ՔԷ-ՃԷ-ՔԷ հակազդեց Ժողովրդավարացման ծրարին

ՄԱՐՄԱՐԱ«Այտ ծրարը կը կացինահարէ հաշտութեան գործընթացը»

Քիւրտ անջատողական մարմինները, ինչպէս յայտնի էր արդէն, բնաւ գոհ չեն մնացած վարչապետ Էրտողանի կողմէ հրապարակուած Ժողովրդավարացման ծրարէն։ Երէկ մենք ալ դիտել տուած էինք, որ Ծրարը լռութիւն պահած էր հաշտութեան այն գործընթացին մասին, որ սկսած էր ՓՔՔ-ի զինեալ ուժերուն Թուրքիայէ դուրս ելլելով։ Պէ-Տէ-Փէի ղեկավարներն ալ երէկ անմիջապէս ընդգծած էին այս կէտը եւ բողոքած էին Ծրարին դէմ։

Քէ-Ճէ-Քէ, որ ՓՔՔ-ի մօտիկ կազմակերպութիւն է, իր կարգին շատ ուժեղ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Ծրարին նկատմամբ եւ յայտարարեց, թէ այս Ծրարը կը կացինահարէ հաշտութեան գործընթացը։ Կազմակերպութեան գործադիր մարմնին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ըսուեցաւ. «Ժողովրդավարացման ծրարը ժողովրդավարացման քայլեր առնելէ շատ հեռու է։ Արդէն այդ ծրարը չէր կրնար բերել սպասուած այդ քայլերը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Քէ-Ճէ-Քէ դիտել տուաւ, որ այս Ծրարը նկատի ունեցած է ոչ թէ քրտական հարցի լուծումը, այլ այդ հարցը լուծել չուզելու կամք մը։ Ծրարին ամբողջ նպատակը Ա-Գէ-Փէի ընտրական մտահոգութիւնները կը ցոլացնեն։ Ընտրութեան ընթացքին դարձեալ շահելու մտահոգութիւնն է, որ կը տիրապետէ Ծրարին։ Այդ Ծրարը ցոյց կուտայ, որ այս կառավաորւթիւնը քրտական հարցը լուծելու որեւէ փափաք չունի։

Կազմակերպութիւնը, որ Ապտուլլահ Էօճալանը ծանօթացուցած է որպէս քիւրտ ժողովուրդին առաջնորդը, պնդեց որ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ հասկնալու այն զոհողութիւնը, զորս ստանձնած են Ապտուլլահ Էօճալան  եւ Քրտական ազատութեան շարժումը։ Ծրարը ցոյց տուաւ, որ կառավարութեան նպատակն է շարունակել ձգձգողական քաղաքականութիւնը, եւ ասիկա ոչ միայն չ՚օժանդակեր լուծման, այլ ուղղակի կը կացինահարէ լուծումը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ