Որքան ալ տարածուած ըլլայ այն կարծիքը, թէ` «Գիրք կարդացող չկայ կամ` շատ քիչ ընթերցողներ կան», գրողներ չեն յուսալքուիր, ոչ ալ` հրատարակչատուները: Գիրքեր կը տպուին ամէն տեսակի, մանկական հրատարակութիւններէն գեղարուեստական գրականութիւն, պատմական, գիտական, ժամանցի մինչեւ խոհանոցի ճաշերու յատուկ:
Գրիգոր Գրաճեան (ասպարէզով դեղագործ) իր կարգին անտեսած է վերը նշուած կարծիքը եւ լոյս ընծայած է պատմուածքներու հատոր մը` 198 էջերով: 25 պատմուածքներ, իւրաքանչիւրը դէպի անցեալ ճամբորդութիւն մը` յուշագրական տրամադրութեամբ ստեղծուած:
Գրիգոր Գրաճեանի ականջներուն մէջ միշտ հնչած են իր Հեղինէ մեծ մօր հեքիաթները, որոնք արձագանգներն են Կիլիկիոյ Հաճըն քաղաքէն բռնագաղթած հեղինակին պապերուն: Հեղինէ մեծ մօր պատմածները եղած են ուղեցոյց` վերադառնալու օսմանեան պետութեան բռնագրաւած մեր երկիրը` Աղթամար, Տիգրանակերտ, «Սուրբ Կիրակոս» պատմական եկեղեցին, ուխտագնացութիւն, մայր հողին հետ հաղորդակցելու կարօտ եւ այլ զգացումները, որոնցմով սնած է սփիւռքահայ իւրաքանչիւր վերապրողի զաւակը կամ թոռը:
Գրիգոր Գրաճեան թարմացուցած է իր մանկութեան յիշատակները, ոչ միայն մեծ մօրը պատմածներով, այլեւ` լիբանանեան իր կեանքէն քաղուած դէպքերով, մանուկ հասակէն մինչեւ հասուն տարիքի ապրումներով հիւսուած կենդանի աշխարհ մը, միշտ` ողջ ու առողջ շրջապատով:
Գիրքը ձօնուած է ԼԻԼԱՅին: Կողքի նկար «Հրաժեշտ» 2000 Լիլա Գրաճեանին: Վերյուշ մը եւս մօտիկ անցեալէն փոխանցուած, որ կը յիշեցնէ յիշատակներու անթառամ առկայութիւնը սիրտերու եւ հոգիներու մէջ:
Գ. Գրաճեանի լեզուն մաքուր արեւմտահայերէնն է, ոճը` պարզ, ընթերցանութիւնը` հաճելի: Նախաբանը գրած է Շ. Մկրտիչեան, որ կ՛արդարացնէ հեղինակին անցեալին հետ կապուած զգայնութիւնը, մեր արմատներուն կառչած մնալու անդրդուելի կամքը: Այս տրամադրութիւնը կը վկայէ հատորին առաջին էջերուն արձանագրուած հայկական առած մը.
«Ծառը արմատով է ծառ, մարդն անցեալով է մարդ»:
Այս առածն իսկ ապացոյց մըն է գրողին համոզումներուն, հաւատքին, մեր անցեալին, կորսուած հայրենիք մը, անհետացած ծննդավայր մը ըլլայ, թէ մեզմէ անժամանակ բաժնուած հոգեհարազատ անձ:
Հաճոյքով կարդացինք Գրիգոր Գրաճեանին պատմուածքները, ուր «կը շնչեն ոչ միայն կորսուած «Հաճընը սիրուն», այլեւ` մեր սիրելի Պուրճ Համուտը, Էշրեֆիէի մէջ էր երբեմնի հայ ընտանիքներուն պատսպարանը եղած «Բաղնիքին բակը», ուր ապրած են մեզի ծանօթ ընտանիքներ: Այժմ այս «բակը» գոյութիւն չունի, բայց անոր տեղը գրաւած է «Ազատամարտ» ակումբին կցուած փոքր կառատուն մը: Կարդալով այս պատմուածքը` իրաւունք տուի ինքզինքիս մտածելու, թէ քիչեր անդրադարձած են գրականութեամբ, Էշրեֆիէի մէջ տուն տեղ հաստատած մեր հայրենակիցներու կեանքին: Առիթը տեղին է յիշելու հանգուցեալներ Սուրէն Անթոյեանը, Հայկազուն Եափուճեանը, որոնք գրողներ չըլլալով` իրենց ծերունազարդ վիճակին մէջ լոյս ընծայեցին յուշագրական հատորներ, ուր ապրող վերյուշ մը կայ հայկական կեանք կերտած Էշրեֆիէի գաղութահայ կեանքէն:
Յիշեցինք յիշատակելին, հարկ է կարդալ գրուածը` քչիկ մը հեռու մնալով «ֆէյս պուք»-երու ժամավաճառութենէն, անդրադառնալու համար անկորնչելի ուժին:
Գրախօսական չնկատուի մեր անդրադարձը, այլ պարզապէս յիշեցում մը` մեր կարգին մատչելու լաւին, կարեւորին, անժամանցելիին, որոնցմով պիտի կարենանք միայն ապրիլ ու գոյատեւել իբրեւ հայ մարդ:
«Լաւ գիրքերը լաւ բարեկամներ են» ըսած է իմաստունը: Եթէ կ՛ուզէք լաւ բարեկամներ ունենալ եւ չմոլորիլ ունայնութեան ափերուն, գիրք կարդացէք, որպէսզի ուրախանայ նաեւ Մեսրոպ Մաշտոց եւ չզղջայ մեզի ոսկեղնիկ լեզու մը շնորհած ըլլալուն համար:
Գիրքը տպուած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին մէջ: Կարելի է ունենալ նաեւ դիմելով հեղինակին հասցէին. L.Kradjian@gmail.com
http://www.aztagdaily.com/archives/128781
Leave a Reply