Ատրպէյճանի մէջ այս օրերուն մեծ իրարանցում ստեղծուած է ապահովագրական նիւթի մը առընչութեամբ. ատրպէյճանական թերթեր լայնածաւալ հրապարակումներ կը կատարեն Ռուսաստանցի յայտնի միլիառատէր, հայազգի Սէրկէյ Սարգիսովի մասին, որ փորձած է ներթափանցել ատրպէյճանական շուկայ եւ որ ապահովագրած է Պաքուի հնգաստղանի Հիլթըն պանդոկը։
Վերջերս ատրպէյճանական լրատուամիջոց մը զայրոյթով գրած է, որ ծագումով հայ ռուս միլիառատէր գործարար մը ապահովագրական պիզնըս հաստատած է Ատրպէյճանի մէջ։ Ատկէ վերջ Ատրպէյճանի Ելմտական նախարարութիւնը շտապեց հերքել այդ փաստը եւ «կանխակալ» որակեց կայքէջի հետաքննութիւնը։
Հայ միլիառատիրոջ «ՌԷՍՕ-Կարանթիա» ընկերութեան պաշտօնական կայքէջը 5 մայիս 2012-ին յայտնած էր, որ ՌԷՍՕ խումբի «Եիւնիթի Ռէ» ապահովագրական ընկերութիւնը 2012-ին ստանձնած է աշխարհի մէջ մեծագոյն Հիլթըն պանդոկային ցանցի քանի մը պանդոկներու ապահովագրութիւնը։
Կը նշուի, որ աշխարհի մէջ հանրայայտ «Հիլթըն» պանդոկային ցանցն ու առողջապահական կեդրոնները (հիմնուած 1919-ին), ներկայիս 540 պանդոկներ ունին աշխարհի 78 երկիրներու մէջ։ Հինգ պանդոկներ, այդ կարգին` Պաքուի Հիլթըն, Հիլթըն Պէյրութ Հէպթըր (Լիբանան), Հիլթըն Ապու Տապի, Հիլթըն Ռաս Ալ Քաիմահ եւ Տապըլ Թրի պայ Հիլթըն Րաք (երեքն ալ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու մէջ), 2012-ի մայիսին ապահովագրուած են «Եիւնիթի Ռէ» ընկերութեան կողմէ։ Այս կեդրոններու ապահովագրական ընդհանուր գումարը կը գերազանցէ 600 միլիոն տոլարը։
Այդ առընչութեամբ Հաքքըն.ազ լրատուական կայքէջը կը գրէ. «Յայտնի դարձած է որ «Եիւնիթի Ռէ» ընկերութեան ղեկավարը Պաքու ժամանած էր 7-8 յուլիս 2011-ին` Ատրպէյճանի մէջ կայացած Միջազգային ապահովագրական Բ համաժողովին մասնակցելու համար։ Համաժողովի կազմակերպիչներն էին Ատրպէյճանի Ելմտական նախարարութիւնը եւ Ապահովագրողներու միութիւնը։ Միթէ Ելմտական նախարարութիւնը չկրցա՞ւ ստուգել տեղեկութիւնը այն մասին, որ «Եիւնիթի Ռէ» ընկերութիւնը մաս կը կազմէ հայ միլիառատիրոջ հոլտինկին»։
Leave a Reply