Վարչապետ Էրտողանին համաձայն` Ժողովրդավարացման ծրարը Թուրքիան պիտի փրկէ կարգ մը ծանրութիւններէ ու շղթաներէ

ՄԱՐՄԱՐԱՎարչապետ Էրտողան երէկ կրկին հաղորդեց, թէ այսօր ժամը 11.00ին պիտի հրապարակէ Ժողովրդավարացման ծրարը, որ, ինչպէս կը խօսուի օրերէ ի վեր, կը խոստանայ ժողորդավարական նոր իրաւունքներ ու յեղաշրջումներ իրականացնել երկրին մէջ։ Ամէն հատուած զինքը շահագրգռող բան մը կը սպասէ այս նոր ծրարէն, բայց թէ ծրարը ի՞նչ պիտի բերէ, ժամեր վերջ յայտնի պիտի դառնայ։ Վարչապետը այս մասին երէկ կրկին խօսեցաւ Տէնիզլիի մէջ ու ըսաւ որ ամէն մարդ պիտի տեսնէ որ կառավարութիւնը այժմ կ՚իրականացնէ նոր յեղաշրջումներ որոնք կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ոչ միայն երկրին, այլ նաեւ բովանդակ տարածքաշրջանին համար։ Ասիկա ոչ առաջինն է, ոչ ալ վերջինը, յեղաշրջումները ասկէ վերջ ալ պիտի շարունակուին, ըսաւ վարչապետը։

“Թուրքիա պիտի ունենայ նոր իրաւունքներ ու ազատութիւններ, որոնք վայել են անոր, Թուրքիան պիտի փրկենք կարգ մը շղթաներէ ու ծանրութիւններէ։ Ասիկա պիտի շարունակուի, քանի պայմանները պիտի հասուննան ու ձեռնտու պիտի դառնան, եւ ամէն մարդ պիտի տեսնէ, որ այս նոր իրաւունքները ոյժ պիտի շահեցնեն Թուրքիոյ, Թուրքիա նոր թափով մը պիտի մտնէ ազատութիւններու ու տնտեսական զարգացումներու հանգրուանէ մը ներս»,- ըսաւ վարչապետը։

Վարչապետը շատ ինքնավստահ կերպով կը խօսի, բայց ընդդիմադիրները ու մասնաւորաբար քրտական շրջանակները այնքան ալ լաւատես չեն։ Այս շրջանակները գրեթէ վստահ են, որ նոր ծրարը իրենց ակնկալութիւններուն գոհացում պիտի չպատճառէ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ