Պէ-Տէ-Փէի Համանախագահ Սէլահատտին Տէմիրթաշ կը շարունակէ պնդել Քիւրտիստան անուան վրայ` պահանջելով, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ճանչնայ Քիրտիստանի գոյութիւնը։ Ան դարձեալ խօսեցաւ այս մասին ու ըսաւ, որ հիմա Քիւրտիստանի կեդրոնէն հարցում կ՚ուղղէ վարչապետ Էրտողանին ու կը հարցնէ թէ Քիւրտիստանը պիտի կարենա՞յ Քիւրտիստան ըլլալ, թէ ոչ։
Տէմիրթաշ անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.
Ոչ մէկը կրնայ մեր ժողովուրդը ստորացնել անոր կրօնքին կամ մշակոյթին պատճառաւ։ Ա-Գէ-Փէ կառավարութիւնը, որ 12 տարիէ ի վեր կը կառավարէ երկիրը, կը պնդէ, որ վերջ տուած է ժխտումին ու ձուլման։ Ասոնք այնպէս մը կը խօսին, որ կարծես թէ իրենք շնորհեցին մեզի այս իրաւունքները։ Մինչդեռ մենք այս իրաւունքները մեզի հետ կը բերենք, երբ աշխարհ կուգանք մեր մայրերուն արգանդէն։ Այս հողերը իրենց սեփական հողերը կը նկատեն։ Կ՚ըսեն, որ Քիւրտերը հեռանան այս հողերէն։ Մինչդեռ այս հողերը անոնց ժառանգ մնացած չեն իրենց հայրերէն։ Մենք իննսուն տարիէ ի վեր ճնշումէ, սաստկութենէ ու ծեծէ ուրիշ բան չտեսանք։ Այնպիսի վիճակ մը ստեղծեր են, որ եթէ պետութիւն ըսեն, գլուխ պիտի հակենք պետութեան առջեւ։ Ներողամիտ գտնուին, մենք այս կացութիւնը փոխեցինք։ Հիմա յայտնի դարձուցած ենք, որ պետութիւնը սրբութիւն չէ։ Քիւրտ ժողովուրդը զուլումի պետութեան դէմ դիմադրութեան իրաւունք գործածած է։ Պետութիւն մը չի կրնար զուլում գործադրել իր ժողովուրդին, եթէ գործադրէ, անիկա պետութիւն չէ։ Իբրեւ թէ ժխտումին վերջ տուած են, բայց երբ Քիւրտիստան կ՚ըսենք, իրենց մազերը փուշ կը կտրին։ Կ՚ըսեն, որ տեղերու հին անունները պիտի վերադարձնեն, Թունճէլին դարձեալ Տէրսիմ պիտի կոչուի, բայց Քիւրտիստանն ալ Քիւրտիստան պիտի ըլլա՞յ։ Վարչապետը ըսած էր, որ Օսմանեան շրջանին Քիւրտիստանի պետութիւն մը կար։ Հիմա Քիւրտիստանի կեդրոնէն ձայն կուտամ ահաւասիկ ու կը հարցնեմ վարչապետ Էրտողանին։ «Քիւրտիստանը Քիւրտիստան պիտի ըլլա՞յ»։ Պէ-Տէ-Փէի միւս համանախագահն ալ, Կիւլթան Քըշանաք, իր կարգին անդրադարձաւ ժողովրդավարացման ծրարին, զոր այսօր պիտի հրապարակէր վարչապետ Էրտողան։ Քըշանաք ըսաւ, որ իրականութեան մէջ ինք բնաւ լաւատես չէ այդ ծրարին նկատմամբ։ «Այս ծրարը արդէն դդումի համ տուաւ»,- ըսաւ ան։ Քըշանաք գործածեց դդումին քրտերէն բառը, ըսաւ, որ ինք կը կարծէ, թէ այդ ծրարին մէջէն անհամ դդում պիտի ելլէ։
Leave a Reply