Աղթամարի Ս. Խաչ ակեղեցւոյ մօտ վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին

Աղթամարի Ս. ԽաչԹրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մօտ վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին:
Վանքի եւ մատուռի նման կառոյցներ, որոնք հնագիտական հետազօտութեանց ընթացքին յայտնաբերուած էին եւ քարերով լեցուն պարկերով պաշտպանուած, վեց ամիսէն պիտի վերանորոգուին՝ օգտագործելով Իտալիայէն բերուած քարեր: Աղթամար կղզիին վրայ նաեւ 24 ժամ գործող անվտանգութեան տեսախցիկներ պիտի զետեղուին:
50 անձերէ բաղկացած թեքնիք խմբակ մը պիտի զբաղի վերանորոգման աշխատանքով, իսկ շինարարական նիւթերը նաւով պիտի փոխադրուին կղզի:
«Տողան» կը նշէ, որ եկեղեցւոյ առաջին վերանորոգումը սկսած էր մայիս 2005ին եւ աւարտած յուլիս 2006ին: Ս. Խաչ եկեղեցին 29 մարտ 2007ին վերաբացուած էր իբրեւ յուշակոթող-թանգարան: Վերանորոգման համար ծախսուած էր 4 միլիոն թրքական լիրա:
Հայերուն արտօնութիւն տրուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ արարողութիւն կատարելու:

http://asbarez.com/arm/166225/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ