Երէկ (սեպտեմբեր 30) բովանդակ Թուրքիան լարուած ուշադրութեամբ հետեւեցաւ Ժողովրդավարացման ծրարի հրապարակումին, որ կատարուեցաւ վարչապետ Էրտողանի բերանով։ Վարչապետը ընդհանրապէս երկուքի բաժնած էր նախատեսուած յեղաշրջումները։ Առաջինները կը պահանջէին նոր օրէնսդրութիւն, իսկ երկրորդները կրնային գործադրուիլ կառավարական կանոնագրութիւններով։
Օրերէ ի վեր կը խօսուէր այս ծրարին մասին եւ կառավարութիւնը արդէն իսկ կը յայտնէր, թէ կարեւոր նորութիւններ պիտի գային։ Ասիկա սխալ ռազմավարութիւն մըն էր, որովհետեւ ժողովուրդը կը դրուէր յուսալից սպասման մը մէջ եւ ինչպէս կը պատահի յուսալից սպասումներու պարագային՝ ժողովուրդը իր սպասածը չի գտներ կամ մասամբ յուսախաբ կ՛ըլլայ։ Արդարեւ, երէկ Թուրքիոյ մէջ շատ լայն զանգուածներ յուսախաբ եղան ո՛չ թէ անոր համար, որ ծրարը դրական նորութիւններ չէր բերած, այլ անոր համար, որ ծրարը այդ զանգուածներուն ուզա՛ծը չէր բերած։ Իրականութեան մէջ ծրարը ունէր ծափահարելի նորութիւններ, բայց ատոր փոխարէն՝ ծրարը ունէր լռութիւններ ալ այնպիսի հարցերու մասին, որոնք այսօր նկատելի ներկայութիւն ունին Թուրքիոյ օրակարգին վրայ։
Որո՞նք էին այդ լռութիւնները։ Ամէնէն առաջ, քրտական հարցի ամէնէն հիմնական զարգացումին մասին խօսք չկար։ Հաշտութեան նոր գործընթացին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս քաշուելու գործընթացին առնչութեամբ քիւրտերու ակնկալածներուն մասին բնաւ խօսք կամ խոստում չկար։ Ալաուիներու կրօնական խնդիրներուն մասին խօսք չկար։ Ետ դարձուելիք փոքրամասնական կալուածներուն մասին քանի մը նախադասութիւններ կային, բայց անոնք նոր խոստում մը չէին բերեր։ Յունաց Հէյպէլիի դպրեվանքին մասին խօսք չկար, հակառակ, որ կը պնդուէր, թէ այդ հարցն ալ իր տեղը պիտի ունենար ծրարին մէջ։
Եթէ ասոնք չկային, ատոր փոխարէն դրական ինչե՞ր կային ծրարին մէջ։ Շատ բան՝ անշո՛ւշտ։ Օրինակ, իշխանութիւնները կը յօժարէին բարեփոխել ընտրական օրէնքը եւ ատոր համար զանազան տարբերակներ կ՛առաջարկուէին՝ նուազագոյն քուէներու արգելքը բարեփոխել, կուսակցութիւններուն կառավարական օգնութիւն կատարել, եւ այլն։ Այս բոլորին մէջ շատ կարեւոր մատնանշում մըն ալ այն էր, որ այսուհետեւ կարելի պիտի ըլլար տարբեր լեզուներով ու բարբառներով քաղաքական քարոզութիւն ու ընտրապայքար սարքել։ Ասիկա հարց մըն էր, որ ուղղակի կը կապուէր քիւրտերուն: Կար երկրորդ հարց մըն ալ, որ միայն քրտերէնը կը շահագրգռէր։ Այլեւս ոչ մէկ արգելք պիտի դրուէր այն երեք տառերու գործածութեան մէջ, որոնք տեղ չունէին թրքական Այբուբենին մէջ։ Քիչ մը աւելի առաձգականութիւն կը բերուէր քաղաքական ցոյցերու ու հանրահաւաքներու ժամերու կամ գործադրութեան դրութեան։ Մասնաւոր դպրոցներն ալ պիտի կարենային մայրենի լեզուով ուսուցում կատարել։ Այս կէտն ալ քիւրտերու կամ ասորիներու կողմէ ակնկալուած հարց մըն էր, բայց յայտնի չէ, թէ նոր տնօրինումը որքանո՞վ կը համապատասխանէ ակնկալուածին։
Ծրարին մէջ անորոշ ընդգծում մը կար կրօնական արարողութիւն կատարելու ազատութեան մասին։ Յայտնի չէր, թէ ասոր ալ տարողութիւնը որքա՛ն էր։ Հայերը պիտի կարենայի՞ն, օրինակի համար, հին ու լքեալ եկեղեցիներու մէջ կրօնական արարողութիւն մը կատարել։ Դեռ երկու օր առաջ 450 յոյն ուխտագնացներու չէր արտօնուած վերանորոգութեան ենթարկուած եկեղեցիի մը մէջ արարողութիւն կատարել։ Ասկէ ետք այդ արգելքները պիտի վերանա՞ն։
Ասկէ անդին, շատ հիմնական կէտերէն մէկն էր այն, որ կիներու լաչակը այլեւս պիտի ընդունուէր հանրային ու պաշտօնական վայրերէ ներս եւս։ Միայն զինուորականները, դատաւորները, դատախազները եւ ոստիկանները պիտի չկարենային համազգեստէ դուրս լաչակ կապել։
Ասորիները կրնային ուրախանալ, որովհետեւ ծրարը մասնաւոր կերպով կը շեշտէր, թէ Մօր Կապրիլ վանքի տարածութիւնները պիտի վերադարձուէին վանքին։
Փոքրամասնութիւնները սկզբունքով կրնային գոհ մնալ այն նոր կարգադրութենէն, ըստ որուն՝ փոքրամասնական դպրոցներու աշակերտներու պարագային, կը վերցուէր «Թուրք եմ, պարկեշտ եմ» բառերով սկսող երդումի ստիպողութիւնը։
Փոքրամասնական կալուածներու վերադարձուելու խնդիրին մէջ վարչապետը յիշեցուց, թէ աւելի քան 250 կալուածներ վերադարձուեցան ու անոնց փոխարժէքն է 2.5 միլիառ լիրա։ «Գործընթացը կը շարունակուի: Պիտի ջանանք այս հարցը կարգադրել առանց ոեւէ մէկուն վնաս պատճառելու», ըսաւ վարչապետը: Այս արտայայտութիւնը քիչ մը մութ էր ու մեծ խոստում մը չէր բերեր։
Մեզ՝ հայերուս համար, արդեօք կարեւոր հարց մը կրնա՞ր դառնալ Թուրքիոյ բազմաթիւ գիւղերու, գաւառակներու ու քաղաքներու հին անունները վերականգնելու այն խոստումը, որ նոյնպէս կու գար ծրարէն։ Այս խոստումն ալ, թէեւ քիչ մը շփոթ ու պայմանական, բայց հետաքրքրական է։ Յայտնապէս, քիւրտերը առաջին կարգի վրայ շատ անուններ օրակարգի պիտի բերեն։ Այդ միջոցին պիտի գտնուի՞ն արդեօք շրջանակներ, որոնք նոյնը պիտի պահանջեն հին հայերէն տեղանուններուն համար։
Արհամարհելի չէ թիւը անոնց, որոնք ընդհանրապէս գոհունակութիւն կը յայտնէին ծրարի դրական յատկանիշներուն մասին։ Բայց քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը արդէն բարձրացուց դժգոհութեան առաջին դրօշակը։ Կուսակցութեան համանախագահ Կիւլթան Քըշանաք ծրարը քննադատեց ու ըսաւ, որ այս ծրարը մերժած էր քիւրտին՝ քիւրտ, ալաուիին՝ ալաուի ըսելը։ Քրտական շրջանակները կը պահանջէին նաեւ, որ Քրտական բանուորական կուսակցութեան ու Ապտուլլահ Օճալանի առջեւ բացուէր քաղաքական գործունէութեան կարելիութիւնը։ Քիւրտ ցուցարարներ երէկ բողոքեցին ծրարին դէմ եւ ըսին, որ չեն ճանչնար ու բնաւ ալ պիտի չճանչնան այս ծրարը։
Թուրքիոյ մէջ պայմանները շատ հասունցած են, Թուրքիոյ մէջ շատ բան բարեփոխուած է, Թուրքիա իսկապէս խիզախ քայլեր առած է ժողովրդավարացման գործընթացէն ներս, բայց միւս կողմէ՝ պէտք չէ մոռնալ, որ ինչ-ինչ թապուներ դեռ կը շարունակեն գոցել յառաջընթացի ուղիները։
(Յապաւումով, «Մարմարա»էն)
http://asbarez.com/arm/173796/
Leave a Reply