «թուրք եմ, ուղղամիտ եմ» ըսին ու ապօրինութիւններ, անկարգութիւններ գործեցին, «աշխատասէր եմ» ըսին ու պառկեցան, քնացան, բան մըն ալ չըրին։ «Մենք կարգախօսներ արձակելով ազգայնապաշտութիւն խաղացողներէն չենք»,- ըսաւ վարչապետ Էրտողան։ Վարչապետը դարձեալ պաշտպանեց այն տեսակէտը թէ Ժողովրդավարացման ծրարը շատ բան պիտի շահեցնէ երկրին, իսկ անոնք, որ դէմ պիտի գան այս ծրարին, անպայման պիտի կորսնցնեն։
Կոտտանդնուպոլիս
Բնականաբար վարչապետ Էրտողանին հետ բնաւ համակարծիք չէ Մէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլի, որ նախընթաց օր Իսթանպուլի Գազլըչէշմէ թաղամասին մէջ սարքուած հանրահաւաքի ընթացքին իր կարգին ուժգին հնչեցուց թունդ ազգայնապաշտութեան լարեր։ Տէվլէթ Պահչէլի շատ խիստ լեզու գործածեց Էրտողանին դէմ եւ կերպով մը զայն ամբաստանեց «Թրքութեան» անունն ու գաղափարախօսութիւնը ոտնակոխ ընելու յանցանքով։ Այդ խիստ լեզուն դարձաւ նաեւ սպառնալիք։ «Խոյս տալ երթալու, օտարականներու քով ապաստան գտնելու համար՝ դեռ ժամանակ ունիս, ձգէ գնա’, օձիքդ ազատէ’, այլապէս այս քաղաքը գրաւող Ֆաթիհին ոգին պիտի կենդանանայ, ու ժողովուրդը լաւ դաս մը պիտի տայ ձեզի»,- ըսաւ Պահչէլի։
Պահչէլի, հոն հաւաքուած մեծ բազմութեան խօսք ուղղելով, հարցուց.
– Ո՞ւր է ազգային կամքը, որ կեցիր պիտի ըսէ բոլոր այն անոպաներուն, որոնք թուրքին պատանք հագցնել, թուրքերը նսեմացնել կը ջանան։
Ժողովուրդը պատասխանեց.
– Հո’ս է։
– Այո’, գիտեմ որ հոս է,- ըսաւ Պահչէլի, որ միջոց մը անդրադարձաւ նաեւ քաղաքները իրենց նախկին անուններուն վերադարձնելու հարցին ու ըսաւ.
– Յարգելի’ վարչապետ, Իսթանպուլն ալ Կոստանդնուպոլիսի պիտի վերածե՞ս։
Պահչէլի աւելի վերջ հաւաքուած ժողովուրդը հրաւիրեց իրեն հետ կարդալու դպրոցներու երդումը ու միասնաաբր գոչելու. «Գոյութիւնս թող մատաղ ըլլայ թրքութեան գոյութեան»։
Բանավէճը ծանր է եւ, բնականաբար, բաց է քաղաքական շահարկման։ Անակնկալ չէ, որ երկրի ազգայնապաշտ շրջանակները այժմ կը փարին «թրքութեան» գաղափարին ու կը պաշտպանեն զայն` չհասկնալ ձեւացնելով, թէ Ա-Գէ-Փէ կառավարութիւնը ինչպիսի պատճառաբանութիւններով է, որ երդումի ստիպողութիւնը կը ջնջէ` մասնաւորաբար փոքրամասնութիւններու դպրոցներէն ներս։ Փոքրամասնութիւններու դպրոցի աշակերտ մը, որ թուրք չէ, որ պարզապէս թրքահպատակ հայրենակից է, ինչո՞ւ ստիպուի ըսել, որ «Ես թուրք եմ»։ Ես թուրք չեմ ըսելն ալ նախատե՞լ կը նշանակէ թրքութիւնը։
Leave a Reply